«Ձեր լռութեան ես լոյս եմ պարտք»

Ելնամակ­­նե­­­րուս մէջ հան­­դի­­­պեցայ Էջ­­միած­­նի «Շո­­ղակաթ» հե­­ռուստա­­կայա­­նի հա­­ղորդման։ «Ամա­­նորեայ գի­­շերը Եռաբ­­լուրում» խո­­րագ­­րեալ հա­­ղոր­­դումը իր աւե­­լի քան 2,5 ժամ տե­­ւողու­­թեամբ բա­­ռին ճիշդ իմաս­­տով ցնցիչ էր։

Հա­­յաս­­տա­­­նի հան­­րա­­­ծանօթ կամ հա­­մեմա­­տաբար նո­­ւազ ծա­­նօթ բազ­­մա­­­թիւ մե­­նակա­­տար­­ներ, իրենց եր­­գով, նո­­ւագով կամ աս­­մունքով յար­­գանքի տուրք մա­­տու­­ցե­­­ցին հայ­­րե­­­նի երկրի պաշտպա­­նու­­թեան հա­­մար մար­­տի­­­րոսա­­ցած ազ­­գի զա­­ւակ­­նե­­­րու յի­­շատա­­կին։

Տպա­­ւորիչ էր իւ­­րա­­­քան­­չիւր կա­­տարու­­մի «Ձեր լռու­­թեան ես լոյս եմ պարտք» նա­­խադա­­սու­­թիւնով աւար­­տի­­­լը։ Նա­­խագ­­ծի մաս­­նա­­­կից արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­ներ այս ըսե­­լով իրենց ձեռ­­քի կան­­թե­­­ղը կը կա­­խէին այդ մի­­ջոցառ­­ման հա­­մար պատ­­րաստո­­ւած ար­­հեստա­­կան ծա­­ռի ճիւ­­ղե­­­րուն։

Երե­­ւոյ­­թը ալ աւե­­լի տպա­­ւորիչ կը դառ­­նար, երբ այս բո­­լորը կը կա­­տարո­­ւէին Եռաբ­­լուրի բնա­­պատ­­կե­­­րով։ Ոչ բեմ, ոչ բե­­մայար­­դակ կամ ամ­­պիոն։ Բարձրա­­խօս մը միայն, ու ապա Կո­­միտա­­սեան երգ մը, միջ­­նա­­­դարեան շա­­րական մը, տու­­տուկի կամ ջու­­թա­­­կի մե­­նանո­­ւագ մը եւ հայ բա­­նաս­­տեղծա­­կան հսկայ պա­­շարէն պա­­տառիկ­­ներ։

Արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու կեն­­դա­­­նի կա­­տարումնե­­րուն մի­­ջոցաւ այս խիստ իւ­­րա­­­յատուկ սգա­­հան­­դէ­­­սին իրենց ան­­մա­­­հացած տա­­ղերով ու տո­­ղերով կը մաս­­նակցէին նաեւ հայ գրա­­կանու­­թեան հսկա­­ներ Գէորգ Էմին, Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժան, Պա­­րոյր Սե­­ւակ, Եղի­­շէ Չա­­րենց եւ տա­­կաւին շա­­տեր։

Զգա­­լի էր Երե­­ւանի այս տխուր բար­­ձունքին տի­­րող ցուրտը։ Մինչ այդ նա­­հատակ­­նե­­­րու ծնող­­ներ ու զա­­նազան տա­­րիքի հա­­րազատ­­ներ կը շրջէին շիր­­մա­­­քարե­­րու մի­­ջեւ, գիր­­կերնին ու­­նե­­­նալով իրենց զո­­հի լու­­սանկա­­րը։ Անոնք իրենց տա­­քուկ տու­­նե­­­րուն սար­­գո­­­ւած տօ­­նական սե­­ղան­­նե­­­րու փո­­խարէն նա­­խընտրած էին այս զով քա­­մին կի­­սել իրենց հո­­գեհա­­րազատ­­նե­­­րուն հետ։

