Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ 11 Սեպտեմբերի առաւօտեան հասաւ Հայաստան՝ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանի Մարգարայի անցակէտին ճամբով, ուր զինք դիմաւորեց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։

Կէսօրուան շուրջ, Քըլըչ ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ։ Քըլըչ 2021ին՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մեկնարկէն ի վեր, առաջին անգամն ըլլալով կը գտնուէր Երեւան։

Քըլըչը ընդունեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց հետեւեալը.

«Երեւանում կայացել է Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերդար Քըլըչի վեցերորդ հանդիպումը:

«Կողմերը պայմանաւորուել են, որ երկու երկրների համապատասխան մարմինները կը կատարեն անհրաժեշտ տեխնիկական ուսումնասիրութիւնները` Գիւմրի-Կարս երկաթուղու եւ էլեկտրահաղորդիչ գծի վերականգնման ու գործարկման համար:

«Ռուբինեանն ու Քըլըչը նաեւ պայմանաւորուել են, որ ջանքեր կը գործադրուեն մշակոյթի եւ ակադեմիական ոլորտներում համագործակցութիւնն ամրապնդելու ուղղութեամբ, մասնաւորապէս բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնների ուսանողների համար կրթաթոշակների հնարաւորութիւններ ստեղծելու եւ պատմական Անիի/մետաքսի ճանապարհի կամրջի համատեղ վերականգնման միջոցով:

«Յատուկ ներկայացուցիչները նաեւ համաձայնել են իրականացնել անհրաժեշտ աշխատանքներ` միտուած այլ հետաքրքրուած ընկերութիւնների կողմից 2026 թուականի ամռանից տարբեր ուղղութիւններով թռիչքներ իրականացնելուն, ինչը կ՛աւելացնի օդային երթուղիների եւ թռիչքների թիւը երկու երկրների միջեւ:

«Այս հանդիպման ընթացքում Ռուբինեանն ու Քըլըչը վերահաստատել են նախորդ հանդիպումների ժամանակ մշակուած եւ համաձայնեցուած հարցերը: Նրանք մտքէր են փոխանակել 2022ի Յուլիսի 1ի հանդիպման ընթացքում սահմանահատումների վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութեան կեանքի կոչման շուրջ: Յատուկ ներկայացուցիչները համաձայնել են արագացնել այս գործընթացը: Նրանք վերահաստատել են յանձնառութիւնը շարունակել այս գործընթացն առանց որեւէ նախապայմանի»:

Մինչ այդ, «Անատոլու» հաղորդեց, որ Քըլըչ Իգտիրի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ, որ ցամաքային սահմանով պիտի անցնի Հայաստան, ուր պիտի քննարկուին կատարուած աշխատանքները եւ հետագային իրականացուելիք քայլերը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ սահմաններու հարցին` նշելով, որ «Զանգեզուրի գիծ»ը շատ կարեւոր է։ Քըլըչ պնդեց, թէ անիկա ոչ միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, այլ ամբողջ Կեդրոնական Ասիոյ եւ թրքական հանրապետութիւններուն համար շատ կարեւոր գիծ է՝ աւելցնելով, որ հայկական կողմը այս բոլորին դրական մօտեցում կը ցուցաբերէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