31Մարտի շրջանային վարչութիւններու ընտրութիւններու ընդառաջ ՏԵՄ կուսակցութեան Իսթանպուլի քաղաքապետարանի թեկնածուները այցելեցին «Ակօս»ի խմբագրատունը։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին Իսթանպուլի քաղաքապետութեան երկու թեկնածուները՝ Մերալ Տանըշ Պեշթաշ եւ Մուրաթ Չեփնի։
Այստեղ հիւրերը դիմաւորուեցան «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի, Ռաքել Տինքի եւ թերթիս աշխատակազմին կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան ՏԵՄ կուսակցութեան ընտրապայքարի ռազմավարութիւնները։ Զոյգ թեկնածուները պատասխանեցին խմբագրակազմի հարցումներուն։ Այցելուները յայտնեցին որ «Ակօս»ի երդիքին տակ իրենք զիրենք կը զգան հարազատ միջավայրի ջերմութեան մէջ։
Ծանօթ իրողութիւն է, որ ՏԵՄ կուսակցութիւնը իր ստացած ձայներով մրցակցող կողմերու համար խիստ կարեւոր գործօն մըն է։ 2019-ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն այս կուսակցութիւնը թեկնածու չէր առաջադրած աջակցելով ընդդիմադիր վեցեակներու խմբակին։ Այդ ժամանակ կուսակցութեան բանտարկեալ նախկին համանախագահը Սելահատտին Տեմիրթաշ ընտրողներուն կոչ ուղղելով ըսած էր թէ «քար սեղմեցէք ձեր կուրծքին եւ աջակցէք ընդդիմադիրներուն»։ Այսպէսով ապահովուած էր այժմու քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ընտրութիւնը։ Ի դէմ ընդդիմադիրներու այս յաղթանակին ընդդիմադիր ջոկատը գնահատման որեւէ նշան ցոյց տուած էր։
Այս զարգացումներու հետեւանքը եղաւ նախորդ տարուայ Մայիս ամսուայ ընտրութիւններու ընթացքին կուսակցութեան ստացած ձայներու նուազումը։ Համակիրներ կուսակցապետերը կը քննադատէին իրենց կամքը ուրիշներու ի նպաստ շահագործելու պատճառով։
Մերալ Տանըշ Պեշթաշ յայտնեց թէ այս դիտողութիւնը նկատի ունենալով որոշած են Իսթանպուլի քաղաքապետարանի համար ալ թեկնածութիւն առաջադրելու։ Իսկապէս հետաքրքրութեան արժանի է թէ այս քայլը ի՞նչ նպաստ պիտի բերէ կուսակցութեան ստացած ձայներուն։
Եթէ Իմամօղլու կորսնցնէ իր աթոռը, այդ պարտութեան համար քաւութեան նոխազ պիտի ընտրուի ՏԵՄ կուսակցութիւնը։ Իսկ եթէ յանկարծ հակառակը պատահի այս անգամ ալ տեսանելի պիտի դառնայ կուսակցութեան մատնուած նահանջը։ Ընտրութիւններուն ամիս մը մնացած սպասենք ու տեսնենք։
Անվերջ ոստիկանական
բռնութիւն
Երբ խմբագրատան մէջ կը հիւրընկալէինք ՏԵՄ կուսակցութեան Իսթանպուլի թեկնածուները, անդին Գատըգիւղի մէջ բերման կ՚ենթարկուէին նոյն կուսակցութեան կին գործիչները։ Անոնք ընտրարշաւի ծիրէն ներս թռուցիկներ կը բաժնէին Գատըգիւղի փողոցներուն վրայ, երբ յանկարծ ոստիկաններ զիրենք բերման ենթարկեցին։ Այս ապօրէն եւ կամայական ոստիկանական բռնութեան դէմ Համայնավար կիներու խորհուրդի անդամներ՝ Թանյա Գարա, Էզկի Կիւրպիւզ, Մելիհա Քայաճը եւ Հաճէր Ելչին նոյն թաղի «Սիւրէյյա» օփերայի մուտքին մամլոյ յայտարարութիւն կատարելու պահին դարձեալ ենթարկուեցան ոստիկանական բռնութեան։ Այստեղ ոստիկանները 12 կիներ բերման ենթարկեցին, որոնք քանի մը ժամ ետք ազատ արձակուեցան։