Ճանչնանք մեր բառերը

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

Հայե­­րէնի՝ հնդեւ­­րո­­­պական ու­­րոյն ճիւղ մը ըլ­­լա­­­լը առա­­ջին պաշտպա­­նողը եղաւ գեր­­մա­­­նացի լե­­զուա­­բան Հայնրիխ Հիւբշմա­­նը, որ ստո­­ւար հա­­տոր մը նո­ւիրած է իր այս տե­­սակէ­­տի պաշտպա­­նու­­թեան: Ստո­­րեւ բե­­րուած յօ­­դուա­­ծը այդ վար­­կա­­­ծին հա­­մահունչ քա­­նի մը բա­­ռերու մէկ հա­­մեստ նա­­խաճա­­շակն է:

1) v > գ

–vin>գին(ի)

Գի­­նի հաս­­կա­­­ցու­­թեան հնդեւ­­րո­­­պական հնա­­գոյն ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը եղած է voinio, որու սկիզ­­բի v հնչիւ­­նը գո­­յատե­­ւած է բազ­­մա­­­թիւ այլ լե­­զու­­նե­­­րու մէջ, մինչ հա­­յերէ­­նի մէջ ան դար­­ձած է Գ:

Այսպէս՝ յու­­նա­­­րէնը ջնջած է զայն ու տո­­ւած է oinos1, լա­­տինե­­րէնի մէջ vinum է, իտա­­լերէն ու սպա­­ներէն՝ vino, ֆրան­­սե­­­րէն` vin, գեր­­մա­­­ներէն՝ wein, անգլե­­րէն՝ wine. ու­­րեմն բո­­լորը պա­­հած են սկիզ­­բի V-ն:

–vest> (զ)գեստ

Յա­­ռաջա­­ցած է հնդեւ­­րո­­­պական ves նա­­խաձե­­ւէն, որ տո­­ւած է յու­­նա­­­րէն esthês, լա­­տինե­­րէն vestis2, իտա­­լերէն vestito, սպա­­ներէն vestido, ֆրան­­սե­­­րէն veste, անգլե­­րէն vest. բո­­լորը պա­­հած են սկզբնա­­կան բա­­ռաս­­կիզբի v-ն, որուն փո­­խարէն հա­­յերէ­­նը ու­­նի Գ:

Հա­­յերէ­­նի բա­­ռաս­­կիզբի զ հնչիւ­­նը ար­­մա­­­տական չէ:

Նոյն զ ոչ-ար­­մա­­­տական հնչիւ­­նով օժ­­տո­­­ւած են (զ)անց, (զ)եռուն, (զ)ահանդ, (զ)արգ(անալ) եւ շատ ու շատ ու­­րիշներ:

–vorg՛>wergam>գործ

Հնդեւ­­րո­­­պական այս սկզբնա­­ձեւի v/` ```w հնչիւ­­նը նախ ին­­կած է դա­­սական յու­­նա­­­րէնի մէջ ու տո­­ւած է ergon: Նո­­րագոյն լե­­զու­­նե­­­րէն գեր­­մա­­­ներէ­­նի մէջ werk է ան, անգլե­­րէնը՝work, իսկ պարսկե­­րէնը տո­­ւած է varz:

Անցնե­­լով հա­­յերէ­­նին՝ ան կրած է եր­­կու հնչիւ­­նա­­­փոխու­­թիւն՝ v>գ եւ g>ծ.

երկրոր­­դը տես­­նել ստո­­րեւ՝ թիւ 2-ի մէջ:

–vol > գող

Բա­­ռիս ծա­­գու­­մը կը հաս­­նի հնդեւ­­րո­­­պական vol եւ vold կրկնակ ձե­­ւերուն: Անցնե­­լով հա­­յերէ­­նին ան տո­­ւած է երեք ձե­­ւեր գող(տ), գաղ(տ) եւ գեղ(տ):

Գող(տ), որ­­մէ ու­­նինք գող­­տուկ:

Գաղ(տ), որ­­մէ ու­­նինք գաղտնի:

Գեղ(տ), որ­­մէ ու­­նինք գե­­ղել, այ­­սինքն՝ ծած­­կել:

