Ոչ միայն Պոլսահայութեան, ոչ միայն արեւմտահայերէնի, այլ ամբողջ հայաշխարհի համար շատ ծանր կորուստ մըն է «Մարմարա» օրաթերթի վաստակաշատ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի մահը։
Յատկապէս գրական ոլորտի մէջ միշտ պիտի զգանք իր բացակայութիւնը։ Հատտէճեան յաջողած էր լրագրողութիւնը գրական ոճով ընթերցողի փոխանցելու դժուարին գործին մէջ։ Շնորհիւ իր գրիչին «Մարմարա» օրաթերթը առանձնայատկութիւն մը ստացաւ ընթերցողին մատչելի եւ դիւրահաղորդ լեզու մը մատուցելու խնդրին մէջ։
Հատտէճեան կը խուսափէր դժուար հասկնալի բառեր օգտագործելէ։ Կը սիրէր կարճ նախադասութիւններով միշտ վառ պահել ընթերցողի ուշադրութիւնը։ Եթէ նկատէր թէ նախադասութիւնը պիտի երկարի մէկէ աւելի ստորագրութիւններով, իսկոյն միտքը կը տրոհէր վերջակէտով մը եւ այսպէսով կը ստանար մէկէ աւելի նախադասութիւն։
Լրահոսի կողքին իր ամէնօրեայ սիւնակով փիլիսոփայական մտորումներ եւ վերլուծումներ կը մատուցէր իր ընթերցողներուն։ Այդ միտքերը հեռու կ՚ըլլային սովորական բանավէճերէ։ Եթէ անհրաժեշտութիւն մը դառնար բանավէճը, Հատտէճեան հոն եւս կը պահէր որոշ մակարդակ եւ երբեք չէր արտօնէր որ խօսքը փոխանցուի փողոցական գռեհիկ լեզուով։ Այդ յատկութիւններով Հատտէճեան միշտ վայելեց զանգուածներու յարգանքը ու համակրանքը իր հանդէպ։
Հատտէճեանի այս վարգը կ՚ընդհատուէր միայն սուր տարակարծութիւններու ժամանակ, երբ օրակարգի վրայ կը տիրէր ընտրութեան մը նախորդող սուր մրցակցութիւնը։ Այդ ժամանակ տողատակերով արտայայտուած միտքերը կրնային վերածուիլ որոշ եւ զուսպ չափով հռետորութեան։ Այդ պահուն պարտինք նշել թէ Հատտէճեան իր իշխանամէտ կեցուածքով կրնար հիասթափութիւն ալ պատճառել իր հաւատարիմ ընթերցողներուն։
Միտքի թռիչքներով ազատամիտ Հատտէճեանը հիմնականին կը պահէր պահպանողական դիմագիծ մը, բայց շնորհիւ իր լեզուամտածողական ճկունութեան, դարձեալ կը յաջողէր պահել իր բարձր մակարդակը։
Թուրքիոյ իրականութեան մէջ հայ մամուլը համերաշխ դիմագիծ մը չէ ունեցած առհասարակ։ Հասարակութեան մէջ տիրող տարակարծութիւնները իրենց արձագանգը գտած են մամուլի էջերէն։ Այս բոլորով հանդերձ թրքահայ մամուլը կուսակցական կաշկանդումներէ յաջողած է զերծ մնալ։
Երբ կը խօսինք Ռոպէր Հատտէճեանի քաղաքական եւ գաղափարախօսական հակումներու մասին, իսկոյն կը նշմարենք անոր մեծ համակրանքը, յարգանքն ու սէրը Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ։ Ան ըլլայ խորհրդային կամ անկախ, միշտ արժանացած է խմբագրապետի գուրգուրանքին։
Պարոն Ռոպէր այս բանը կ՚ընէր գերազանցելով մտաւորականութեան, հոգեւոր իշխանութեան, ակադեմիայի շրջանակներու գործունէութիւնը, քաղաքական գործիչներու հասարակ ու սովորական ելոյթներուն փոխարէն։ Խիստ ուշադրութեամբ կը հետեւէր ներհամայնքային, մշակութային անցուդարձներուն։ Կը սիրէր խրախուսել եւ այդ իսկ պատճառաւ ալ կը խուսափէր սուր քննադատութիւններէ։ Օրինակ եթէ միջոցառման մը մասնակիցներու թիւը զգալի օրէն նուազ ըլլար, ան այդ թերացումը կը նկարագրէր «կոկիկ բազմութիւն» բացատրութիւնով։ Ուշիմ եւ Հատտէճեանի ոճին ծանօթ ընթերցողը իսկոյն կը գուշակէր թէ ինչպիսին է պատկերը։
Այս յատկութիւնները Հատտէճեանին ապահովեցին գրական գետնի վրայ շատ բարձր գնահատանք։ Ան իր վարքով եւս օրինակելի անձնաւորութիւն դարձաւ հեռու մնալով բազմաբնոյթ փոթորիկներէ։ Համերաշխութեան մէջ պահեց թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ թերթի անձնակազմը։
Բեղուն գրիչ մը եղաւ Ռոպէր Հատտէճեանը գրական ստեղծագործութիւններով եւս։
Համոզուած ենք թէ անոր գրական ստեղծագործութիւնները ունին դասաւանդման առարկայի մը յատկանիշները։ Իր առաջադրած պտոյտները հայ գրականութեան, բանաստեղծութեան կամ առակներու պարտէզներուն մէջ կարող են պատանի ուսանողի ուշադրութիւնը գրաւել գրականութեան հանդէպ։
Ինչպէս ըսած էինք առաջին տողերուն Հատտէճեանի մահը մեծ կորուստ է համահայկական առումով։ Այս մասին կը մնայ մխիթարուիլ այն իրողութիւնով թէ թերթը այժմ ունի այս բացակայութիւնը ընթերցողին նուազագոյն զգացնելու որոշ կարողութիւն, շնորհիւ իր որդիներուն, թերթի այժմու անձնակազմին, մանաւանդ ալ գրական իր փորձառութիւնները այս խմբագրատան մէջ ձեւաւորած փոխ խմբագիր Նայիրա Սիւզմէի։ Այս անուններու կողքին ուրախութեամբ կը նկատենք թէ «Մարմարա»յի երկարամեայ փոխ խմբագիր Մաքրուհի Պ. Յակոբեան եւս իր կապը ամբողջովին չէ հզած երկար տարիներ ծառայած միջավայրէն։
Այս բոլորը նկատի ունենալով պիտի սիրենք յուսալ թէ 86-ամեայ «Մարմարա»ն իր պանծալի երթը կը շարունակէ Ռոպէր Հատտէճեանի բացակայութեան շրջանին ալ։
«Ակօս»ի խմբագրութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնէ նախ Հատտէճեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն, «Մարմարա» օրաթերթի անձնակազմին, ընթերցողներուն հետզհետէ արեւմտահայերէնի յարատեւութեան համար պայքարողներուն եւ ի մասնաւորի Հայաստանի հանդէպ երկրպագութեան զգացումով լեցուն ամբողջ ժողովուրդի մը։