Վերյիշելով հինգ հաստատութիւնները եւ աւելին

Հայ համայնքը ինչպէս պատրիարքական ընտրութիւններու ժամանակ պարտադրուած սահմանափակումներուն այս վերջինին հանդէպ ալ որդեգրեց ընդունակ կեցուածք եւ չի փորձեց անգամ առարկելու, ընդառաջելով որոշ շրջանակներու թելադրած վախին։

Համակերպիլ հեզութեամբ: Այս եղած է պոլսահայուն վարքը, հանրապետական շրջանի Թուրքիոյ պատմութեան մէջ: Խուսափած է իրեն պատկանողին յափշտակման դէմ առարկելէ: Նման ընդունակ վարքագիծը հոգեւոր թէ աշխարհիկ վարչակարգի կողմէ իւրացուած է տասնամեակներ շարունակ: Պարտադրուածին դիմադրելը նկատուած է անկարգութիւն, որ կրնայ նաեւ փորձանքաբեր ըլլալ:

Վերջին տարիներուն այս երեւոյթի ծանր հետեւանքները ապրեցանք թէ պատրիարքական եւ թէ համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու ընտրութեան պահուն: Իշխող կառավարութիւնը երկու ընտրութիւններուն ալ միջամտեց, պարտադրելով անհիմն ու կամայական կանոնագիր մը: Այդ կամայական պարտադրանքի հետեւանքով պատրիարքական ընտրութիւնը վերածուեցաւ չարեաց փոքրագոյնի ընտրութեան: Համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեան պահուն ալ դարձեալ կամայական որոշումով մը վերջ տրուեցաւ ազգային բնոյթի հինգ հաստատութիւններու առանձնայատկութեան:

Սոյն առանձնայատկութիւնով Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցը, Կեդրոնական եւ Դպրեվանք ուսման հաստատութիւնները եւ Գալֆաեան ու Գարակէօզեան որբանոցները կը գնահատուին իբրեւ ազգային կառոյցներ, որոնց վարչութեան կրնան թեկնածութիւն առաջադրել կամ ալ քուէարկութեան մասնակցիլ բոլոր հայերը:

Կառավարութեան արդէն բաւականին ուշացած շրջաբերականը առանց գոհացուցիչ պատճառաբանութեան վերացուց հինգ հաստատութիւններու առանձնայատկութիւնը եւ անոնք դասեց թաղական վարչութիւններու շարքին։

Հայ համայնքը ինչպէս պատրիարքական ընտրութիւններու ժամանակ պարտադրուած սահմանափակումներուն այս վերջինին հանդէպ ալ որդեգրեց ընդունակ կեցուածք եւ չի փորձեց անգամ առարկելու, ընդառաջելով որոշ շրջանակներու թելադրած վախին։ «Եթէ առարկենք այս իրաւունքն ալ կը կորսնցնենք» ի նման սպառնախառն այս թելադրանքը տուաւ իր հետեւանքները եւ կամայական որոշումներու զոհ գացին այս համայնքի մեծ պայքարներով ապահովուած ձեռքբերումները։

Այս մտահոգութիւններու հիման վրայ հիւսուած էր Կեդրոնական Վարժարանի խնամեալ աշխատութիւնով բեմադրուած միջոցառումը, որ կը կոչուէր «Վերյիշում հինգ հաստատութիւններու» խորագիրով։

Ձեռնարկը իր գեղարուեստական բնազդով հազիւ վերյիշումներով անդրադարձաւ այս խիստ կարեւոր խնդրին։ Վերլուծումները մնացին հանդիսատեսի մտային հետեւողականութեան, քանի որ յայտագրի ընթացքին մատուցուած էր բազմաթիւ բանալիներ, այս նիւթերու արկղը բանալու համար։

Նախ եւ առաջ հինգ հաստատութիւններու հիմնադիրներու արհեստական բանականութեան շնորհիւ կենդանութիւն ստացած կերպարներով փոխանցուած միտքերը մտածել կու տային ներկայ սերունդի ժառանգած հարստութեան գաղափարախօսութիւնը։

