ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Պետութեան եւ եկեղեցւոյ նշանակութիւնը

Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան եկե­ղեցին եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը ստանձնած են աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թիւնը հա­մախմբե­լու պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը։

Մէկ կող­մէն եկե­ղեցին հայ ժո­ղովուրդի իշ­խա­նու­թե­նէ զուրկ դա­րերուն իր աւան­դոյթնե­րով, գո­յացու­ցած աս­տի­ճանա­կար­գով եւ մեր օրե­րուն ալ չորս նո­ւիրա­պետա­կան աթոռ­նե­րով ապա­հովեց ազ­գի միաս­նութիւ­նը։ Լաւ կազ­մա­կեր­պո­ւած կա­ռոյց մըն էր ան, իր բարձրաս­տի­ճան աթո­ռին վրայ ու­նե­նալով Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսը։ Պատ­րիար­քա­րան­նե­րով ու առաջ­նորդա­րան­նե­րով հա­յոց հին աշ­խարհագ­րութեան ամե­նահե­ռաւոր աւան­նե­րուն ան­գամ հո­վանի դար­ձած կա­ռոյ­ցի մը մա­սին կը խօ­սինք։ Ժո­ղովուրդի մը անձնագրման ամե­նաբո­վան­դա­կալից տո­մար­նե­րուն տէր հաս­տա­տու­թիւն մը։ Յա­ճախ երկրի վրայ տի­րու­թիւն ընող գեր­պե­տու­թիւննե­րու դի­մաց ազ­գի ներ­կա­յացու­ցի­չը կղերն էր։ Ռու­սաց, Օս­մանցու կամ Պար­սից կայսրե­րը այդ հո­գեւոր առաջ­նորդնե­րու մի­ջոցաւ կը շփո­ւէին իրենց հպա­տակ հայ ժո­ղովուրդին հետ։ Այս ալ եկե­ղեցիին կը թե­լադ­րէ քա­ղաքա­կան դի­մագիծ։

Այս բո­լորին փո­խարէն Կի­լիկիոյ Թա­գաւո­րու­թեան ան­կումէն ետք հայ ժո­ղովուրդը հա­զիւ Ի դա­րուն է, որ տի­րացաւ պե­տակա­նու­թեան։ Հե­տաքրքրա­կան երե­ւոյթ է, քա­նի որ դա­րեր անց եկող այդ պե­տակա­նու­թիւնը նոյն դա­րու մէջ երեք ան­գամ վե­րահաս­տա­տուե­ցաւ։ Դար­ձեալ հե­տաքրքրա­կան է, որ պե­տակա­նաց­ման այդ երեք փոր­ձերն ալ պայ­մաննե­րու բե­րու­մով ձե­ւաւո­րուե­ցան, այլ ոչ թէ մեր ազ­գի ան­կա­խու­թեան տեն­չով։ Առ­հա­սարակ հա­մակեր­պած էինք հզօր տէ­րու­թեան մը հո­վանիին ներ­քեւ մեր հա­մեստ եւ ոչ պա­հանջկոտ կեան­քը շա­րու­նա­կելու։ Մեծ պա­տերազմնե­րու հրահ­րած ալե­կոծումնե­րու հե­տեւան­քով վեր­ջա­պէս 1991-ին ՄԱԿ-ի ան­դամ դար­ձաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը։

Հա­յաս­տա­նի իւ­րա­յատ­կութիւննե­րէն մէկն ալ հայ ցե­ղի միայն մէկ եր­րորդին քա­ղաքա­ցիական առու­մով հայ­րե­նիքը ըլ­լալն է։ Սփիւռքնե­րը, որ բնա­կանա­բար օտար եր­կիրնե­րու մէջ հայ­րե­նի երկրի մաս­նիկներն են։ Իսկ մեր պա­րագա­յին իբ­րեւ բնակ­չութիւն սփիւռքը աւե­լի մեծ մարդկա­յին ուժ կը ներ­կա­յաց­նէ։ Շուրջ 70 տա­րուան Խորհրդա­յին գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը աւե­լի յստա­կօրէն մաս­նա­հատեց Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռքի հա­յու­թիւնը։ Բա­ցի հա­յերէն լե­զու եւ մա­նաւանդ ուղղագ­րութեան երկճիւ­ղո­ւածու­թե­նէն, ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան ըն­կա­լումներն ալ մեծ տար­բե­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիի եւ սփիւռքա­հայու մի­ջեւ։

Սփիւռքա­հայը ընդհան­րա­պէս զուրկ մնաց պե­տու­թեան մը ապա­հոված առիթ­նե­րէն։ Ինք իր սե­փական ու­ժե­րով ձե­ւաւո­րեց հա­մայնքներ։ Այդ հա­մայնքնե­րէ ներս ան­հատնե­րու մի­ջոց­նե­րով ֆի­նան­սա­ւորեց եկե­ղեցի եւ դպրոց։ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիի հա­մար ան­հա­ւատա­լի երե­ւոյթ է այս կամ այն վար­ժա­րանի տա­րեկան ելմտա­կան բա­ցը հա­ւասա­րակշռե­լու հա­մար սի­րոյ սե­ղանի մը մաս­նակցիլ։ Ան ի սկզբա­նէ գի­տէ որ նման առա­քելու­թիւնը պե­տու­թեան հիմ­նա­կան պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնն է։

Այս հա­կասու­թիւննե­րու մէջ եկե­ղեցին բնա­կանա­բար տար­բեր ըն­կա­լումնե­րով կը դի­տուի Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռքի մէջ։

Որոշ է որ ժա­մանա­կը այդ հա­կասու­թիւնը պի­տի վե­րաց­նէ եւ հայ ժո­ղովուրդը սփիւռքի մէջ ալ աւե­լի պի­տի գի­տակ­ցի պե­տակա­նու­թեան իմաս­տին եւ Հա­յաս­տանցին ալ եկե­ղեց­ւոյ նշա­նակութեան։