Մշակում պոլսահայ համայնքի ապագայի տեսլականին

Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի կազ­մէն ներս գոր­ծող Թրքա­հայ Ակա­դեմա­կան­նե­րու Հար­թա­կը ձեռ­նարկած է լայ­նա­ծաւալ հար­ցա­խոյ­զի մը, որուն ընդհա­նուր խո­րագիրն է «Թուրքիոյ հայ հա­մայնքի ապա­գայի տես­լա­կանը»։

Հար­թա­կի անձնա­կազ­մի մէջ գո­յացած է տե­ղեկա­տուա­կան խմբակ մը, որ կ՚ու­սումնա­սիրէ ար­հեստնե­րու բա­ժանու­մը, ու­սա­նող­նե­րուն դպրոց­նե­րու հա­մակեր­պումը, յա­տուկ ուսման եւ խնամ­քի կա­րօտ ան­ձանց ստու­գումը եւ ան­հատնե­րու հա­մայնքի կա­ռոյցնե­րու հան­դէպ ներգրա­ւուա­ծու­թիւնը։

Խմբա­կին մաս կը կազ­մեն Տոքթ. Սե­ւան Կա­րապե­տօղ­լու, Տոքթ. Սե­լին Էօզ­քան, Տոքթ. Մե­րի Թաք­սի Տե­ւեճեան, Արաս Եոլու­սե­ւեր եւ Յով­հաննէս Կիւլ։

Այս մա­սին «Ակօս»ին տե­ղեկու­թիւններ տո­ւաւ հար­թա­կի անու­նով Տոքթ. Սե­ւան Կա­րապե­տօղ­լու։ Ան յայտնեց որ նման հար­ցա­խոյ­զով կ՚ու­զեն նախ եւ առաջ հա­մայնքի իրա­վիճա­կը եւ ըն­կա­լումնե­րը յստա­կաց­նել։ Ար­դէն սոցցան­ցե­րու մի­ջոցաւ մեկ­նարկած է հար­ցա­խոյ­զի պա­տաս­խաննե­րու հա­ւաքու­մը։

«Առա­ջին օրե­րը գո­յացան 500 պա­տաս­խաններ։ Ան կը յի­շեց­նէ թէ մաս­նակցու­թեան քա­նակի բարձրու­թիւնը երաշ­խիքն է նաեւ ար­դիւնքնե­րու ճշգրտու­թեան։ «2500 օրի­նակը ար­դէն բա­ւարար է յստակ պատ­կե­րացումներ ստա­նալու հա­մար։ Բայց այդ թի­ւը երեք կամ չորս հա­զարի հասցնե­լով պի­տի ու­նե­նանք շատ աւե­լի ճշգրիտ տո­ւեալ­ներ» ըսաւ Տոքթ. Կա­րապետօղլու։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