Կը գերանցե՞նք ազգի ներկայի լեղին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Խաղաղու­թեան հաս­տատման ծա­մած­ռութիւննե­րու հան­դի­սատես ենք, կ’աղմկենք եւ ծափ կու տանք։

Ֆրան­սա­կան ասու­թիւն մը կայ, որ կ’ըսէ՝ «օձեր կուլ տալ», «avaler des couleuvres»… որ կը նշա­նակէ հան­դուրժել եւ ըն­դունիլ ամէն չա­րիք եւ անար­դա­րու­թիւն։ Կար­ծէք մեր ժո­ղովուրդը օձեր կուլ տա­լու դա­տապար­տո­ւած է, որ­պէսզի այս կամ այն ձե­ւով գո­յու­թիւն պա­հէ։ Կամ մեզ կը ստի­պեն այդ ընել որ­պէսզի կա­րենանք ապ­րիլ։

Շա­բաթ­նե­րէ ի վեր բազ­մա­տեսակ լրա­տուա­միջոց­ներ հայ ժո­ղովուրդին օձեր կլլեց­նե­լու մե­ծերու կազ­մա­կեր­պած թատ­րոն են։ Հա­յերն ալ, բան գործ թո­ղած, իրա­րու կը բա­ցատ­րեն, թէ օձ կուլ տալ լա՞ւ է թէ՝ ոչ։ Ամէնքն ալ, ձայ­նասփիւ­ռով, հա­մացան­ցով, «թապ­լէթ»-ային անսկիզբ եւ ան­վերջա­նալի թեր ու դէմ տե­սակէտ­նե­րու հան­դէսնե­րով կը վկա­յեն այն մա­սին, որ լա՞ւ է, թէ՞ վատ օձ կուլ տալ, կամ թէ ինչպէ՞ս պէտք է կուլ տալ օձե­րը, որ­պէսզի հայ ազ­գը եւ անոր հայ­րե­նիքը ու­նե­նան լաւ ապա­գայ, որ կը սահ­մա­նուի ան­նա­խադէպ խա­ղաղու­թեան եւ տնտե­սական բար­գա­ւաճան բազ­մե­րանգ խոս­տումնե­րով։ Այս երա­զային ապա­գային հա­մար հա­յերուն կ’առա­ջար­կո­ւի, աւե­լի ճիշդ, անոնց կը պար­տադրո­ւի, «օձեր» կուլ տալ։

Այդ ընե­լով կը դար­մա­նուի՞ պար­տութիւննե­րու եւ կո­րուստնե­րու հո­գեխո­ցը, կը վե­րականգնի՞ն հայ­րե­նիքը եւ անոր տէր ու ծա­ռայ ըլ­լա­լու գի­տակ­ցութիւ­նը, կամ­քը եւ յանձնա­ռու­թիւնը, Հա­յաս­տան Պե­տու­թեան, Հա­յաս­տան-Հայ­րե­նիքի եւ ամէն օր աճող եւ յար բազ­մա­նու­նայնա­ցող Սփիւռք(ներ)ի մէջ։

Մա­մուլ, լրտո­ւամի­ջոց, հա­մացանց, բեմ են պար­տութեան ան­հատնում թեր ու դէմ կրկնու­թիւն եղող վեր­լուծումնե­րու եւ դա­տաս­տաննե­րու, եթէ աճ­պա­րարւթեամբ պար­տութի­ւը յաղ­թա­նակ չհա­մարո­ւի։ Հա­մակար­գի­չի պա­տու­հա­նը բազ­մա­հեռա­տեսի­լային հան­դէս է։ Խօ­սափող­նե­րու առ­ջեւ իրա­րու կը յա­ջոր­դեն լրագ­րողներ եւ անոնց բան­գէտ հիւ­րե­րը, պե­տական գոր­ծիչներ, եր­բեմն ալ զբօ­սաշրջիկ «հայ­րե­նասէր­ներ», որոնք մար­գա­րէանա­լով, եղա­ծը, չե­ղածը եւ ըլ­լա­լիքը կը ներ­կա­յաց­նեն։ Յա­ռաջ­դի­մած ենք, ման կու գանք ար­դիակա­նու­թեան ըն­ծա­յած եւ տիւ ու գի­շեր մե­զի ըն­կե­րացող «թապ­լէթ» կո­չուած շար­ժա­կան հե­ռատե­սիլով, օրն ի բուն կրնանք լսել եւ դի­տել ամէ­նագէտ­նե­րը եւ անոնց վճիռ­նե­րը, կը սպա­սենք վեր­ջին մար­գա­րէին յայտնու­թիւնը։