«Սա­­կայն,– նկա­­տել կու տայ Աճա­­ռեան,– քոյր լե­­զու­­նե­­­րը չեն պա­­հած այս ար­­մատնե­­րը»: Նո­­րագոյն լե­­զու­­նե­­­րէն զայն կը գտնենք ֆրան­­սե­­­րէնի մէջ՝ vol-voler-voleur, իտա­­լերէ­­նը զայն կը պա­­հէ միայն involare բա­­յին մէջ:

1 Դա­­սական յու­­նա­­­րէնը չու­­նէր v հնչիւ­­նը. ու­­րեմն ան գո­­հացած է ջնջե­­լով զայն իր բա­­ռերուն սկիզ­­բը:

2 Vestior=զգե­­նուլ, ագա­­նել, հագ­­նիլ

Ան­­շուշտ ըն­­թերցո­­ղը նկա­­տի ու­­նի, որ vol ար­­մա­­­տի l հնչիւ­­նը իր կար­­գին հա­­յերէն տո­­ւած է ղ (l>ղ), որ այ­­լա­­­պէս ծա­­նօթ երե­­ւոյթ է, օրի­­նակ՝ Luc>Ղու­­կաս (L>Ղ), Solon>Սո­­ղոն (l>ղ):

2. g > ծ

Այս հնչիւ­­նա­­­փոխու­­թիւնը կը գտնենք հե­­տեւեալ բա­­ռերու բաղ­­դա­­­տու­­թեամբ.

–Հնդեւ­­րոպ. aig, իսկ յու­­նա­­­կան ayg(os) բա­­ռերուն դի­­մաց ու­­նինք այծ:

–յու­­նա­­­րէն meg(a)-ին դի­­մաց ու­­նինք մեծ:

–gen տո­­ւած է ծին:

–gnathos տո­­ւած է ծնօտ:

–ger(on) տո­­ւած է ծեր:

–Են­­թադրե­­լի է հնդեւ­­րո­­­պական arg ար­­մատ մը, որ յու­­նա­­­րէն տո­­ւած է argurion, լա­­տինե­­րէն argentum, հա­­յերէն արծ(աթ). ասոր աթ բա­­ղադ­­րի­­­չը բաղ­­դա­­­տել երկ-աթ: Նո­­րագոյն լե­­զու­­նե­­­րէն ար­­մա­­­տը կը պա­­հեն ֆրան­­սե­­­րէնը` argent, իտա­­լերէ­­նը՝ argento: Սպա­­ներէ­­նը չէ պա­­հած պարզ ար­­մա­­­տը, սա­­կայն ու­­նի կարգ մը բա­­ղադ­­րեալ բա­­ռեր՝ argentifero-ար­­ծա­­­թաբեր, argentoso-ար­­ծա­­­թախառն, argenteo-ար­­ծա­­­թափայլ:

–ֆրան­­սե­­­րէն gen(oux)-ին դի­­մաց ու­­նինք ծուն(կ):

3. Բա­­ռաս­­կիզբի S-ի կո­­րուստ

Հա­­յերէ­­նի իւ­­րա­­­յատ­­կութիւննե­­րէն մէկն ալ եղած է հնդեւ­­րո­­­պական կարգ մը ար­­մատնե­­րու բա­­ռաս­­կիզբի S հնչիւ­­նի թօ­­թափու­­մը:

–Առ այս առ­­նենք մեր աղ ար­­մա­­­տը:

Հնդեւ­­րո­­­պերէ­­նը ու­­նե­­­ցած է sal եւ sald ար­­մա­­­տական տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րը, ուր երկրոր­­դը օժ­­տո­­­ւած է d աճա­­կանով: Լա­­տինե­­րէնի ու սպա­­ներէ­­նի մէջ ան sal է, ֆրան­­սե­­­րէն՝ sel, իտա­­լերէն՝sale, ռու­­սե­­­րէն՝sol, գեր­­մա­­­ներէն՝ salz, անգլե­­րէն` salt:

