ՏԵՄ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէր մահացաւ: Florence Nightingale հիւանդանոցէն կատարուած յայտարարութեան մէջ ըսուեցաւ՝ «Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէր բազմաթիւ օրկաններու անբաւարարութենէն 3 Մայիս ժամը 16.10-ին մահացած է»:
63 տարեկան Էօնտէր, Ապրիլ 15-ի Երեքշաբթի երեկոյեան սրտի հիւանդութենէ ետք հիւանդանոց տեղափոխուած էր եւ այդ թուականէն ի վեր գտնուած էր ինթենսիվ խնամքի բաժնին մէջ:
Աորտային երակը պատռուած Էօնտէրը գիտակցութիւնը փակ վիճակով տարուած հիւանդանոցին մէջ 12 ժամ տեւող վիրահատութեան ենթարկուած էր:
Անոր մասին վերջին անգամ Ապրիլ 28-ին յայտարարութիւն կատարած հիւանդանոցը յայտնած էր, որ Էօնտէրի ռեֆլեքսները նուազած էին եւ կենսական վտանգը աւելցած էր:
Էօնտէրի սիրելիները Ապրիլ 15-էն ի վեր այցելած էին հիւանդանոցը՝ չձգելով մինակ իր ընտանիքն ու ՏԵՄ կուսակցութեան անդամները:
Մահուան բօթէն ետք կուսակցութեան համանախագահներ Թիւլայ Հաթիմօղուլլարը, ԹունՃէր Պաքըրհան եւ կուսակցութեան այլ անդամներ հիւանդանոց եկան: Բազմաթիւ անձեր հաւաքուեցան Ֆլորենս Նայթինկէյլ հիւանդանոցին առջեւ: Իմրալըի պատուիրակութեան անդամ ՏԵՄ կուսակցութեան երեսփոխան Փերվին Պուլտան ալ հիւանդանոցն է:
Էօնտէրի համար 4 Մայիս Կիրակի օրը ժամը 11.00-ին ԱՔՄ-ի մէջ արարողութիւն պիտի կազմակերպուի: Ապա Պարպարոս (Լեւենթ) մզկիթի մէջ կատարուելիք յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք Զինճիրլիքույու գերեզմանատան մէջ պիտի թաղուի:
ՏԵՄ կուսակցութեան յայտարարութիւնը
ՏԵՄ կուսակցութենէն կատարուած յայտարարութեան մէջ հետեւեալ արտայայտութիւնները տեղ գտած են.
«Իմրալըի պատուիրակութեան անդամ եւ խորհրդարանի փոխնախագահ Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէրը կորսնցնելու խորունկ ցաւը կ'ապրինք: Թուրքիոյ ժողովուրդներուն, իր ընտանիքին եւ սիրելիներուն ցաւակցութիւններ կը յայտնենք: Անոր կեանքին գնով շարունակած խաղաղութեան պայքարը յաջողութեան հասցնելը, անոր յիշատակին հաւատարմութեան պահանջն է: Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէրի յիշատակին եւ անոր խաղաղութեան պայքարին արժանաւորապէս պիտի տիրանանք»։