Մին­չեւ այ­սօր, երբ «Հա­յաս­տան» կ’ըսէի, կը հասկնա­յի «Հայ­րե­նիք», մէկ եւ նոյն արե­ւին տակ եղած հա­յաշ­խարհը, ուր ապ­րած են նա­խահայ­րեր, պապ ու ապու­պապ։ Հի­մա շո­ւարու­մի մատ­նո­ւած եմ, երբ թոռ­ներս կող­քիս կը նստեց­նեմ, «Հա­յատա­ն» եւ «Հա­յոց Պատ­մութիւն» կը խօ­սիմ։ Չեմ գի­տեր անոնց ինչպէ՞ս բա­ցատ­րել «իրա­կան եւ ո՛չ իրա­կան հա­յաս­տաննե­րը»։ Կը յի­շեմ, օդա­նաւին մէջ ըսո­ւած, ար­տա­գաղ­թող հայ մօր խօս­քը, ուղղո­ւած իր ան­չա­փահաս զաւ­կին. «Քեզ նոր հայ­րե­նիքդ կը տա­նիմ»։ Կար­ծէք հայ­րե­նիքը շոր է եւ զայն եր­բեմն կրնանք փո­խել։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան վար­չա­պետը հրա­պարա­կած է այն միտ­քը, որ կայ «իրա­կան Հա­յաս­տան»ը եւ վերջ։ Մի­թէ՞ կայ, կա՞ր, անի­րական եւ հէ­քիաթա­յին Հա­յաս­տան մըն ալ։ Այս հաս­տա­տու­մի հե­տեւու­թեամբ, են­թադրե՞նք, որ տեղ մը կայ ոչ-իրա­կան Հա­յաս­տան մըն ալ։ Ո՞ւր եղած է եւ է, այդ երե­ւակա­յական եր­կի­րը։ Ան «Քաջ Նա­զար»ի առաս­պե՞լ է, թէ պատ­մութեան մէջ ար­ձա­նագ­րուած իրո­ղու­թեան եւ իրա­ւունքի վկա­յու­թիւն, նա­խահայ­րե­րու ինքնաիրա­կանաց­ման աշ­խարհը, ուր անոնք ապ­րած են, զայն դրոշ­մած են կեան­քով, որ պատ­մութիւն է, մշա­կոյթ եւ կեն­ցաղ, ուր եղած են հայ­կա­կան թա­գաւո­րու­թիւններ, յայտնուած են ան­նիւթա­կան ար­ժէքներ, մշա­կոյթ եւ արա­րումներ, իրա­ւունք դա­ջած են աշ­խարհագ­րութեան եւ ժա­մանա­կին։

Եթէ հե­տեւինք ժա­մանա­կակից գի­տու­թեան ըն­ծա­յած բազ­մաբնոյթ մի­ջոց­նե­րով հրա­պարա­կուող եւ որ­պէս հայ­կա­կան ներ­կա­յացող լրա­տուա­միջոց­նե­րուն, անոնք ըլ­լան խօսք թէ պատ­կեր, շո­ւարու­մի կը մատ­նո­ւինք ի տես եւ ի լուր իրե­րամեր­ժութեան եւ «սե­ւաց­րէք»ի բաց եւ ան­դուռ հան­դէսնե­րու, ուր կը բե­մադ­րո­ւին զի­րար հա­կասող (ան)ճշմար­տութիւննե­րը։

Նա­խահայ­րե­րէն ժա­ռան­գո­ւած հա­յոց հայ­րե­նիք Հա­յաս­տա­նէն մնա­ցած է վեր­ջին բե­կոր տա­րածք մը, զոր կը կո­չենք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւն, զոր պէտք է ապ­րեցնել եւ պաշտպա­նել։ Բայց այս պատ­ճա՞ռ է, որ ու­րա­ցուին հայ ժո­ղովուրդի ան­ցած ու­ղին, «Հա­յոց պատ­մութիւն»ը, Հո­ղը, ուր ստեղ­ծո­ւած է ինքնու­թիւն, Մես­րո­պով,, Անիով, Աղ­թա­մարով, Արա­րատով, Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չով, սուրբե­րով, գու­սաննե­րով, առաս­պելնե­րով, Նա­րեկա­ցիով, Սա­սունցի Դա­ւիթով։ Պար­տո­ւածի եւ ըն­կե­ցիկի լքման հո­գեբա­նու­թեամբ պէտք չէ Հա­յաս­տան իրո­ղու­թիւն-իրա­ւունքի ու­րա­ցու­մը քա­ղաքա­կանու­թիւն հա­մարել եւ ստրկա­ցու­մը՝ դա­րեր ապ­րած ազ­գի ներ­կայ եւ ապա­գայ, նոյ­նիսկ եթէ այդ ստրկա­ցու­մը, ինքնա­խաբէու­թեամբ որ­պէս այդ չի ներ­կա­յանար, որ­պէս այդ չենք ըն­դունիր։

