ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Լեզուապահպանումի նիւթը, ինչպէս ներկայացուեցաւ ամփոփ ձեւով՝ անցեալ երկու յօդուածներուն մէջ, լուրջ, մտահոգիչ, եւ պատասխանատու հարց է: Այլասերելու եւ մէկ մշակոյթի ծառայելու մարտահրաւէրները անողորմ են եւ ճնշիչ, մանաւանդ փոքր գաղութներու համար, որոնց յաջորդական սերունդները կը ծնին եւ կը մեծնան օտար ափերու մէջ:
Կեդրոնանաք մեր գաղութներուն վրայ եւ մեր մայրենիին վրայ:
Ի՞նչ են արեւմտահայերէնի
դիմագրաւած խնդիրները:
Վստահ դուք ալ ունիք ձեր պատճառներու ցանկը՝ մեկնելով ձեր փորձառութիւններէն: Ըստ մեր հետազօտութիւններուն, ակադեմական հարցազրոյցներուն, հարցախոյզերուն եւ նկատարումներուն, արեւմտահայերէնի դիմագրաւած խնդիրներն են՝
- անիմացութիւն՝ արեւմտահայերէնի վտանգուած լեզու ըլլալու մասին
- անտարբերութիւն
- երկլեզուութեան (bilingualism/multilingualism) մասին սխալ ըմբռնումներ
- հայ աշակերտներու օտար դպրոց յաճախելը
- մշակութային ձուլում
- նշանափոխութեան (code-switching) հանդէպ ժխտական դիրք
- նսեմութեան զգացումներ եւ
- տնտեսական ճնշումներ:
Արեւմտահայերէնի դիմագրաւած մեծագոյն խնդիրը՝ ժխտական կեցուածք
Եթէ անպայման պիտի մասնաւորենք կամ ընդգծենք մեծագոյն խնդիրը, որուն շնորհիւ այսօր արեւմտահայերէնը «Անպայման Վտանգուած» կը դասակարգուի, այդ ալ ժխտական կեցուածքն է՝ ընդհանրապէս ծնողներու, հանդէպ հայկական դպրոցին, հայկական եկեղեցիին, հայկական կուսակցութեան, Հայաստանի, եւ ցեղասպանութեան։
Անկախ այն իրականութենէն, թէ հայերու ժխտական կեցուածքները մեծապէս նպաստած են իրենց մայրենիին ներկայ վիճակին, այս ժխտական դիրքերու հետեւանքները բազմազան են եւ ակներեւ.
- աւանդական արժէքներէ հեռացում
- աւանդական լեզուի չգոյութիւն
- երիտասարդներու ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ մասնակցութեան տկարացում
- ինքնութեան տագնապ
- մեծ ծնողներու հետ հաղորդակցութեան խզում
- նսեմութեան զգացումներ
- պատկանելիութեան զգացումներու կորուստ եւ
- տան մէջ մայրենի լեզուին գործածութեան պակաս:
Կարելի կը մտածէք, թէ արդեօք ետ դարձի ճամբայ կա՞յ: Անպայման կայ:
Ընկերալեզուաբաններու
օրակարգը
Ճիշդ է, թէ ընկերալեզուաբաններու յաջողութիւններուն շարքը երկար է, որովհետեւ մենք միշտ լաւատես ենք, ԲԱՅՑ: Որպէս ընկերալեզուաբաններ, կրնանք լեզուապահպանումի եւ վերակենդանացումի առաջարկներ եւ ճամբու գարտէս ներկայացնել, բայց իրականութիւնը այն է, թէ միայն ընկերութիւնը ի΄նք կրնայ փրկել իր լեզուն:
Այսօր, տակաւին կան հայեր, որոնք տեղեակ չեն թէ իրենց մայրենի լեզուն վտանգուած է, թէ ի΄նչ արագութեամբ երկլեզու ընկերութիւն մը կրնայ միալեզու դառնալ, եւ թէ լեզուի փոփոխութիւնը (language shift) սաստիկ արագ է: Անոնք կը նային իրենց շուրջը եւ կը տեսնեն թէ տակաւին կան շատեր, որոնք կը խօսին հայերէն, եւ կը հետեւցնեն թէ լեզուն լաւ վիճակի մէջ է: Անոնք կը մերժեն տեսնել կամ ընդունիլ, թէ իրենց մայրենի լեզուն կը տկարանայ եւ թէ վտանգուած է:
Կան նաեւ անոնք որոնք կը հաւատան, թէ իրենց լեզուն յատուկ պաշտպանութիւն կը վայելէ, ինչպէս, հակառակ այն իրականութեան թէ Բանամայի Թիպէրիս ընկերութեան լեզուն խիստ վտանգուած է, անոնց թագաւորը այսպէս արտայայտուած է. «Մենք վտանգուած չենք, որովհետեւ Աստուած ստեղծեց մեզ: Ան մեզ չստեղծեց որ ուրիշներ մեզ ոջնջացնեն: Եթէ անցեալ 500 տարիներու դժուարին պայմաններուն տոկացինք, ուրեմն ինչո՞ւ հիմա պիտի անհետանանք»։
Լեզուաբաններու նպատակը հաղորդակցութեան միջոց մը ապահովել չէ, այլ օգնել ընկերութեան որ իր ժառանգութեան յատուկ ըլլալը տեսնէ եւ գնահատէ: Եւ ա'յս մէկը դիւրիւն գործ մը չէ: Բաւական ճիգ կը պահանջէ ընդգծել լեզուական ժառանգութեան մը կարեւորութիւնը: Անցեալ երկու յօդուածներուս նպատակը այս մէկը ընել էր:
Ի՞նչ պիտի ընել: Շատ պարզ է:
Արեւմտահայերէնի պահպանման գաղտնիքը՝ երկլեզուութիւն
