ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԿԵՂԾ

Այս շաբաթ մա­մու­լը եւ մեր ըն­կե­րային զրոյցնե­րը ողո­ղուե­ցան կեղծ խա­ղաղու­թեան, կեղծ փաս­տա­թուղթե­րու եւ ալ­կո­հոլա­յին կեղծ խմիչքնե­րու լու­րե­րով։ Լսե­ցինք նաեւ բազ­մա­թիւ լու­րեր, որոնք, ան­կասկած կեղծ էին։ Տե­սանք կեղծ հան­ճարներ։ Կեղծ ձայ­ներ լսե­ցինք։ Իսկ ես, այս ող­բա­լի տե­սարա­նի դէմ ու դէմ, ձեռքս ծնօ­տիս, ափ­սո­սեցայ։ Ապա, որո­շեցի «կեղծ» ածա­կանի ստոյգ, ճշմա­րիտ եւ վստա­հելի պատ­մութիւ­նը գրի առ­նել։ Աղ­բիւրնե՞րս։ Դուք մի՚ կաս­կա­ծիք։ Անոնք շատ վստա­հելի են. Հայ­կազնեան բա­ռարան­ներ, ըն­տիր տա­ղարան­ներ, քա­նի մը օրա­թերթ եւ եր­գա­րան մը սի­րուն։ Արդ, ձեզ կը հրա­ւիրեմ խար­դախնե­րու նեն­գա­ւոր­նե­րու եւ խա­բեբա­ներու աշ­խարհը եւ տես­նենք, թէ անոնք ի՚նչ պար­գե­ւեր են մեր մայ­րե­նիին։

Ան­կեղծ դի­ւանա­գէտը

Հա­յը չհասկցաւ։ «Կեղծ բա­ռը ինչպէ՞ս սպրդե­ցաւ իր լե­զուի մէջ։ Բա­ռարան­ներն ալ լուռ են։ Ծա­գու­մը անստոյգ օտա­րական մըն է ան։ Լե­զուա­բան այ­րեր, հայ, թէ օտար, եր­կար ժա­մանակ կար­ծիք յայտնե­ցին, վի­ճաբա­նեցան, աւա՜ղ, ար­մա­տը չգտան։ Ին­չո՞ւ զար­մա­նանք… Հա­յը, ըսաւ Դե­րենիկ Դե­միր­ճեանը, կը պաշ­տէ ճշմար­տութիւ­նը։ Ախալ­քա­լաքի մէջ ծնած, Ար­տա­հանի մէջ դաս­տիարա­կուած գրա­գէտը նաեւ մէկ­նա­բանեց հա­յու նկա­րագի­րը. «Դիպ­լո­մատիայի (Դի­ւանա­գիտու­թիւն) մէջ մի բա­նումն է շատ հո­գածու - ան­կեղծ լի­նել։ Այնքան ան­կեղծ է եւ միամիտ, որ ան­կասկա­ծելի խո­րաման­կի եւ կեղ­ծա­ւորի է անում»։

