Գայթակղութեան նոր ալիք

Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղական խոր­հուրդի ընտրու­թեան հա­մար 12 Մարտ 2023-ին կա­յացած ընտրու­թիւններ չե­ղեալ հա­մարո­ւեցան։

Ընտրու­թիւննե­րը շատ սահ­մա­նափակ տա­րած­քի մը մէջ կա­տարե­լու որո­շու­մին դէմ բո­ղոք­նե­րու պատ­ճա­ռաւ Ընտրու­թեան Կար­գա­դիր Յանձնա­խումբը հրա­ժարած եւ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւնն ալ նոր յանձնա­խումբ մը պաշ­տօ­նակո­չած էր։ Այդ յանձնա­խումբի կազ­մա­կեր­պած ընտրու­թե­նէն յաղ­թա­նակով դուրս եկաւ Աք­սել Թո­փալեանի գլխա­ւորած ցան­կը։

Այս զար­գա­ցու­մի դի­մաց նախ­կին ատե­նապետ Սի­մոն Չե­քեմ դա­տարան դի­մելով պա­հան­ջած էր ընտրու­թեան չե­ղեալ հա­մարու­մը։ Չե­քեմ դատ բա­ցած էր Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան դէմ։

29 Նո­յեմ­բե­րին հրա­պարա­կուե­ցաւ Հիմ­նա­կան Իրա­ւարար Ատեանի հա­մառօտ որո­շու­մը։

Այսպէս որո­շուած է կա­տարո­ւած ընտրու­թեան չե­ղեալ հա­մարու­մը։ Այլ ման­րա­մաս­նութիւննե­րը պի­տի հրա­պարա­կուին պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րը ընդգրկող որոշմնագ­րի մէջ։

Թա­ղակա­նու­թեան նախ­կին ատե­նապետ Սի­մոն Չե­քեմ «Ակօս»ին յայտնեց թէ նպա­տակ չու­նի ան­գամ մը եւս իր թեկ­նա­ծու­թիւնը առա­ջադ­րե­լու։ «Ապօ­րէն որո­շում մը կար, որուն դի­մաց դա­տարա­նը տե­ղին վճիռ ար­ձա­կած է։ Ընտրու­թիւննե­րը պի­տի կրկնո­ւին։ Նոր թեկ­նա­ծու­ներ կը ներ­կա­յանան եւ վեր­ջա­պէս հա­մայնքի կամ­քը կը կա­տարո­ւի։ Ես թեկ­նա­ծու պի­տի չըլ­լամ։ այս դա­տը բա­ցինք անօ­րինու­թիւնը կան­խե­լու հա­մար։ Պատ­ճա­ռաբա­նեալ որոշմնա­գիրի հրա­պարա­կու­մէն ետք ամէն ինչ պարլ պի­տի դառ­նայ» ըսաւ Սի­մոն Չե­քեմ։

Միւս կող­մէն գոր­ծող թա­ղակա­նու­թիւնն ալ հաս­տա­տեց դա­տական վճի­ռը եւ յայտնեց թէ իրենք եւս պի­տի սպա­սեն պատ­ճա­ռաբա­նեալ որոշմնագ­րի հրա­պարա­կու­մը։ Հա­զիւ ան­կէ ետք է, որ այս նիւ­թի մա­սին բո­վան­դա­կալից յայ­տա­րարու­թիւնը մը պի­տի կա­տարեն։ «Թա­ղական խոր­հուրդը ընտրո­ւած օրուայ եռան­դով կը շա­րու­նա­կէ իր առա­քելու­թիւնը» կ՚ըսեն թա­ղական խոր­հուրդի շրջա­նակ­նե­րը։

Այս զար­գա­ցումնե­րու հի­ման վրայ կ՚են­թադրո­ւի թէ նախ իրեն դէմ դատ յա­րու­ցո­ւած Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւնը առար­կէ այս վճի­ռին եւ նիւ­թը փո­խան­ցէ վե­րին ատեան­նե­րուն։ Այդ ըն­թացքի մէջ դա­տական գոր­ծո­ղու­թիւնը կը մտնէ եր­կա­րատեւ հու­նի մը։ Հե­տեւա­բար մօտ ապա­գային նոր ընտրու­թեան մը հա­ւանա­կանու­թիւնը ընդհան­րա­պէս գո­յու­թիւն չունի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