Արդէն մարդկային ուղեղը բնական կարողութիւն ունի քանի մը լեզուներ սորվելու նոյն ատեն: Աշխարհ մը ուր ամէն անձ կը խօսի երկու լեզու՝ մայրենի լեզուն եւ մեծամասնութեան լեզուն, բացարձակապէս կարելի է եւ փափաքելի՝ առանց որեւէ խաչաձեւումի կամ պայքարի, որովհետեւ անոնք ունին տարբեր նպատակներ՝ մէկը ինքնութեան եւ միւսը հասկցուելու համար:
Լեզուաբաններ քաջատեղեակ են, թէ լեզուներուն անհետացումի երեք հանգրուաններէն եկրորդ հանգրուանին՝ երկլեզութեան շրջանին, կարելի է ազատել մայրենի լեզու մը մեռնելէ:
Ինչո՞ւ երկլեզուութիւնը:
Այսպէս, ըստ գիտական սերտողութիւններու, երկլեզու խօսողներ
- աւելի գործնական են եւ լայնախոհ
- աւելի դիւրին ընկեր կը շինեն
- աւելի խելացի են, հաղորդական եւ իմացողական
- իրենց լեզուները «կը խառնեն», որովհետեւ աւելի իմաստուն են
- կը գերազանցեն մէկ լեզու խօսողները
- կը յաջողին դպրոցին մէջ, որովհետեւ տան մէջ մայրենի լեզուն կը գործածեն
- հարցերը աւելի արագ կը լուծեն՝ ըլլան անոնք կեանքի, գործի կամ թուաբանական հարցեր եւ
- չափով աւելի մեծ ուղեղ կ'ունենան:
Արեւմտահայերէնի
կենսունականացումի
գործնական քայլեր
Եթէ այս փաստերը համոզիչ եղան, անցնինք արեւմտահայերէնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու գործնական քայլերուն, ուր անհատը, ընտանիքը, եւ ընկերութիւնը շատ ընելիք ունին: Այսպէս.
Կենսունականացումի քայլեր՝ անհատական մակարդակի վրայ
- Այցելել Հայաստան՝ առանձին, հայ կամ օտար բարեկամներու հետ
- Անդամագրուիլ հայկական մշակութային միութեան մը կամ կուսակցութեան մը
- Առիթներ ստեղծել հայերէն խօսելու
- Խուսաբիլ քննադատել հայ մշակոյթը կամ հայկականութիւնը
- Կարելի եղածին չափ տան մէջ հայերէն խօսիլ (նշանափոխութիւնը բնական է)
- Հայերէն երգեր մտիկ ընել
- Հպարտ ըլլալ որ հայ ես
- Յաճախել մշակութային, ընկերային, եւ եկեղեցական ձեռնարկներ
- Չի քննադատել անոնք, որոնք «սխալ» կամ «կտրուկ» կամ «խառն» հայերէն կը խօսին։
Կենսունականացումի քայլեր՝
ընտանեկան մակարդակի վրայ
- Եկեղեցի յաճախել՝ կանոնաւորպէս
- Զաւակներ հայկական դպրոց ղրկել (եթէ կարելի է անշուշտ)
- Հայ բարեկամներու շրջանակը ընդլայնել, որպէսզի փոքրիկներ աւելի առիթներ ունենան հայերէն խօսելու
- Հայերէն երգեր մտիկ ընել, մանաւանդ ընտանեկան հաւաքոյթներու ժամանակ
- Չի քննադատել զաւակները, երբ անոնք «սխալ» կամ «կտրուկ» կամ «խառն» հայերէն խօսին
- Տօնախմբել բոլոր ազգային եւ կրօնական տօները
- Քաջալերել մեծ ծնողները, որ հայերէն խօսին թոռնիկներու հետ
- Օրինակ ըլլալ ուրիշ ընտանիքներու՝ քաջալերելով հայերէն խօսիլը տան մէջ։
Կենսունականացումի քայլեր՝ հաւաքականութեան
մակարդակի վրայ
- Արեւմտահայերէնի վտանգուած կարգավիճակին մասին տեղեակ պահել գաղութները
- Դրական կեցուածք որդեգրել Հայաստանի հանդէպ
- Երիտասարդներուն մէջ հպարտութիւն ներմուծող մշակութային ելոյթներ կազմակերպել
- Ընդունիլ որ սփիւռքը մնայուն կարգավիճակ մըն է
- Ծնողներ տեղեակ պահել հայերէն սորվելու համացանցային կայքէջներու հասցէները
- Կազմակերպել շրջապտոյտներ դէպի Հայաստան
- Հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնը եւ դպրոցները արդիականացնել
- Հայկական մշակոյթը ծանօթացնել տեղական մշակոյթին
- Միջ-կուսակցական եւ միջեկեղեցական համագործակցութիւն քաջալերել
- Մշակել ծրագիրներ որ ծնողներ հայերէն խօսիլ սորվին
- Քաջալերել ծնողներ, որ հայերէն խօսին իրենց զաւակներուն հետ։
Եզրակացութիւն
Այս առաջարկները՝ պարզ եւ շատերու կողմէ փորձուած, եւ ընկերալեզուաբաններու կողմէ վաւերացուած, մեծապէս պիտի նպաստեն արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման եւ անոր գոյատեւման 21-րդ դարէն անդին:
Յուսամ բոլորս համոզուեցանք, թէ անպայման ելք մը կայ եւ ինչպէս աշխարհի միւս լեզուները, մեր մայրենի լեզուն՝ արեւմտահայերէնը, իրաւունք ունի գոյատեւելու՝ փոխանցելով զայն ներկայ եւ յաջորդ սերունդներուն:
Քուէյթ, Յունիս 2025