«Գէղ­ձէ­վիւյ» զէյ­թունցին

Եր­կար ժա­մանակ չտե­ւեց, որ հա­յը նկա­տէ, թէ մարդ արա­րածը կա­րելի է որ ու­նե­նայ թե­րու­թիւններ, ապա ստեղ­ծեց հա­մապա­տաս­խան բա­ռեր։ Յի­սու­նէ աւե­լի են անոնք։ Ամէն մէ­կը մարդ մըն է, որ մեր մէջ կ’ապ­րի ան­կեղծի տա­րազ հա­գած, ինչպէս՝ կեղ­ծա­բան, կեղ­ծա­բարոյ, կեղ­ծա­խօս, կեղ­ծա­կեր­պիչ, կեղ­ծա­րար, կեղ­ծո­գի, կեղծպա­րիշտ… Գրա­բարա­խօս մեր նա­խահայ­րե­րը նաեւ ստեղ­ծեր են «Կեղծս ի կեղծս» ար­տա­յայ­տութիւ­նը, այ­սինքն՝ պէս պէս սուտ կեր­պա­րան­քով։ Ան­կեղծ ըլ­լանք, «կեղծ» բա­ռը զո­ւար­ճա­լի հարստու­թիւնը մըն ալ բե­րած է մեր մայ­րե­նիին։ Խօսքս բար­բառնե­րու մա­սին է։ Մշե­ցին երբ խօ­սի կեղ­ծա­ւոր մար­դու մա­սին, ան կ’ըսէ՝ «կէղ­ձա­ւոր», պոլ­սե­ցին եւ սե­բաս­տա­ցին՝ «գէղ­ձա­վօր», Սալ­մաստի հա­յը «կեխ­ծա­ւոր», երե­ւան­ցին՝ «կէխ­ցա­ւօր», ար­ցախցին՝ «կէղ­ծա՚վըէր», Պա­քուէն ո՚չ շատ հե­ռու Շա­մախի մէջ՝ «կէխ­ծօօր», Գո­րիսի մէջ՝ «կ՚ըղ­ծա­վօր», Սղեր­դի արա­բախօս քրիս­տո­նեանե­րու մէջ՝ «geğzavor»։ Թու­մա­նեանը երբ Թիֆ­լիս հաս­տա­տուե­ցաւ, հա­ւանա­կան է, որ հան­դի­պեցաւ քա­նի մը տե­ղացի «կէխ­ծա­վիր»նե­րու։ Իսկ դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, հար­ցուցէք զէյ­թունցիին, թէ մար­դու ո՚ր տե­սակն է ամե­նէն ատե­լին, ան ան­մի­ջապէս պի­տի պա­տաս­խա­նէ՝ «գէղ­ձէ­վիւյ» մար­դը։

Կեղծ ոչ­խա­րը

Ոս­կե­դարէն սկսեալ «կեղծ» գա­ղափա­րը տե­ղաւո­րուե­ցաւ հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան մէջ եւ ար­ձա­նագ­րո­ւեցաւ մա­տեան­նե­րու մէջ։ Այդ կաս­կա­ծելի եւ մութ աշ­խարհի մէջ պտոյտ մը կա­տարե­ցի։ Ական­ջա­լուր եղայ ըն­տիր ար­տա­յայ­տութիւննե­րու։ Անոնց մէջ Եղի­շէն, Եզ­նի­կը, Նա­րեկա­ցին, Ման­դա­կու­նին, Արծրու­նին, Շնոր­հա­լին եւ այլ գրիչ­ներ կը զրու­ցէին։ Ահա քա­նի մը տպա­ւորու­թիւն. «Զգի­տու­թիւնն կեղ­ծա­բերէին», 11-րդ դար, «Այր կեղ­ծա­ւոր / Վա՚յ ձեզ դպրաց եւ փա­րիսեց­ւոց կեղ­ծա­ւորաց / Կեղ­ծա­ւոր խո­րաման­կութիւն», 7-րդ դար, «Կեղ­ծա­ւորա­կան կեր­պա­րանք», 11-րդ դար, «Բառ­նա­բաս կեղ­ծա­ւորա­կից», 12-րդ դար, «Ոչ­խա­րազ­գեստ գայլք կեղ­ծա­ւորեն զբա­րեկա­մու­թիւն», 9-րդ դար, «Նման է հի­ւան­դի, որ կեղ­ծա­ւորի զա­ռող­ջութիւն / Դա­ւաճանս կեղ­ծա­ւորեալ / Կեղ­ծա­ւորեալ դի­մակս», 7-րդ դար, «Մի՚ կեղ­ծա­ւորու­թեամբ սի­րել, այլ ʼի սուրբ ստէ», 7-րդ դար, «Բա­րեկա­մու­թեան կեղ­ծա­ւորեալ», 6-րդ դար, «Ստու­թիւն եւ դա­ւաճա­նու­թիւն կեղ­ծեացն սա­տանա­յի», 12-րդ դար։ Իմաս­տուն այ­րե­րու այդ ատեանի մէջ աղօթ­քի նստած էր Նա­րեկա­ցին։ Ես լսե­ցի անոր խնդրան­քը. «Սէր անեղ­ծա­կան»։

