ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
2024 թուականի Մարտի 22-ը Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադէմիական թատրոնի իրադարձային եւ պատմական օր էր. ստեղծման ժամանակներէն մէկ ու կէս դար անց հայոց բեմին էր Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ» օփերան՝ ամբողջական եւ բնօրինակով։
19-րդ դարու ականաւոր կոմպոզիտոր, երաժշտա-հասարակական գործիչ Տիգրան Չուխաճեանը հայ նոր երաժշտական դպրոցի հիմնադիրներէն է։ Անոր գործունէութեան հետ կապուած են հայ երաժշտական արուեստը եւրոպական մշակոյթին հաղորդակից դարձնելու եւ հայկական սիմֆոնիկ, կամերային ու օփերային երաժշտութեան հիմքերը դնելու առաջին ստեղծագործական փորձերը։
Ծնած է Կ. Պոլիս։ Ստեղծագործած է դեռ մանկական տարիներուն։ 1861 թուականին զինք կ՚ուղարկեն ուսանելու Միլան։ Հէնց այստեղ ալ՝ եւրոպական երաժշտական մշակոյթի առաջատար կեդրոններէն մէկը համարուող Միլանի մէջ, դասական օրինակներու ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ կ՚ընդլայնուի Չուխաճեանի մտահորիզոնը՝ մեծնալով հետաքրքրութիւնը դէպի օփերային թատրոնը։ 1864 թուականին կը վերադառնայ Պոլիս։ 4 տարի անց՝ 1868-ին, կը գրէ իր առաջին՝ 4 արարուածով, պատմական «Արշակ Բ» օփերան, որու համար հիմք կը ծառայեն 4-րդ դարին հայոց երբեմնի մայրաքաղաք Արմաւիր ծաւալուող իրադարձութիւնները՝ ըստ հայ պատմիչներ Խորենացու եւ Բիւզանդի տեղեկատւութեան։ Տրամաթիզմով լեցուն այս ժամանակաշրջանը առաջ կը բերէ պատմական դէմքերու մի ամբողջ ներկապնակ, որտեղ ամենէն առաջ Տիրան Արշակունիի որդի՝ Արշակ Երկրորդի դիմագիծը հրաշալի կերպով կը դրսեւորուի։ Հայոց Արշակ արքայի կերպարը տարբեր ժամանակներուն հետաքրքրած է մի շարք ստեղծագործողներու, անմասն չէ մնացած նաեւ Չուխաճեանը՝ իր առաջին լուրջ ստեղծագործութեան համար նիւթ որոնած պահուն։
«Արշակ Բ» օփերան աչքի կը զարնէ իր գեղարուեստական կառուցուածքով, երաժշտական ձեւերով, ժանրային ու ոճական առանձնայատկութիւններով։ Այս կու գայ փաստելու, որ հեղինակը հրաշալի կը տիրապետէ օփերային արուեստի բազմազան ձեւերուն ու արհեստավարժ տեխնիկային։ Չուխաճեանը այս գործը անուանած է նաեւ «գրանդ օփերա»։ Հայրենիքէն հեռու գտնուող հեղինակին խորթ եղած են ազգային սահմանափակումները։ Ան հայ երաժշտութիւնը դիտած է որպէս համամարդկային երաժշտական մշակոյթի մի մաս։ Եւ պատահական չէր, որ Չուխաճեանի գործերը տարածուած են ոչ միայն հայ, նաեւ այլ ժողովուրդներու մէջ։ Իսկ անոր երաժշտական գործունէութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Թուրքիայի եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի երաժշտական արուեստի զարգացման վրայ, առհասարակ։
Օփերայի լիպրետտոն գրած է բանաստեղծ, թատերագէտ Թովմաս Թերզեանը՝ իտալերէն լեզուով, իսկ հայերէն լիպրետտոյի հեղինակը Արմէն Գուլակեանն է։ Գրուելէ ետք «Արշակ Բ» ներկայացուած է հատուածաբար (սակայն ոչ ամբողջական) տարբեր քաղաքներուն՝ Վենետիկ, Փարիզ, Պոլիս, այդ թուին՝ 1873 թուականին Վիեննայի համաշխարհային ցուցահանդէսին։ Այնուհետեւ՝ երկար ժամանակ մոռացութեան մատնուած է, քանզի կարծած են, թէ պարտիտուրան վառուած է մի թատրոնի մէջ, որտեղ ենթադրաբար բեմադրուած է օփերան։ Եւ գտնուած է միայն 1930-ականներուն, վերախմբագրուած եւ բեմադրուած է 1940-ականներուն ՝ հայերէն լիպրետտոյով, իսկ 1986, 1991, 2007 թուականներուն բեմադրուած է առանձին դրուագներով։ Սակայն ամբողջական տարբերակով ու իտալերէն բնօրինակով առաջին անգամ ներկայացուեցաւ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադէմիական թատրոնի արտիստներու, երգչախումբի եւ նուագախումբի կատարմամբ։ Այս ամէնը իրականութիւն դարձաւ Օփերային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ դիրիժոր Կարէն Դուրգարեանի, Փարիզի «Տիգրան Չուխաճեան» միջազգային կեդրոնի տնօրէն բեմադիչ Ժիրայր Բաբազեանի, կոմպոզիտոր Ճոն Սարգսեանի եւ այլոց շնորհիւ։ Ներկայացման երաժշտական ղեկավարը իտալացի աշխարհահռչակ դիրիժոր Տոնաթօ Ռենցետտին է, բեմադրող ռեժիսորը՝ Ժան Ռոման Վեսպերինին, իսկ հագուստներու ձեւաւորողը՝ Սուքիաս Թորոսեանը։
Առաջնախաղին բեմ բարձրացան մենակատարներու ընտիր կազմ, որ իր բարձր վարպետութեամբ փայլեց ողջ երեկոյի ընթացքին։
Մարի Յովհաննիսեանի հետ զրոյցին բնօրինակ տեքստերու վերականգման, վերստեղծման աշխատանքները իրականացուցած կոմպոզիտոր, երաժշտագէտ Ճոն Սարգսեանը նշեց, որ դեռ 2001-ին Սան Ֆրացիսկօ ներկայ գտնուած է օփերայի ներկայացման, սակայն համոզուած է որ ան չէ ստացուած, քանի որ բաւականին մեծ ու չարդարացուած կրճատումներ եղած են։ Իսկ 2015 թուականէն ետք Ժիրայր Բաբազեանի հետ փորձած են ներկայացնել օփերան Փարիզ, Գանատա, Պուլղարիա, սակայն չէ իրականացած։ Միայն դիրիժոր Կարէն Տուրգարեանին նոտաները ուղարկելէ ետք ստացուած է համագործակցութիւնը։ Եւ ըստ զրուցակցի՝ 2023 թուականի Մարտի վերջին տեղի ունեցած է օփերայի համերգային ներկայացումը, որ հրաշալի ընդունելութիւն գտաւ հանդիսատեսի կողմէ, եւ ի վերջոյ՝ շուրջ մէկ տարի անց հասարակութեանը ներկայացուեցաւ ամբողջական բնօրինակով։
Փարիզի «Տիգրան Չուխաճեան» միջազգային կեդրոնի տնօրէն բեմադիչ Ժիրայր Բաբազեանը յաւելեց, որ օփերան լիպրետտոյի մասով որոշակի սրբագրութիւններով ներկայացուած է՝ մաեստրօ Կարէն Տուրգարեանի ըրածը համարելով հերոսութիւն։ «Մեր օրերուն ալ բաւականին հակասութիւններու հանդիպեցին, սակայն ան (Կ. Տուրգարեանը) առաջ գնաց ու ըրաւ իր մեծագոյն գործը՝ հանրութեան առաջին անգամ ներկայացուց օփերայի բնօրինակը։ Եւ շատ կարեւոր է հասկնալ, որ Չուխաճեանի առաջին իսկ հարուածէն ճիշդ գացած է։ Վերտի, Փուչչինի եւ ուրիշներ առաջին գործեր ունին՝ յօրինուած երիտասարդ տարիքին, որ այսօր չեն նուագուիր։ Մինչեւ որ Վերտին հասած է փրոֆէսիոնալ մակարդակի՝ ահագին ուրիշ գործեր գրած է, որոնք արխիվային նշանակութիւն ունին միայն։ Իսկ Չուխաճեանը միանգամէն փայլուն կերպով ստեղծագործած է։ «Սա պիտի աշխարհով մէկ տարածուի։ Արժանի է», իր խօսքը աւարտեց Բաբազեանը։
Իսկ մաեստրօ Տուրգարեանն ահա Չուխաճեանը բնորոշեց որպէս իրական հերոս, ով այդ դժուարին ու բարդ ժամանակաշրջանին կարողացած է ստեղծել նմանօրինակ արժէք։ «եթէ մենք կանգնած ենք այն գաղափարի շուրջ, որ առաջին օփերան գրած է Տիգրան Չուխաճեանը, ապա պարտաւոր ենք այս արժէքը ցոյց տալ»,-նշեց Կարէն Տուրգարեանը։
Յովհաննիսեանի հարցերուն, թէ ո՞րն էր համագործակցելու պատճառը եւ արդեօք իտալացի հանդիսատեսը կ՚ընդունի չուխաճեանական ստեղծագործութիւնը, ներկայացման երաժշտական ղեկավար եւ դիրիժոր Տոնաթօ Ռենցետտին պատասխանեց. «50 տարուայ կարիերայի վերջին քսան տարիներուն ես հետաքրքրուած եմ յատկապէս 19-րդ դարու օփերաներով։ Եւ շատ օփերաներ տեսած եմ, որոնք այնքան ալ չեն գրաւած։ Սակայն երբ ծանօթացայ Չուխաճեանի ստեղծագործութեան, տեսայ որ նախ ան Վերտիի ժամանակներու կոմպոզիտոր է, ապա նշմարեցի իտալական ազդեցութիւնը։ Չնայած անոր՝ Չուխաճեանը ունի իր իւրայատուկ ստեղծագործական ոճը։ Այդ պատճառով ալ ընդունեցի Հայաստան գալու եւ օփերայի երաժշտական ղեկավար ըլլալու հրաւէրը։ Ես ունիմ հայ ընկերներ, որոնք կ՚ապրին Իտալիա եւ յաճախ կը պատմեն Հայաստանի, հայ կնոջ գեղեցկութեան մասին։ Պարտիմ խոստովանիլ՝ թէ իրականութիւն է։ Բացի այդ՝ հրաշալի խոհանոցը ու մարդկանց ջերմութիւնը ինձ կը յիշեցնէ իմ ծննդավայրը։ Իտալացի հանդիսատեսին ներկայացնելու առումով իհարկէ՝ նախ պէտք է ներկայացնել ու հանրութեան ծանօթացնել օփերայի պատմութիւնը։ Իսկ երաժշտութիւնը լսելով՝ վստահ եմ՝ անգամ երկու րոպէն բաւական է, որ իտալացի արուեստասէրը հասկնայ՝ այս իտալական ոգիով գրուած երաժշտութիւն է, ու սիրէ, ընդունէ այն»։
Այսպիսով՝ Տիգրան Չուխաճեանի՝ ազգային օփերայի առաջին եւ լաւագոյն օրինակ հանդիսացող «Արշակ Բ» օփերայի բնօրինակի բեմելը հայ երաժշտա-թատերական արուեստի պատմութեան մէջ դասականութեան նոր շրջափուլի ազդարարումն էր, որ տրուեցաւ փառայեղ կերպով։ Այս մասին կը վկայեն օրեր շարունակ լեփ-լեցուն դահլիճին չդադարող ծափողջոյններն ու հանրային տարբեր շերտերու հիացական արձագանգի տեղատարափը։
Հաւատանք՝ արուեստասէր աշխարհը դեռ կ՚ունենայ բացառիկ հնարաւորութիւն ըմբոշխնելու Չուխաճեան ֆենոմէնը համաշխարհային բեմերէն։