Մայիս 1-ի նախօրեակին, զանազան ժողովրդավարական զանգուածային կազմակերպութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու անդամներու դէմ տան խուզարկութիւններ կատարուեցան: Բազմաթիւ անձեր բերման ենթարկուեցան:
ՄԱ-ի լուրերուն համաձայն, բերման ենթարկուծներէն կարգ մը անունները հետեւեալներն են՝ ՊԵՔՍԱՒ-ի համանախագահ Ահմէտ Ուչար, Այշէնուր Տեմիր, Փոլեն Էքոլոժի Քոլեքթիֆէն Ճեմիլ Աքսու, Կրուփ Վարտիյայի երգիչ Ռուշա Սապուր, ԷՍՓ-էն Այտըն Քըլըչտերե, Ալի Հայտար Սայկըլը, Հիւսէյին Իլտան, Ճեմրէ Նայըր, Էյլիւլ Տեւրիմ Ալթեփէ:
Նաեւ յայտնի դարձաւ, թէ Փարթիզանէն, ԹՕՓ-էն, Փրոլեթեր Տեւրիմճի Տուրուշէն եւ Քալտըրաչէն բազմաթիւ անձեր բերման ենթարկուած են:
ՏՀԱ գրեց, որ գործողութիւնը ուղղուած էր Մայիս 1-ին Թաքսիմի հրաւէր կատարողներու դէմ: Նշուեցաւ, որ Իսթանպուլի Հանրապետական Գլխաւոր Դատախազութիւնը 84 անձի դէմ բերման ենթարկելու հրաման արձակած է եւ 76-ը յսկողութեան տակ առնուած:
Մէկ այլ գործողութեան ընթացքին, 14 անձ բերման ենթարկուեցան:
Հաղորդուեցաւ, որ դատախազութիւնը երեք տարբեր գործողութիւններու ընթացքին ընդհանուր 108 անձի դէմ որոոշում կայացուցած է եւ անոնցմէ 92 անձ բերման ենթարկուած։
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, Թաքսիմի Հրապարակը այս տարի ալ ոստիկանական պաշարումի ենթարկուած է։ Կուսակալութեան որոշումով անհասանելի դարձած են դէպի Թաքսիմ տանող ճանապարհները։ Մեթրոն եւ հաւաքական փոխադրամիջոցները կը ստիպուին շրջանցել Թաքսիմի կայարանը եւ կանգառները։
Մինչ այդ, գլխաւորութամբ ՏԻՍՔ-ի բանուորական արհմիութիւնները համաձայնած էին այս տարուայ հանրահաւաքը Գատըգիւղի նաւամատոյցի հրապարակը անցկացնելու համար։
Իշխանութիւնները որքան ալ յամառին Թաքսիմի Հրապարակը արգիլելու մասին իրենց վճռակամութեան, հրապարակը շարունակեց կռուախնձոր մնալ բանուորնրու եւ ոստիկանութեան միջեւ։ Այս վերջիններս Մեճիտիյէգիւղի մէջ բուռն հրմշտուքի աւարտին բերման ենթարկեցին բազմահարիւր ցուցարարներ, որոնք կը ձգտէին Թաքսիմ հասնելու։
Քաղաքի մը ինքնութիւնը կը ձեւաւորուի պատմական անցեալով։ Հրապարակներ, պողոտաներ կամ փողոցներ այդ անցեալի վկայութիւններն են նաեւ։ Քաղաքի մշակոյթը այդ վկայութիւններով կը ձեւաւորուի։ Ինչպէս որ Մոնմարթրի բլուրը, Փարիզեան քոմունի խորհրդանիշն է եւ այդ պատճառաւ իսկ արժանացած է անձեռնմխելիութեան, Թաքսիմի հրապարակն ալ կը խորհրդանշէ 1977-ի Մայիս 1-եան դաւադրութիւնը։
Երբ քաղաքները զուրկ են նման յիշողութիւնները յարգող վարչայիններէ, կ՚օժտուին անմարդաբնակ հանրահաւաքի վայրերով։ Ահա այդպիսին է Եէնիգաբուի հանրահաւաքի վայրը, ուր ցուցարարները պիտի մեկուսանան քաղաքի անցուդարձէն եւ հետեւաբար անհանգստութիւն պիտի չպատճառեն իշխանութիւններուն։ Երեւոյթ մը՝ որ բոլորովին կը հակասէ քաղաքակիրթ աշխարհի ընկալումներուն։ Եթէ միլիոնով ժողովուրդ նպատակի մը համար փողոց պիտի ելլէ, երկրորդական նոյնիսկ երրորդական կը մնայ հասարակութեան սովորական առօրեայի յարատեւութիւնը։