Հայ մե­ծերը կեղ­ծի­քի մա­սին

Մեր ժա­մանակ­նե­րու հայ մե­ծերը խրա­տական խօս­քեր ար­տա­սանե­ցին ու մեզ զգու­շա­ցու­ցին կեղ­ծի եւ կեղ­ծա­ւորի դէմ։ Անոնցմէ մէ­կը Յա­կոբ Պա­րոնեանն էր. «Կեղծ բա­րեկամ­նե­րը արե­ւու ժա­մացոյ­ցի կը նմա­նին, երբ օրը պայ­ծառ է՝ կը տես­նո­ւին, երբ ամ­պոտ է՝ չեն տես­նո­ւիր»։ Գա­րեգին Նժդեհ հայ ազ­գը ոգե­ւորող խօսք մը աւան­դեց մե­զի. «Պիտ’ պար­տո­ւի, պիտ’ մեռ­նի կեղ­ծի­քը մեր կեան­քում, որ ապ­րի մեր ժո­ղովուրդը»։ Մու­րա­ցանը մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ որ­քան ըն­տիր է ազ­նիւ սէ­րը. «Ճշմա­րիտ սէ­րը այնքան նո­ւազ է աշ­խարհում, որ եթէ կեղ­ծիքնե­րի մեծ մա­սը ճշմար­տութեան տեղ ըն­դունենք, այն ժա­մանա­կը կեան­քը դժոխք կը դառ­նայ մեզ հա­մար»։ Աւե­տիք Իսա­հակեանի Աբու Լա­լա Մա­հարին, -գի­շեր էր, քնա­ցած էր քա­ղաքը-, շար­ժեց իր կա­րաւա­նը ու հե­ռացաւ։ Ին­չո՞ւ։ Կեղծ համ­բոյրն էր պատ­ճա­ռը. «Բիւր կեղ­ծիք ու­նի իր ակունքի մէջ համ­բոյրը մարդկանց, համ­բոյրն ըն­կե­րի»։ Բայց, յար­գե­լի ըն­թերցող, ի՚նչ բախ­տա­ւոր ենք, Պա­րոյր Սե­ւակը «Զգու­շա­ցում» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ ինչպէ՚ս կա­րելի է պայ­քա­րիլ կե­ղիքի դէմ.

Թէ ոս­տայնի պէս ստեր են հիւ­սում,

Եւ դու կեղ­ծի­քը ճեղ­քել ես ու­զում,

Պի­տի սո­վորես ստո­ղի լե­զուն։

1750 թո­ւակա­նին, մէկ այլ դա­սական իմաս­տուն բա­նաս­տեղծ, երա­ժիշտ, գիտ­նա­կան, հրա­տարա­կիչ, արեւմտա­հայ ազ­գա­յին ու կրթա­կան լու­սա­ւոր­ման շարժման գոր­ծիչ Պաղ­տա­սար Դպիր, չենք գի­տեր ինչ հան­գա­մանքնե­րու տակ՝ գրի առաւ խրա­տական քա­ռեակ մը։ Կը փա­փաքիմ զայն մէջ­բե­րել, քան­զի խիստ շա­հեկան է ժա­մանա­կակից ըն­թերցո­ղի հա­մար ալ. «Եղիր ազ­նիւ ու մի՚ դա­ւիր, ոչ ոքի ցաւ մի՚ պատ­ճա­ռիր, / Լաւ է բա­ցայայտ թշնա­մին, քա­նի բա­րեկա­մը նեն­գա­ւոր, / Պէտք է փախ­չել այն բա­րեկա­մից, ով ձե­ւանում է կեղ­ծա­ւոր, / Քան­զի նա աւե­լի խորն է խո­ցում, քան օձը թու­նա­ւոր»։

