Վիճակագրական տուեալներ Հայաստանի բնակչութեան մասին

Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէն հրապարակեց 100 անձերու հաշուով նկատի առնուած ցուցանիշերը։

Տուեալները հաւաքագրուեցան տնային տնտեսութիւններու մէջ կատարուած հետազօտութիւններու հիման վրայ։

Վերջին վիճակագրութեան համաձայն Երեւանցիներ կը կազմեն երկրի բնակչութեան 37 տոկոսը։ Մնացեալ 63 տոկոսը մարզերու բնակիչներ են։ Սակայն չէ նշուած քաղաքներու եւ գիւղերու բնակչութեան համեմատականութիւնը։ Այս հարցադրումի պատասխանը կը ներկայանայ աւելի կանուխ՝ 2017-ին կատարուած վիճակագրութենէ, որու համաձայն հանրապետութեան բնակիչներու 63,3-ը քաղաքներն են, իսկ 36,7-ը գիւղերը։

Խորհրդային տարիներուն տիրող ընդհանուր համոզումի համաձայն Հայաստանի բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը կը բնակէր մայրաքաղաքի մէջ։ Տեմոկրաֆիայի այս անհաւասարութեան ետին կար, օրուայ իշխանութիւններուն մայրաքաղաքի զարգացման համար բնակչութեան աճը խրախուսելու ջանքերը։ Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքի կարեւոր նախագիծերու իրականացումը կախեալ էր կեդրոնական փլանաւորումէն, այսինքն Մոսկուայի որոշումներէն։ Իսկ այս կեդրոնը նկատի կ՚ունենար տուեալ քաղաքի բնակչութեան թիւը։ Օրինակի համար Երեւանի մեթրոփոլիտենի կառուցումը կարելի եղաւ քաղաքամայր Երեւանի բնակչութեան մէկ միլիոնի սահմանին հասնելով։

Բնակչութեան մէջ Կանայք 3 տոկոսով կը գերազանցէ այրերուն։

Տուեալներ կը փոխանցուին երկրի ազգային դիմագիծին մասին։ Հայաստանի մէջ իւրաքանջիւր 100 անձերէն 98-ը ազգութեամբ հայեր են, երկուքը այլազգի, 96-ը քրիստոնեաներ են, 4-ը կը դաւանին այլ կրօններ։ Եթէ վերյիշենք Խորհրդային Հայաստանի վիճակագրութիւններուն նշած 200 հազար թուրքերէ, 80 հազար քիւրտերէ ու էզտիներէ, 30 հազար ռուսերէ եւ աւելի նուազ թիւով ասորիներէ, յոյներէ, հրեաներէ, ուկրայնացիներէ եւ վրացիներէ բաղկացող ազգային փոքրամասնութիւնները զգալիօրէն նուազած են։

ՀՀ քաղաքացիներուն 99-ը գրաճանաչներ են, մէկը՝ ոչ, 18-ը ունի բարձրագոյն կրթութիւն, 82-ը՝ աւելի ցած։ Ըստ ցուցանիշին՝ 100 անձերէն 27-ը աղքատներ են, մէկը՝ ծայրայեղ աղքատ։

Հայաստանի մէջ 100 անձերու բաժին կ՚իյնայ 0.47 բժիշկ, 10 հազար անձերու՝ 47 բժիշկներ։ Պարզ բաղդատութեան համար նշենք զանազան երկիրներէ ներս իւրաքանչիւր 10 հազար բնակչութեան վիճակած բժիշկներու թիւը։ Նորվեկիա 48, Գերմանիա 43, Շուէտ 41, Իտալիա 40, ԱՄՆ 26, Ճաբոնիա 26, Ֆրանսիա 34, Սպանիա 39, Չինաստան 20, Թուրքիա 19 եւ Հնդկաստան 8։

Հարիւր աշակերտներու բաժին կ՚իյնան 8 ուսուցիչներ։ 15-74 տարեկան մարդուժի 100 անձերէն 82-ը կ՚աշխատին, 18-ը՝ անգործ է։ Հարիւր աշխատողներէն 46-ը կիներ են, 54-ը՝ տղամարդիկ։ Հարիւրէն 26-ը կ՚աշխատին պետական համակարգին մէջ, 74-ը՝ մասնաւոր հատուածին։ 15-74 տարեկան 100 անգործներէն 43-ը կիներ են, 57-ը՝ տղամարդիկ։

44 օրեայ պա­տերազ­մի ըն­թացքին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը 31 Դեկ­տեմբեր 2020 թո­ւակա­նէն սկսեալ թրքա­կան ար­տադրու­թիւննե­րուն դէմ շրջա­փակում գոր­ծադրած էր։ Այս որո­շու­մը աւե­լի ետք վե­ցամեայ հեր­թա­կանու­թեամբ եր­կու ան­գամ եւս յե­տաձ­գո­ւեցաւ։ Այժմ նկա­տի ու­նե­նալով Թուրքիոյ հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բնա­կանո­նաց­ման մեր­ձե­ցու­մի մը առ­կա­յու­թիւնը, Հա­յաս­տան միակող­մա­նի կեր­պով դադ­րե­ցու­ցած է թրքա­կան ար­տադրու­թեան դէմ շրջա­փակու­մը։ Կ՚ար­ժէ նշել թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյ­ճան տա­կաւին կը շա­րու­նա­կեն սահ­մաննե­րը անանցնե­լի դարձնե­լով Հա­յաս­տա­նի դէմ գոր­ծադրած շրջա­փակու­մը։

Միւս կող­մէ Իս­թանպու եւ Երե­ւանի մի­ջեւ եր­թե­ւեկու­թիւնը ապա­հովե­լու հա­մար երկկող­մա­նի աշ­խա­տու­թիւն կը տա­րուի։ Հա­յաս­տա­նի անու­նով «Ֆլայ Ուան Ար­մե­նիա» եւ Թուրքիոյ կող­մէ ալ «Փե­կասուս» ըն­կե­րու­թիւննե­րը փո­խադար­ձա­բար դի­մում կա­տարած են եր­կու եր­կիրնե­րու քա­ղաքա­ցիական թռիչքնե­րու վար­չութիւննե­րուն չո­ւերթներ իրա­կանաց­նե­լու հա­մար։

Նա­խապէս «Ֆլան Ուան Ար­մե­նիա» այս մա­սին որո­շում կա­յացու­ցար եւ նոյ­նիսկ տոմ­սեր վա­ճառած էր։ Սա­կայն թղթա­բանու­թիւննե­րը անա­ւարտ մնա­լով չե­ղեալ հա­մարո­ւած էր այդ թռիչ­քը եւ տոմ­սակնե­րու ար­ժե­գինն ալ վե­րադար­ձուած ու­ղե­ւոր­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