Գազազ Արթին Ամիրա Պէզճեան, Ներսէս Վարժապետեան, Գարեգին Խաչատուրեան, Շնորհք Գալուստեան պատրիարքները, մայրապետ Սրբուհի Գալֆայեան եւ Տիգրան Գարակէօզեան իրենց կենսագրութիւններէն առնուած նախադասութիւններով նկարագրեցին Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի, Կեդրոնական Վարժարանի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի, Գալֆայեան եւ Գարակէօզեան որբանոցներու հիմնադրութեան նպատակները։

Ներկայացումը ունէր թատերական բնոյթ, որ կատարեցին Կեդրոնականի լիսէի չորս դասարաններու սաները։ Անոնք բեմին վրայ յաջողութեամբ մարմնաւորեցին տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի հեղինակած ապրումները թէ՛ ներկայ ժամանակներու եւ թէ ենթադրեալ ապագայի մը առօրեայէն։ Ապագան շեշտուած էր 2050 տարեթիւով, ինչ որ հանդիսատեսին կը փոխանցէր յուսալի պատկեր մը։ Մեր օրերու ծանօթ ծնելութեան նուազումը յաղթահարուած էր, քանի որ նոր սերունդը չէր վարաներ երրորդ երախայ մը ունենալէ, տրուած ըլլալով որ ընկերութիւնը ապահոված էր բաւականին մանկամսուրներ, յատկապէս աշխատունակ կանանց կեանքը դիւրացնելու համար։

Ըստ այդ տեսլականի վերադարձած էին ներկայ սերունդի հետզհետէ մոռացութեան մատնուած սովորութիւնները, քանի որ տաներէցը կը շարունակէր երբեմնի իր առաքելութիւնը, յատկապէս տօնական օրերուն իր ծուխերը այցելելով։

Կ՚արժէ այս օրինակին վրայ ծանրանալ եւ հարց տալ թէ ապագայի տեսլականին մէջ ալ հոգեւորականը պիտի շարունակէ՞ ընկերութեան ուղղութիւն տուող տարրը մնալու։ Եթէ այդ աշխատանքը մնայ հոգեւորականի անհատական բարեխօսութեան սահմանով, կարելի է ընդունելի նկատել։ Բայց խիստ մտահոգիչ պիտի ըլլայ, երբ այդ նոյն հոգեւորականը ընտանիքներ այցելէ քաղաքականացած համակարգի մը ծառայողը ըլլալով։

Մէկ կողմ թողելով նման հարցադրումները, վերադառնանք ներկայացումին։ 22 Նոյեմբեր շաբաթ օր Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի սրահը ամբողջութեամբ լեցնող հանդիսատեսի համար իսկապէս ալ խիստ տպաւորիչ միջոցառում մըն էր բեմադրուածը։ Կեդրոնականը, շնորհիւ տնօրէնուհի Սիլվա Քույումճեան Մարկոսեանի, արդէն գոյացուցած է որոշ աւանդոյթ մը նմանօրինակ ձեռնարկներու բեմադրութեան առումով։ Մանաւանդ գնահատելի է նման ձեռնարկի կազմակերպութեան ընթացքին թէ՛ դպրոցի ամբողջական կազմը եւ թէ խնամակալութիւնը եւ համակիրներու խումբը շարժման անցնելու սովորոյթը։ Արդարեւ այդ միասնութիւնը անպայման պիտի բերէր իր արդար նպաստը եւ այդպէս ալ եղաւ։

Միջոցառման աւարտին հանդիսատեսներ եռանդով իրարու հետ կը կիսէին իրենց հիացման զգացումները։

Մենք ալ մեր կարգին կ՚ուզենք շնորհաւորել բոլոր մասնակիցները, որոնք իրենց ներդրումով պարգեւեցին թէ հաճելի ժամանց եւ թէ հասարակական խնդիրներու հանդէպ նոր մտորումներու առիթ։



Yazar Hakkında

Բագրատ Էսդուգեան