Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան խմբագրատանս մէջ

20Մարտ չո­րեք­շաբթի ցե­րեկո­ւայ ժա­մերուն ու­րա­խու­թիւնը ու­նե­ցանք այցելութիւնը վա­յելե­լու Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թեան Միաբան­նե­րէն Գե­րաշ­նորհ Նա­րեկ Արք. Եպսկ. Ալեէմէ­զեանի, որ մի­ջոցէ մը ի վեր քա­ղաքս կը գտնո­ւի Տիեզե­րական Պատ­րիար­քի յա­տուկ հրա­ւէրով։

Այս այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին Սրբա­զան Արք. Եպիս­կո­պոսին կ՚ըն­կե­րակ­ցէր Յո­վակիմ Վրդ. Սե­րով­բեան։

Սրբա­զանը Իս­թանպուլ ժա­մանած է եկե­ղեցի­ներու հա­մաշ­խարհա­յին խոր­հուրդի ժո­ղովին մաս­նակցե­լու հա­մար։

Նա­րեկ Արք. Եպիս­կո­պոս այս այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին խմբագ­րութեանս նո­ւիրեց իր հե­ղինա­կած եր­կու հա­տոր­ներ, որոնցմէ առա­ջինը Սուրբ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցու «Բան խրա­տու վասն ու­ղիղ հա­ւատոյ եւ մա­քուր վա­րուց առա­քինու­թեան» անուն հա­տորն էր, որ երկլե­զու կը մա­տու­ցէր հա­յազ­գի սուրբի շատ կա­րեւոր աշ­խա­տասի­րու­թիւնը հա­յերէն, աշ­խարհա­բար եւ անգլե­րէն թարգմա­նու­թիւննե­րով։ Նշենք որ գիր­քի թարգմա­նու­թիւնը կա­տարո­ւած է Խա­չիկ Գրի­գորեանի կող­մէ։

Յա­ջորդ հա­տորը «Հայ եկե­ղեց­ւոց պա­տաս­խաննե­րը ոչ ուղղա­փառ առար­կութիւննե­րու» իր կար­գին եւս խիստ կա­րեւոր ու­սումնա­սիրու­թիւն մը, որ պա­տաս­խա­նէ մա­նաւանդ աղան­դա­ւոր­նե­րու ձե­ռամբ հայ հո­գեւոր մշա­կոյ­թի ուղղեալ մե­ղադ­րանքներու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