Հայ հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գութեան են­թա­հող երկիրը հա­մաշ­խարհա­յին պատ­մութեան մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած ծա­նօթ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ-ARMENIA տա­րած­քը հայ ժո­ղովուրդի եր­կիրն է, հոն ար­ձա­նագ­րո­ւած է ՀԱ­ՅՈՑ Պատ­մութիւ­նը, երբ չկա­յին ո՚չ Թուրքիա եւ ո՚չ Ատրպէյ­ճան։ Այս ճշմար­տութեան առ­ջեւ պէսք է կանգնեց­նել բո­լոր անոնք, որոնք չես գի­տեր վասն ո՞ր ար­դա­րու­թեան, Հա­յոց Հայ­րե­նիքի մաս­նա­տու­մը ըն­դունած են եւ կը շա­րու­նա­կեն մաս­նա­տել, մենք ալ մենք մեզ կը հա­մոզենք, որ հայ­րե­նիք պա­հելու եւ ու­նե­նալու քա­ղաքա­կանու­թիւն կը խա­ղանք։

Նա­խահայ­րե­րէն ժա­ռան­գո­ւած հա­յոց հայ­րե­նիք Հա­յաս­տա­նէն մնա­ցած վեր­ջին բե­կոր տա­րած­քը կը կո­չենք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւն եւ կը հրա­ժարինք նա­խահայ­րե­րու նիւ­թա­կան եւ հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գութե­նէն։ Եթէ հե­տեւինք ժա­մանա­կակից գի­տու­թեան ըն­ծա­յած բազ­մաբնոյթ մի­ջոց­նե­րով հրա­պարա­կուող եւ որ­պէս հայ­կա­կան ներ­կա­յացող տե­ղեկա­տուա­կան աղ­մուկին, ան ըլ­լայ խօսք թէ պատ­կեր, շո­ւարու­մի կը մատ­նո­ւինք ի տես եւ ի լուր իրե­րամեր­ժութեան եւ «սե­ւաց­րէք»ի բաց եւ ան­դուռ հան­դէսնե­րու, որոնք կը բե­մադ­րեն իրենց զի­րար հա­կասող (ան)ճշմար­տութիւննե­րը։

Նա­խահայ­րե­րէն ժա­ռան­գո­ւած հա­յոց հայ­րե­նիք Հա­յաս­տա­նէն մնա­ցած է վեր­ջին բե­կոր տա­րածք մը կայ, զոր կը կո­չենք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւն։ Եւ ինքնամ­խի­թարու­թեան հա­մար, չմնա­լու հա­մար պար­տութան եւ կո­րուստի առ­թած հո­գեխո­ցիեւ ընկճո­ւածու­թեան ըն­թարմաց­ման մէջ, ինքնա­խաբէու­թեամբ, ԲԵ­ԿՈՐԸ կը կո­չենք ԻՐԱ­ԿԱՆ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ, զայն կ’ըն­դունինք որ­պէս շնոր­հո­ւած տե­սակ մը մխի­թարա­կան պար­գեւ, անո­րոշ ապա­գայով եր­կիր մը, քա­նի որ Պա­քուի հա­մար միշտ օրա­կարգ է Արեւմտեան Ատրպէյ­ճա­նը եւ Հա­յաս­տա­նէն հե­ռացած Ատրպէյ­ճանցի­ներու վե­րադար­ձը, որ­պէսզի Իրա­կան Հա­յաս­տա­նը նո­ւաճէ խա­ղաղու­թիւն՝ դառ­նա­լով «Ատրպէյ­ճան»։

Փա­կագիծ. կը խօ­սուի՞, կը խօ­սի՞նք Պա­քուի եւ Ար­ցա­խի հա­յերու վե­րադար­ձի եւ իրա­ւունքնե­րու մա­սին։ Միացեալ Նա­հանգնե­րու Խա­ղաղու­թիւն կեր­տող «պիզ­նեսնա­գէտ» նա­խագա­հը ե՞րբ պի­տի խօ­սի հայ ազ­գի եւ հայ­րե­նահա­նուած հա­յերու վե­րադար­ձի իրա­ւունքի մա­սին։ Ան օր մը ըսաւ ԵՂԵՌՆ։ Պի­տի ըսէ՞, թէ ինչ կայ բա­ռին տակ եւ մէջ։