Պա­քուի կեղ­ծիքնե­րը

Հայ­կա­կան գիր­քը մէկ այլ վստա­հելի աղ­բիւր է։ Դուք հոն կը գտնէք «կեղծ» խո­րագի­րերու հա­րուստ պա­շար։ Գիր­քե­րու աշ­խարհը ճա­նապար­հորդու­թիւն մըն է իս­կա­կան, որ մեզ կը տա­նի հայ­կա­կան բնաշ­խարհի կա­րօտա­լի վայ­րե­րը։ Կա­տարենք կարճ պտոյտ մը արեւ­մուտքէն արե­ւելք. Պո­լիս, «Հռով­մայ Սրբոյն Պետ­րո­սի կեղծ աթո­ռը», Կ. Պո­լիս, 1871 եւ «Կեղծ հան­ճարներ», 1909, Կի­րասոն, Փե­թակ տպա­րան, «Ժա­մանա­կակից ամուսնա­կան կեղ­ծի­քը», 1913, Ալեք­սանտրա­պոլ, «Կեղ­ծա­ւոր դար», 1901, Պա­քու, «Յա­րու­թիւն Արա­րատեանի կեղ­ծի­քը», 1894 եւ «Կեղծ ազ­նո­ւու­հիք», 1898։ Իսկ ես ձե­զի կը յանձնա­րարեմ երե­ւանեան գրա­խանութ մը հե­ռաձայ­նել եւ հարցնել, ար­դեօք դեռ կայ 2001 թո­ւակա­նին հրա­տարա­կուած բա­ռարան մը, որ օգ­տա­շատ է գրա­սէր մար­դու հա­մար՝ «Հա­յոց կեղ­ծա­նուննե­րի, ծած­կա­նուննե­րի բա­ռարան»։

Կեղծ մար­գա­րիտ­ներ

Մեր հա­րազատ գրիչ­նե­րը «կեղծ» բա­ռը յար­մար գտան անձնա­կան եւ ազ­գա­յին ող­բերգու­թիւննե­րը քնա­րական քեր­թո­ւածի վե­րածե­լու հա­մար։ Գե­ւորգ Էմին գրի առաւ «Սի­ման­թո­յի մե­նախօ­սու­թիւնը», ուր քա­ղաքա­կան աշ­խարհը թի­րախ դար­ձաւ Էմի­նի կծու բա­ռերուն. «Օ՜, դու մարդկա­յին / Կամ.. Ան­մարդկա­յին / Կեղծ ար­դա­րու­թիւն, / Ես — Սիաման­թօն— … / Թքե՚լ եմ ես քո կեղ­տոտ ճա­կատին…»։ Պետ­րոս Դու­րեանը, -երբ տղան քրտին­քի մէջ էր եւ կ’ու­նե­նար մա­հու թռիչք-, իր մօր ճշմա­րիտ ար­տօսրի մէջ մար­գա­րիտ­ներ տե­սաւ. «Բա­ցի աչերս խոն­ջած, / Մօրս ար­տօսրը տե­սի՜… / Ո՜հ, ճշմա­րիտ գո­րովի / Մար­գա­րիտ­ներ սուտ ու կեղծ …»։ Իսկ Պա­րոյր Սե­ւակը, որ մե­զի սո­րուե­ցու­ցած էր ինչպէս դի­մանալ կեղ­ծին՝ օր մը ի՚նքը յօգ­նե­ցաւ պայ­քա­րելէ ու գրեց աւար­տած սի­րոյ դառն խօս­քեր. «Ան­կեղծ ասած՝ այս ամե­նից ես յոգ­նել եմ»։ Սե­ւակը չու­զեց այ­լեւս սի­րոյ սուտ ու փուճ խօս­քեր եւ հէ­քիաթ­ներ լսել. «Ան­կեղծ ասած՝ դու բնաւ էլ ա՚յն չես եղել, / Ա՚յն չես եղել, ինչ որ ես եմ կար­ծել եր­կար… / Ան­կեղծ ասած՝ հե­քիաթ­նե­րից ես յոգ­նել եմ»։

