ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Թուրքիոյ մէջ արդարադատական համակարգի քաղաքականացման հետեւանքով անարդարօրէն բանտարկուած բիւրաւոր անուններու խորհրդանշանը դարձած է Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ։
Ան աւելի քան ինը տարիներ է, որ ազատազրկման պայմաններու մէջ բանտարկուած կը մնայ էտիրնէի արգելանոցը։
Ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական առակը «Չկայ չարիք, չունենայ բարիք»։ Նախքան բանտ մտնելը Տեմիրթաշ իր բարեկամներուն խոստացած էր բանտարկութեան իւրաքանչիւր տարին նոր գիրք մը հրատարակել։ Արդարեւ այս անարդար բանտարկութեան պայմաններու հետեւանքով Թուրքիոյ հասարակութիւնը ծանօթացաւ Տեմիրթաշի գրական շնորհին հետ ալ։ Ան արդէն ծանօթ էր իբրեւ բազմատաղանդ անհատ։ Կուսակցութիւնը գլխաւորած ժամանակ իսկ սոցցանցերու մէջ կը հանդիպէինք անոր երաժշտական կատարումներուն։ Ընդհանրապէս անարժէք ու անտաղանդ բթամիտներով լեցուն քաղաքական դաշտին վրայ Տեմիրթաշ լուսատու աստղ մը ըլլալով կը փայլէր ընդմիշտ։
Լոյս տեսած է Սելահատտին Տեմիրթաշի ութերորդ գիրքը, վէպի ձեւաչափով։ «Ժամալ» անուն գիրքի գլխաւոր կերպարը կապաւոր կերպով փողոցը ապրիլը նախընտրած անտունի մըն է։ Վիպագիրը պատկերալից տողերով կը նկարագրէ տնազուրկ մարդկանց զանազան կերպարներ, որոնք ընդհանրապէս բնակութիւն հաստատած են Պէյօղլու թաղի հարակից փողոցները։ Պատահականութիւններու հետեւանքով փողոցաբնակ Ժամալ կը ծանօթանայ գեղանի հայուհիի մը հետ, որուն անունն է Արուս։ «Արուս ըսելէն խուսափեցան եւ անձնագիրիս մէջ անունս նշեցին Իրիս ըլլալով։ Բայց ամբողջ կեանքիս ընթացքին թէ տան մէջ եւ թէ ընկերական բոլոր միջավայրերուն Արուս ըլլալով կը ճանչնան»։
Վէպի յաջորդող էջերը ընթերցողը յաճախ կը դնէ այնպիսի տպաւորութեան մը մէջ, կարծես թէ Հոլիվուտեան կամ Եէշիլչամեան կաղապարի վերածուած պատում մը կ՚ընթերցէ։ Բայց շուտով կը ձերբազատուիս այդ տպաւորութենէն շնորհիւ հեղինակի հրաշալի նկարագրումներուն։ Եթէ վէպի առանցքը սովորական կը թուի, անոր վրայ եկող իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն նորանոր գրական հնարք մըն է։
Վերեւ նշած էինք վիպագիրի բազմատաղանդ շնորհը։ Արդարեւ այս հրատարակչութեան կողքի նկարն ալ կը պատկանի Սելահատտին Տեմիրթաշին, ապացուցելով անոր գեղանկարչական կարողութիւնները եւս։
Վստահ կրնանք ըլլալ թէ «Տիփնոթ» հրատարակչատունէն լոյս տեսած «Ժամալ»ը շուտով կը սպառի եւ կ՚արժանանայ բազում նոր տպագրութիւններու։