Կը յի­շեց­նեմ, որ Ամե­րիկա­յի ներ­կայ նա­խագա­հի նա­խորդնե­րէն նա­խագահ Հա­րոլտ Ուիլ­սըն ար­դա­րու­թեան հի­մունքնե­րով գծած էր Հա­յաս­տա­նի քար­տէ­սը, որ­պէսզի հա­յերը չմնան հայ­րե­նահա­նուած եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան խո­ցը դար­մա­նուի, բա­րոյա­կանու­թեան հի­մերու ար­դա­րու­թիւն եւ խա­ղաղու­թիւն հաս­տա­տուին։

Մարդկու­թիւնը, բաց ճա­կատով պի­տի ըսէ՞, թէ կը մեր­ժէ ֆրան­սա­ցի բա­նաս­տեղծ առա­կագիր Ժան տը Լա­ֆոն­թէ­նի յո­ռետե­սական դառն իմաս­տութիւ­նը, որ «զօ­րաւո­րին իրա­ւունքը միշտ լա­ւագոյնն է»։

Ու­րիշ ֆրան­սա­ցի իմաս­տուն մը ըսած է, որ «գի­տու­թիւնը առանց բա­րոյա­կան ըմբռնու­մի հո­գիի աւե­րակ է»։ Այ­սօր ժո­ղովուրդի մը ինքնու­թիւն եւ իրա­ւունք «բիզ­նես» ան­մի­ջակա­նին կը զո­հուին։ Ֆրան­սա­կան Յե­ղափո­խու­թեան օրե­րուն, կա­ռաբ­նատ տա­րուած Տի­կին Րո­լան, ըսած էր. «Ո՜վ մարդկա­յին ար­դա­րու­թիւն, ի՜նչ ոճիր­ներ կը գոր­ծո­ւին քու անու­նովդ»… Ըսե՞նք, «Ո՜վ պիզ­նես», քե­զի հա­մար կը զո­հուին, ինչ որ բար­բա­ջելով կը կո­չեն իրա­ւունք եւ ար­դա­րու­թիւն…

«Ազգ եւ հայ ըլ­լա­լու հա­մար այ­սօր կեն­սա­կան է վե­րականգնել ո՚չ ըսե­լու առա­քինու­թիւնը», որ­պէսզի հա­յը չսրբո­ւի պատ­մութեան բե­մէն։

Ի՞նչ պի­տի պատ­մեմ թոռ­նե­րուս իրենց ո՚չ թէ իրա­կան հայ­րե­նիքի մա­սին, այլ՝ իրաւ հայ­րե­նիքի, որ չըլ­լայ հէ­քիաթ, շա­բաթա­վեր­ջի երգ, պար ու խո­րոուած, ըլ­լայ առանց նոր հայ­րե­նիք­նե­րով չփո­խարի­նուող հա­րազա­տը, որ­պէսզի մենք ըլ­լանք մենք, ըլ­լանք ան­խարդախ շա­րու­նա­կու­թիւն, չդա­տապար­տո­ւինք ըլ­լա­լու բազ­մա­պատ­կո­ւող ան­հայրե­նիք­նե­րու շար­քին մո­լորա­կին վրայ աս­դին ան­դին սփռո­ւած հա­մայնքներ։

Իսկ հա­մայնքը ազգ չէ, այլ՝ ազ­գի մնա­ցորդ, որուն յի­շողու­թիւնը կը նօս­րա­նայ եւ անոր բո­վան­դա­կու­թիւնը աս­տի­ճանա­բար կը փո­խարի­նուի այլ նո­րով։ Այս ու­ղիի վեր­ջին կը յայտնո­ւի «ծա­գու­մով հայ» նոր քա­ղաքա­ցին, որ ժա­մանակ մըն ալ ինքզինք կո­չէ «աշ­խարհա­քաղա­քացի»։ Այդպէս յա­ռաջած են պատ­մութեան գիր­քե­րու մէջ յի­շուող ան­լե­զու եւ ան­հայրե­նիք դար­ձած «մե­ռած ազգ»երը։

Կու­նե­նա՞նք գա­հավի­ժու­մը կա­սեց­նող ազ­գա­յին գա­ղափա­րախօ­սու­թիւն, զայն կեն­սա­գոր­ծող իրա՚ւ առաջ­նորդու­թիւն, որ ինք թմբի­րէ արթննայ, արթնցնէ ժո­ղովուրդը եւ զայն միաց­նէ։

Իրենց եսե­րով փքո­ւած ողոր­մե­լիներ այս կար­գի միտ­քե­րուն հա­մար կ’ըսեն, որ անոնք «ջու­րի մա­կերե­սին տրո­ւած սու­րի հա­րուած են»։

(Հայ­րե­նիք)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