ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
«Գեղեցիկ յանգերը յաճախ կաղ
մտքերի համար ծառայում են
իբրեւ յենակներ»։
Հ. Հայնէ։
Զղջումը յատկութիւնն է բարձր բարոյականութեամբ օժտուած անձանց, որոնք բաւարար կամքի ուժ եւ կորով կ՚ունենան իրենց իսկ սխալը ճանչնալ, ընդունիլ եւ ետ քայլ ընել, երեւոյթը չէզոքացնելու համար։
Տարօրինակ, մինչեւ իսկ զարմանալի կրնայ թուիլ, որ ոմանք համոզուած են, թէ մեր ժողովուրդը կամ հանրութիւնը հեռու է միաբանութենէն, բայց ակնառու է, որ հայ մամուլի զգալի մասը միաձայն եւ համասեռ է, մինչեւ իսկ բացառապէս միասնական է մայր երկրի՝ ՀՀ իշխանութիւններուն քարկոծելու, նուաստացնելու եւ աղտոտելու համար։ Չգիտեմ թէ ինչո՞ւ է այդպէս։ Ճիշդ է ըսուած, թէ «Բարձրեալի ուղիները անհասանելի են»։
«Բաց նամակ հայկական սփիւռքի ղեկավարութեան» երկարաշունչ իր խմբագրականով «Զարթօնք»ը շատ տժգոյն երանգով կը փորձէ ներկայացնել, թէ ի՚նչ տեղի կ՚ունենայ մեր աւետեաց երկին։ Կրկնակի ընթերցումով փորձեցի հասկնալ գրութեան նպատակը, բայց զուր էր փնտռածս։ Մի քանի էջ բառակոյտի մէջ կար ոչ սխալ մէկ նախադասութիւն՝ «Այն ինչ կը պատահի հայրենիքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակիչներուն միայն վերաբերող ներրքին հարց մը չէ, այլ համահայկական...»։ Պարզ ու տարրական տրամաբանութեամբ, եթէ որեւէ հարց կամ խնդիր համայնական բնոյթի է, ապա բնական է որ անոր լուծումն ու պատասխանատւութիւնը եւս հանրութեան հոգսերու մաս կազմեն։
Այդ կարծիքի չէ բաց նամակի խմբագիրը եւ իրեն իրաւունք կը համարէ առատ լուտանքներ թափել «Սուտ ու պատիր խօսքերէ խաբուած populist» (Ս.Յ.) հայրենակիցներու վրայ ընտրական մեղսակցութիւն կը համարէ եւ առիթը յարմար տեսնելով դարձեալ հրաժարական կը պահանջէ։ Բոլոր թիւրիմացութիւնները մէջբերել անիմաստ, բայց անհասկանալի է թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակով յօդուածագիրը 44-օրեայ կորուստներու քանակը յաւելումով կը ներկայացնէ 5000 մատղաշ պատանի, մինչդեռ իրականութիւնը այլ է։ Որո՞ւն հաճելի ըլլալու համար կը յիշուի մեր կորուստներու մի երկար ցանկ, որ յայտնի է բոլորին եւ բոլորը կը ողբան մեր անմեղ զոհերու կորուստին։
Խօսքի ազատութեան որեւէ տեսակի սահմանափակումը չէ մեր նպատակը, մանաւանդ մամուլի, քաւ լիցի, միայն թէ որեւէ խմբագրի բարձր բարոյականութիւնը իր ներկայացրած նիւթերու վերաբերեալ չի կրնար ըլլալ մօտաւոր, այլ ստոյգ, որ յաճախ չի յարգուիր։
