Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան 21 Հոկտեմբեր 2023-ին բոլորեց իր ութսունամեան։
Այս առթիւ թէ՛ Արհի. Գերապայծառ Տիրոջ հովուած Վիճակին, թէ՛ մայրաքաղաք Երեւանի ակադեմական շրջանակներուն եւ թէ առ հասարակ միջազգային հայագիտական ոլորտին մէջ տեղի ունեցան յոբելեարին նուիրուած գնահատանքի եւ համակրանքի ջերմ ցոյցեր, որոնց մասին Դիւանս կը փութայ ներկայացնել այս ամփոփ տեղեկագիրը հայ եւ միջազգային համակիր հանրութեան, միանգամայն նաեւ որպէս՝ յանուն յոբելեարին՝ շնորհակալութեան տուրք յիշեալ արտայայտութիւններուն մասնակցող անձերուն եւ հասարակութիւններուն նկատմամբ։
Կիրակի 22 Հոկտեմբերին, Արհի. Գերապայծառ Տէրը հանդիսաւոր Սուրբ Պատաագ մատուցանեց Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցիին մէջ։ Նոյն օրուան երեկոյեան Ս. Յակոբ Հիւանդանոցին եւ Գթութեան Տան հոգաբարձութիւնը ընթրիքով մը պատուեց յոբելեարը։
5 Հոկտ. 2023-ին Փրոֆ, Բենեդետտա Քոնթին, նաեւ յանուն իր երկու խմբագրակից
գործընկերներուն՝ Փրոֆ. ներ Ալդոյ Ֆերրարիի եւ Պաոլոյ Լուկկայի, Հայագիտական Ուսմանց Միջազգային Ընկերակցութեան համացանցին միջոցով, կը ծանուցանէր հայագէտ եւ հայամերձ հանրութեան Արհիապատիւ յոբելեարին՝ Փրոֆ. Պօղոս Լեւոն Զէքիեանին ընծայուած «Տօնագիր»ի մը առ այժմ առցանցային հրատարակութիւնը, որուն մասնակցեր էին աշխարհի լաւագոյն հայագէտներէն երեսունեօթը անուն, որոնց միջեւ այստեղ յիշուին յատկապէս ՀՀ առաջին Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Գործավարութեան Պետ՝ Կարդ. Կլաուդիոյ Գուջերոտտի։
Երեւանի մէջ, ՀՀԳԱԱ-ի Պատմութեան Ինստիտուտը 26 Հոկտեմբերին մասնաւոր նիստ մը կը գումարէր ի պատիւ Գերպ. Զէքիեանի, Ակադեմիայի Աշճեան դահլիճին մէջ, Ինստիտուտի Տնօրէն Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի նախագահութեամբ՝ որ ուղղեց ողջոյնի խօսքը, որուն յաջորդեց Ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեանի ողջոյնը։
27 Հոկտեմբերին հանդիսաւոր նիստ տեղի ունեցաւ Մատենադարանի մէջ, որու բացումը կատարեց Մատենադարանի Տնօրէն Արա Խզմալեան։ Ապա Գերպ. Զէքիեան դասախօսեց նիւթ ունենալով՝ «Նարեկացիի արժեւորումը մեր մօտ եւ առ հասարակ հայ մեծութիւններու իմացումին մեր գնահատական չափանիշներուն արժեհամակարգը»։ Ապա գիտաշխատող Արուսեակ Թամրազեան վերլուծեց Գերպ. Զէքիեանի գիտական վաստակին որոշ բաղադրիչները։ Հուսկ Մատենադարանի Տնօրէնութիւնը Արհի. Յոբելեարը պարգեւատրեց Մատենադարանի Խորենացիի մետալով։