Ինչպէս կը նկա­­տենք, բո­­լորն ալ օժ­­տո­­­ւած են բա­­ռաս­­կիզբի S-ով, բա­­ցի յու­­նա­­­րէնէն, ուր ան als է, իսկ հա­­յերէն ան երկհնչիւն աղ (l=ղ) է՝ ի տար­­բե­­­րու­­թիւն մնա­­ցեալ բո­­լորին, ուր անոնք եռահնչիւն կամ քա­­ռահնչիւն են:

–Septm>եւթն

Հնդեւ­­րո­­­պական այս ար­­մա­­­տը յու­­նա­­­րէն տո­­ւած է επτά (eptà), միւսնե­­րը պա­­հած են բա­­ռաս­­կիզբի s հնչիւ­­նը. այսպէս, լա­­տինե­­րէն՝ septem, իտա­­լերէն՝ sette, ֆրան­­սե­­­րէն՝ sept, ռու­­մա­­­ներէն՝septe, գեր­­մա­­­ներէն` sieben, անգլե­­րէն՝ seven. վեր­­ջին եր­­կուքին մէջ կը գտնենք b>v (b>ւ) ծա­­նօթ լծակ­­ցութիւ­­նը, որուն ակ­­նարկած եմ նա­­խորդ յօ­­դուա­­ծովս:

Ու­­րեմն հա­­յերէ­­նը մէկ կող­­մէ թօ­­թափած է բա­­ռաս­­կիզբի s հնչիւ­­նը,– թե­­րեւս յու­­նա­­­րէնի հե­­տեւո­­ղու­­թեամբ,– միւս կող­­մէ՝ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած են p>ւ եւ m>ն հնչիւ­­նա­­­փոխու­­թիւննե­­րը, որոնց ակ­­նարկած էի նա­­խորդ յօ­­դուա­­ծովս: Այսպէս ստա­­ցուած եւթն աշ­­խարհա­­բարի մէջ դար­­ձած է եօթն, իսկ սա իր կար­­գին հա­­կում ու­­նի դառ­­նա­­­լու եօթ:

–Sarb>արբ

Հնդեւ­­րո­­­պական վա­­ղեմի sarb «խմել» ար­­մա­­­տը լա­­տինե­­րէն տո­­ւած sorb(eo)՝ s-ով ձե­­ւը, որ տա­­րածո­­ւած է բազ­­մա­­­թիւ լե­­զու­­նե­­­րու մէջ (տես­­նել ցան­­կը «Ար­­մա­­­տական»-ի

մէջ): Որոնց դի­­մաց հա­­յերէ­­նը ու­­նը արբ, ուր թօ­­թափո­­ւած է բա­­ռաս­­կիզբի s հնչիւ­­նը:

–Սկե­­սուր > կե­­սուր

Աճա­­ռեան «բնիկ հա­­յերէն» կը կո­­չէ այս բա­­ռը, ու­­րեմն ժա­­ռան­­գո­­­ւած է հնդեւ­­րո­­­պերէ­­նէն, ապա կը թո­­ւէ աւե­­լի քան 20 լե­­զու­­ներ, ուր թա­­փան­­ցած է ան:

Բառս իր այս ձե­­ւով կի­­րար­­կո­­­ւած է մեր ողջ մա­­տենագ­­րութեան մէջ եւ առ­­հա­­­սարակ այս ձե­­ւով ալ մին­­չեւ հի­­մա կը կի­­րար­­կո­­­ւի արե­­ւելա­­հայե­­րէնի մէջ:

Ու­­րեմն արեմ­­տա­­­հայ աշ­­խարհա­­բարն է որ թօ­­թափած է անոր բա­­ռաս­­կի­­­զի ս հնչիւ­­նը, եւ ան դար­­ձած է կե­­սուր, որ­­մէ՝ կես­­րայր (կե­­սու­­րին ամու­­սի­­­նը):

Ծա­­նօթ.– Ար­­դի լե­­զու­­նե­­­րէն բա­­ռաս­­կիզբի s-ը թօ­­թափե­­լու հա­­կամէտ է նաեւ ֆրան­­սե­­­րէնը, որ ու­­նի école անգլե­­րէնի school-ին դի­­մաց եւ écureuil անգլե­­րէնի squirrel- ին դի­­մաց: Նոյն ֆրան­­սե­­­րէնը կը վե­­րականգնէ s-ը scolaire ածա­­կանին մէջ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