Կեղծ կուռքեր

Ան­կեղծ աչք եւ ան­կեղծ գրիչ. ահա, թէ ինչ պէտք էր տի­կին Զա­պէլ Եսա­յեանին, որ­պէսզի ան իր ժա­մանա­կի տի­պար ան­կեղծը նկա­տէ եւ անոր մա­սին տոմս մը գրի առ­նէ։ Տի­կին Եսա­յեանը ըսաւ. «Ին­քը թշնա­մին է մի­ջակու­թիւննե­րու եւ անոնց գռե­հիկ մո­լու­թիւննե­րուն։ Իր վի­պակ­նե­րուն մէջ կ՚երե­ւան բո­լոր քօ­ղար­կեալ տգե­ղու­թիւննե­րը, կեղ­ծիքնե­րը… Անի­կա սոս­կա­լի խա­րազան մըն է, որ իրենց պա­տուան­դաննե­րէն վար կը գլտո­րէ կեղծ կուռքե­րը»։ Այդ ան­ձը Գրի­գոր Զօհ­րապն էր։ Իսկ կին գրող­նե­րու շար­քին տի­կին Եսա­յեանի ու­շադրու­թիւնը գրա­ւեց օրիորդ Ման­նիկ Պէր­պէ­րեանը՝ Ռե­թէոս Պէր­պէ­րեանի դուստրը՝ «…իր ճշմա­րիտ բա­նաս­տեղծու­հիի ներշնչումնե­րով, իր պայ­ծառ ան­կեղծու­թիւնով»։

Հա­յենի­քէն ի՞նչ լուր

Եթէ առօ­րեան կեղծ է, մտա­ծեցի, ու­րեմն ես մխի­թարո­ւիմ մա­մու­լի էջե­րով։ Թեր­թե­ցի ոս­տի­կանա­կան լու­րե­րու քա­նի մը էջ։ Ես հասկցայ. «կեղծ» բա­ռը, որ որ­պէս օտար հիւր մտեր էր մեր աշ­խարհը, ըստ երե­ւոյ­թին մշտա­կան կե­ցու­թիւն պի­տի հաս­տա­տէր։ Ահա երեք-չորս կա­տակա-ող­բերգա­կան խո­րագիր. «Կի­նը կեղծ յղիու­թիւն է ձե­ւաց­րել՝ թմրա­նիւ­թե­րի վա­ճառ­քին աջակ­ցե­լու հա­մար», «Վա­նաձո­րում շշալ­ցո­ւել են ալ­կո­հոլա­յին կեղծ խմիչքներ», «Յայտնա­բերո­ւել են կեղծ թղթադ­րամներ»։ Իսկ քա­ղաքա­կան լու­րե­րը նոյնն էին՝ «Ռու­սաստա­նեան կեղծ լու­րեր՝ Հա­յաս­տա­նի մա­սին»։

Հրա­ժեշ­տի քնա­րը

Արդ, յար­գե­լի ըն­թերցող, եթէ կը գտնո­ւիք ոչ շատ ան­կեղծ մի­ջավայ­րի մէջ, ես կը թե­լադ­րեմ, որ դուք ապա­ւինիք հայ­կա­կան ազ­նիւ գրա­կանու­թեան, ինչպէս Րաֆ­ֆիի քնա­րական խօս­քե­րուն. Քո քնար հնչե՜ց դար­ձեալ քաղցրա­ձայն, եր­գե­ցիր քո երգ անա­չառ, ան­կեղծ… Ամեն ինչ այնտեղ խօ­սում էր ան­կեղծ… Ես ձեզ բո­լորը ճիշտ, ան­կեղծ Խոս­տո­վան եղայ պար­զա­բար… Քո քնար հնչում է անկեղծ։