Տարելից եւ նորակերտ շիրիմի բացում երջանկայիշատակ Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի

Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս միաբաններէն եւ Գերմանիոյ թեմի հիմնադիր ու առաջնորդ երջանկայիշատակ Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի տարելիցն ու նորակերտ շիրիմի բացումը կատարուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։

Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս միաբաններէն եւ Գերմանիոյ թեմի հիմնադիր ու առաջնորդ երջանկայիշատակ Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի տարելիցն ու նորակերտ շիրիմի բացումը կատարուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։

Երջանկայիշատակ Սրբազան Հօր նորակերտ շիրիմի պատրաստութիւնը աւարտած ըլլալով, 22 Նոյեմբեր 2025, Շաբաթ, ժամը 15.00-ին Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մուտքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կազմուեցաւ թափօր մը, որուն մաս կազմեցին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Աթոռոյս միաբան հայրեր, քահանաներ, ինչպէս նաեւ յատկապէս քաղաքս ժամանած Գերմանիոյ առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեան, Իրաքի առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան, Շուէտէն Արժ. Տ. Վաղարշ Քհնյ. Իսախանեան ու Աւստիայէն Արժ. Տ. Անդրէաս Քհնյ. Իսախանեան։

Գերեզմանատան կուսակրօն հոգեւորականներու թաղին մէջ՝ հոգելոյս Սրբազան Հօր շիրիմին շուրջ հաւաքուած էին ընտանեկան պարագաները, Ս. Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքի անդամներ, համայնքային հաստատութեանց, թաղային խորհուրդներու եւ զանազան հաստատութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալներ։

Շարականներու երգեցողութեամբ թափօրը հասաւ հոգելոյս Սրբազան Հօր շիրիմին առջեւ, ուր Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ կանոնական հոգեհանգստեան կարգ եւ յատուկ աղօթքով յիշուեցաւ երջանկայիշատակ Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան։

Այստեղ Նորին Ամենապատուութիւնը արտասանեց իր խօսքը եւ անգամ մը եւս գնահատեց հոգելոյս Սրբազան Հօր նուիրումն ու բազմամեայ ծառայութիւնը:

Պատրիարք Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ճարտարապետ Վազգէն Պարընի, որու ծրագրով պատրաստուած էր մարմարիոն շիրիմը, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին՝ որու բարերարութեամբ պատրաստուեցաւ գեղեցիկ շիրիմը։

Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Գերմանիոյ առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեան եւ Իրաքի առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան:

Վար առնուեցաւ նորակերտ շիրիմը ծածկող շղարշը։

Նորակերտ շիրիմի արձանագրութիւնն է հետեւեալը.

«Սրբակրօն ծառայ Աստուծոյ

Արժանաւոր սան

Ս. Խաչ Դպրեվանուց ի Սկիւտար

Ձեռնասուն Շնորհք Պատրիարքի

Քարոզիչ Ս. Եկեղեցեաց

Ստանպուլի (1965-1966)

Ուսանող եւ հովիւ ի գերմանիա (1966-1973)

Հոգեւոր հովիւ ի Մարսէյլ Ֆրանսա (1973-90)

Առաջին թեմակալ առաջնորդ

Գերմանիոյ հայոց

Յետ քսանեւվեցամեայ ծառայութեան

Կոչի հանգստեան

Ընտրեալ տեղապահ

Պատրիարքութեան Հայոց Թուրքիոյ

Հուսկ բնակեցաւ

Ի Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոց

Ուր փոխեցաւ առ Աստուած

Յուսովն յարութեան»։