«Զարթօնք»ի խմբագիրը մոլեռանդ զգացումով կ՚ապրի իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան թոյլ եւ վսեմ վիճակը։ Ի դէպ լայն տեղ յատկացուած էր թերթի մէջ Արա Գոչունեանի աղիողորմ–լացակումած գրութեան՝ ամանորի կաթողիկոսի պատգամը լսելու հաճոքէն զրկուելու համար, քանզի մարդկային տխմարութիւնը անեզր է եւ մի քանի օր առաջ՝ 17-2-24-ին մէկ այլ տխմար՝ ոմն Սերժ Սրապիոնեան, նոյն էջը զբաղեցուցած էր խաչակրաց արշաւանք ձեռնարկող կոչով, կաթողիկոսի մասին ծաւալուած խօսակցութիւններուն դիմակայելու, վստահ ըլլալով, որ եկեղեցին է հայութեան եւ երկրի փրկութեան վերջին միակ յենասիւնը Աստծու կողմէ ընտրուած իր կուռքի ներկայութիւնով։
Բազում են նման բարբաջանքներ գրողները եւ ենթակայ չեն անարգանքի, բայց երբ անոնք տեղ կը գտնեն 85-ամեայ թերթի էջերուն, անոնց հիմնական թիրախն է՝ հայրենի իշխանութեան լուծարումը։ Այդ տեսակով բաւական յագեցած է թերթի խմբագրականը, որ ճշմարտութիւնը կեղծի եւ սուտը իրականի հետ շաղախելով՝ էջեր կը լցնէ երկրի հիմքէն, դրօշէն ու խորհրդանշանէն սկսեալ, անցնելով հայ դրամատուներու վաճառքին՝ ոչ աւել եւ ոչ պակաս ազերիական դրամագլխով անձանց, Արարատը մերը լինելու-չլինելու փշոտ հարցին եւ չի մոռանար նշել Երեւանի շուկային թրքական ապրանքներու առկայութիւնը՝ առանց նշելու, որ վերջինս գոյութիւն ունի 30 տարի ի վեր։ Հայրենիքի հոգսերով հալ ու մաշ եղող խմբագիրը արդի կարեւորագոյն թեման կը համարէ արդէն թնջուկ դարձած պատմութեան չարաբաստիկ դասագիրքը, որ առիթ է իր համար գոռալ՝ «Մեր հայրենիքի անարժան ղեկավար ընտրուած անձ»ը մեղսակից է գործելով օտարներու պահանջով։ Դժուար է հարց չտալ, թէ ի՚նչ բարոյական հիմունքներէն ելնելով այդ խօսքերու հեղինակը դատախազի իրաւունքով կը դատապարտէ բոլորին, մասնաւոր եռանդով իշխանութեան։
Բազում են տարատեսակ մեղադրանքները վերոնշեալ բաց նամակի մէջ, ու հեղինակը որեւէ նշում չընէր իր տեղեկութիւններու աղբիւրներու մասին, որոնց հաւաստիութիւնը խիստ կասկածելի է, իմա՚ հնարովի, որի վրայ է կառուցուած հեղինակի ողջ գաղափարախօսութիւնը, որ այլ բան չէ քան մոլի ատելութիւն իր երկրի եւ ազգի նկատմամբ եւ շատ հեռու է կառուցողական քննադատութենէն, որու կարիքը ունինք։
Այնքան ոգեւորուած ու գոհ է պարոն Սեւակը իր շարադրանքէն, որ կոչ կ՚ուղէ Անթիլիաս եւ համայն հայկական հաստատութիւններուն, խիստ կերպով հակազդել այն ամէն ինչին, որ տեղի կ՚ունենայ հայրենի երկրէ ներս։ Չեմ կարծեր, որ երբ իր կոչը կ՚աւարտէ գրեթէ հրամանի տեսքով թէ՚ «Մենք խօսք ունինք ըսելիք եւ պիտի ըսենք», կը նշանակէ, որ յանձնառու են լիարժէք մասնակից դառնալ երկրի պահանջներու համապատասխան պարտականութիւններուն, քանզի որեւէ երկիր գեղեցիկ խօսքերով չի սնուիր։ Բանակը, դպրոցը, հիւանդանոցը, մշակոյթը, պաշտօնեաները, երթեւեկութիւնը եւ բոլոր մեծ ու փոքր հաստատութիւնները ամենօրեայ ծախսի կարօտ են եւ խօսքի իրաւունք փնտռողը, թող բարի ըլլայ իր մասնակցութիւնը բերել, նոյնիսկ եթէ ամէն ինչ կատարեալ չէ երկրին։
Ապաշխարելու եւ զղջումի շատ տեղ կայ ոմանց համար։
(Սեն Ռաֆայէլ)