Առգրաւուածը կրկին վաճառել կ՚ուզեն

Ճորճ Աս­­լան դի­­տել տո­­ւաւ որ Մար­­տի­­­նի եւ շրջա­­կայ­­քի ասո­­րիներ ահա­­բեկ­­չա­­­կան դէպ­­քե­­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ հե­­ռացած են իրենց բնօր­­րա­­­նէն։

Հողագործութեան եւ Անտառի Նախարարութեան տարեկան պիւտճէի քննարկման պահուն ՏԵՄ կուսակցութեան պատգամաւոր Ճորճ Ասլան օրակարգի բերաւ ասորապատկան անշարժ գոյքերու բռնագրաւման խնդիրը։

Ճորճ Ասլան դիտել տուաւ որ Մարտինի եւ շրջակայքի ասորիներ ահաբեկչական դէպքերու պատճառաւ հեռացած են իրենց բնօրրանէն։ Անոնց երկար տարիներ մշակած հողատարածքները իրենց բացակայութեան շրջանին կատարուած քատասդրական աշխատանքներով փոխանցուած են Պետական գանձին։ «Մարդիկ ինչո՞ւ համար լքելու ստիպուեցան իրենց մշակած տարածքները։ Ծանօթ է որ ասորիներու բնակած վայրերու մէջ 40 տարիէ ի վեր բախումներ կ՚ապրուին։ Ասորիներու արտագաղթի գլխաւոր պատճառը այս բախումներն են։ Ուշագրաւ է, որ քատասդրի աշխատանքներն ալ այդ տարածքները մշակողներու հեռացումէն ետք սկսաւ։ Մարդիկ փորձեցին իրենց մշակած հողերուն տէր դառնալ, բայց չյաջողեցան։ Այժմ պետութիւնը կ՚ուզէ դարերէ ի վեր իրենց պատկանող այդ նոյն տարածքները շատ բարձր գիներով ետ վաճառել ասորի քաղաքացիներուն»։

Ճորճ Ասլան նաեւ դիտել տուաւ որ խնդրոյ առարկայ տարածքներու անմշակ մնալը բռնագրաւման պատրուակ չի կրնար ըլլալ։