«Calfa» եւ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանը պիտի աջակցին Հայաստանի Ազգային գրադարանի թուայնացման

Հայաստանի Ազգային գրադարանի (Հ.Ա.Գ.) տնօրէն Աննա Չուլեան օրերս աշխատանքային հանդիպում մը ունեցած է «Calfa» արհեստագիտական կեդրոնի տնօրէն՝ Շահան Վիտալ-Կորէնի եւ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի (BnF — Bibliothèque nationale de France) DataLab-ի համակարգող՝ Մարի Գարլէնի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է, թէ ինչպէս Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի DataLab-ի փորձառութիւնն ու գործիքակազմը կրնան կիրարկուիլ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, ի մասնաւորի՝ հաշուի առնելով Հ.Ա.Գ.-ի թուային պաշարներուն ծաւալն ու նիւթերուն բացառիկ հանգամանքը:

Գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ օգտագործել այս համագործակցութիւնը՝ թուային մարդասիրական գիտութիւններու հետազօտողներուն աջակցելու համար: Նախաձեռնութեան քննարկումները կը կատարուին «Ֆրանսա-­Հայաստան. պատմական եւ մշակութային երկխօսութիւն» խորագրով միջազգային գիտաժողովի շրջանակին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Ա.Գ.-ի, Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի եւ «Calfa» արհեստագիտական կեդրոնին միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագրերուն համաձայն: