Կայացաւ 2024-ի 31 Մարտին թուարկուած Թուրքիոյ շրջանային վարչութիւններու ընտրութիւնները, արթիւնքին տալով բոլորին անսպասելի աղիւսակ։ Արդարեւ նախընտրական կանխատեսումները գերազանցող համեմատութեամբ պարտութիւն կրեց Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութիւն, նահանջելով ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան դիմաց։
Ընտրութեան եփիկեդրոնը հանդիսացաւ երկրի մեծագոյն քաղաքը՝ Իսթանպուլ։ Այսպէս Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու երրորդ անգամ յաղթանակով դուրս եկաւ ընտրութիւններէն, ձայներու աւելի քան մէկ միլիոն առաւելութեամբ չախչախիչ պարտութեան մատնելով իշխանութեան թեկնածու Մուրատ Քուրումը։
Նման պատկեր մը գոյացաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր այս անգամ քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշ կրկնապատիկ քուէներ ստանալով պարտութեան մատնեց իշխանութեան թեկնածու Թուրկուտ Ալթընօքը։
Բացի մեծ քաղաքներու այս ցնցիչ պարտութենէն, իշխանութեան շրջանակները կորսնցուցին նաեւ քաղաքապետական խորհրդարանի մէջ ցարդ պահած մեծամասնութիւնը։ Նախապէս Նախագահ Էրտողան իր կողքին եղած այդ մեծամասնութեան ակնարկելով յայտարարած էր թէ ընդդիմադիր քաղաքապետերը կաղ բաթի պիտի նմանին։ Այդպէս ալ այդ մեծամասնութիւնը յաճախ կրցաւ խոչնդոտել Իսթանպուլի կամ Անգարայի քաղաքապետերուն բազում ծրագիրները։
Ընտրութեան արթիւնքներուն արձագանգեցին նաեւ համաշխարհային լրատուամիջոցները, ընդգծելով 2028-ի նախագահական ընտրութիւններուն Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի հաւանական մրցակցութիւնը այժմու նախագահի կամ անոր նշանակած թեկնածուի դիմաց։
Վերլուծաբաններ ընդդիմութեան յաջողութիւնը կը վերագրեն թոշակառուներու հալածանքին։ Այդ խմբակը, որ աւանդաբար որդեգրած է պահպանողական կեցուածք, ամէնածանր կը տանի տնտեսական ճգնաժամի եւ սղաճի հետեւանքները։
Շրջանային վարչութիւններու ընտրութիւններուն ընդդիմադիրներու յաղթանակով աւարտելէն ետք, զանազան շրջանակներէ կը լսուին խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու հաւանականութեան մասին պնդումներ։ Այդ սպասումները յստակօրէն հերգուեցան Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան նախագահ Էօզկիւր Էօզէլի կողմէ։
Ընտրութինը ալեկոծեց նաեւ այլ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որոնք նախագահական ընտրութեան նախօրէին դաշինք կազմած էին, եւ այս անգամ անչատաբար մասնակցեցան 31 Մարտի ընտրութիւններուն։ Անոնք եւս հիասթափեցան իրենց ստացած խիստ ցած զօրակցութեամբ։ Այսպէս ԻՅԻ կուսակցութեան շարքերէն արձանագրուեցան նոր հրաժարումներ։ Այս կուսակցութիւնը այժմ կը պատրաստուի կանխահաս համագումարի, ուր պիտի քուէարկուի կոսակցապետութեան համար ալ։