Կա­­րելի է պա­­հը բնու­­թագրել ամ­­բողջ ազ­­գի մը իր կո­­րուստնե­­րուն սգա­­լու ցո­­լացու­­մը ըլ­­լա­­­լով։ Ցո­­լացում մը՝ որ իր կար­­գին կ՚ապա­­ցու­­ցա­­­նէ ազ­­գա­­­յին մշա­­կոյ­­թի մա­­կար­­դա­­­կի ալ բարձրու­­թիւնը։

Ար­­ժան հռե­­տորա­­բանու­­թե­­­նէ զուրկ, ճիշդ ալ նպա­­տակին ծա­­ռայող այս մի­­ջոցառ­­ման յա­­ջողու­­թեան գաղտնի­­քը թե­­րեւս ալ պե­­տական այ­­րե­­­րու, աւա­­գանիի, հո­­գեւո­­րակա­­նաց բարձրաս­­տի­­­ճան դա­­սու բա­­ցակա­­յու­­թիւնն էր։

Ժո­­ղովուրդը իր արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րով հա­­մակո­­ւած, կը սգար իր որ­­դի­­­ներուն ու Շո­­ղակաթն ալ մեզ բո­­լորս մաս­­նա­­­կից կը դարձնէր այս յա­­տուկ օրը ալ աւե­­լի խորհրդա­­ւոր կեպարանք ստացած հա­­մազ­­գա­­­յին մի­­ջոցառ­­ման։

Հա­­յոց Հայ­­րա­­­պետի
Եռաբ­­լուր այ­­ցը

Յու­­նո­­­ւարի 1-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­­րեգին Երկրորդ Ծայ­­րա­­­գոյն Պատ­­րիարք եւ Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսը եպիս­­կո­­­պոսաց ու­­ղեկցու­­թեամբ այ­­ցե­­­լեց «Եռաբ­­լուր» զի­­նուո­­րական պան­­թէոն։

Նո­­րին Սրբու­­թիւնը եւ եպիս­­կո­­­պոս­­նե­­­րը աղօթք բարձրա­­ցու­­ցին առ Աս­­տուած նա­­հատակ քա­­ջոր­­դի­­­ներու հո­­գինե­­րու հանգստու­­թեան եւ խա­­ղաղու­­թեան հա­մար։

Սուրբ Ծննդեան տօ­նին ըն­դա­ռաջ՝ Դեկ­տեմբե­րի 31-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Երկրորդ Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ամենայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսը ՀՀ ԶՈւ հո­գեւոր առաջ­նորդ Հո­գեշ­նորհ Տ. Մով­սէս վար­դա­պետ Սարգսեանի ու­ղեկցու­թեամբ այ­ցե­լեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան արեւմտեան սահ­մա­նագ­ծի մար­տա­կան դիր­քեր։

Հա­յոց Հայ­րա­պետը, իր օրհնու­թիւնը ու բա­րեմաղ­թանքնե­րը փո­խան­ցե­լով սահ­մա­նապահ զի­նուո­րական­նե­րուն, մե­ծապէս ար­ժե­ւորեց հայ զի­նուո­րի եւ հրա­մանա­տարի անձնո­ւէր ու անմնա­ցորդ ծա­ռայու­թիւնը հայ­րե­նիքին։ Նո­րին Սրբու­թիւնը ընդգծեց նաեւ, որ Հա­յոց բա­նակի քա­ջարի մար­տիկնե­րը մշտա­պէս Հա­յոց Հայ­րա­պետի եւ հայ եկե­ղեցա­կան­նե­րու աղօթքնե­րուն մէջ են։

Այ­ցի վե­րաւո­րու­թեան Նո­րին Սրբու­թիւնը սրբա­պատ­կերներ, խա­չեր եւ աղօ­թագրքեր ըն­ծա­յեց զի­նուոր­նե­րուն՝ բա­րեմաղ­թե­լով ան­փորձանք եւ խա­ղաղ ծա­ռայու­թիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