Պապը իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ, իր առաջին արտասահմանի այցելութիւնը դէպի Թուրքիա եղած է. Թուրքիոյ Քրիստոնէութեան արմատներուն հետ կապերուն եւ Պոլսոյ կամուրջի պատկերին խորհրդանշած յատուկ դերին ուշադրութիւնը հրաւիրելով իր խօսքը արդար եւ մշտական խաղաղութեան մաղթանքով աւարտեց։
Թուրքիոյ այցելութեան ծրագրի մէջ Անգարայի մէջ պատուիրակութիւններու միջեւ հանդիպում իրականացնող Պապ Լեւոն ԺԴ․ եւ Նախագահ Թայիփ Էրտողան հիւրերուն ուղղուեցան։ Էրտողան՝ «Այս այցելութիւնը մեր ընդհանուր հիմքը ամրապնդող շատ կարեւոր քայլ մը է։» ըսաւ։ Պապը՝ «Թուրքիա արդար եւ մշտական խաղաղութեան ծառայութեան մէջ ժողովուրդներու միջեւ կայունութեան եւ մերձեցումի աղբիւր ըլլայ» ըսելով իր մաղթանքները յայտնեց։
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 267րդ առաջնորդը Պապ Լեւոն ԺԴ․, Առաջին Նիկիոյ տիեզերական ժողով 1700րդ տարելիցին առիթով Թուրքիա եկաւ։ Մինչեւ Նոյեմբեր 30 Անգարա, Պոլիս եւ Նիկիոյի միջեւ այցելութիւններուն ընթացքին միութեան եւ խաղաղութեան պատգամներ պիտի տրուի։
Կէսօրին Էսէնպողա Օդակայանը դիմաւորուելէն յետոյ Պապը, նախ Աթաթուրքի յուշադամբանը այցելելով յատուկ մատեանը ստորագրելէ ետք Նախագահական պալատին անցաւ. հոս պաշտօնական արարողութեամբ դիմաւորուեցաւ եւ Նախագահ Էրտողանի հետ մասնաւոր հանդիպում մը ունեցաւ։
Հանդիպումէն ետք յայտարարութիւններ ընող Էրտողան, ընդգծեց որ այս այցելութիւնը կը կատարուի, համաշխարհային անորոշութիւններուն բարձրացած քննական ժամանակի մը եւ ան նշեց Թուրքիոյ այս պարագային խաղաղութիւնը, արդարութիւնը եւ ողորմութիւնը հիմք ընդունող մօտեցումով համաշխարհային դժուարութիւններուն դէմ կը դիմադրէ։
Էրտողան, Թուրքիոյ մէջ մշակութային տարբերութիւններու մեծ հարստութիւն մը ըլլալը եւ 2002էն ի վեր գրեթէ 100 եկեղեցիներու եւ վանքերու վերականգնած ըլլալը ընդգծելով, այցելութիւնը, ընդհանուր հիմքը ամրապնդող կարեւոր քայլ մը ըլլալը նշեց։
Պապը իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ, իր առաջին արտասահմանի այցելութիւնը դէպի Թուրքիա եղած է. Թուրքիոյ Քրիստոնէութեան արմատներուն հետ կապերուն եւ Պոլսոյ կամուրջի պատկերին խորհրդանշած յատուկ դերին ուշադրութիւնը հրաւիրելով իր խօսքը արդար եւ մշտական խաղաղութեան մաղթանքով աւարտեց։

