Վերջին Գիշերը (Զ)

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Վերջին քայլերս Պոլսոյ մէջ

 

23 Ապրիլ 1915։ Պոլսոյ մէջ հայ միտքը երկունքի մէջ է։ Հակառակ պատերազմի որոտումին, հակառակ հնչող ահազանգներուն, հայ գրիչը, ինչպէս նաեւ վրձինը եւ ճպոտը, կը բանի մոլեգնօրէն, առանց կասկածելու, թէ ի՚նչ պիտի պատահի յաջորդ գիշերը, զոր անուանեցինք «Վերջին Գիշերը»։ Այդ կոչումին հոգեշնչման աղբիւր եղաւ խորհրդահայ նկարիչ Սարգիս Մուրադեանի նոյնանուն ստեղծագործութիւնը, ուր Կոմիտասն է նկարուած իր տան մէջ, ա՚յն պահուն, երբ վարդապետը կէս գիշերային խաղաղութեան մէջ իր դաշնակի առջեւ նստած կը մշակէ մէկ այլ գեղջուկ երգ, բայց դուռը զարնուած է կարմիր ուրուականներու կողմէ։ Մենք յաջորդ յօդուածի մէջ պիտի գալենք Էլմատաղ, Պոլսոյ այն թաղամասը ուր կը գտնուէր Կոմիտասի բնակարանը, վարդապետին դուռը պիտի զարնենք, անոր պիտի տանք հրաժեշտի բարեւ մը, ապա խոր յուզումով եւ երկիւղածութեամբ պիտի դիտենք մռայլ գեղանկարը։ Բայց, յարգելի ընթերցող, այսօր որոշած եմ Զօհրապներու, Սեւակներու, Երուխաններու, Զարդարեաններու եւ Վարուժաններու նուիրուած յօդուածաշարս աւարտել՝ քաղաքի մէջ որոնելով նահատակ բանաստեղծներու ամենէն երիտասարդին՝ 23 ամեայ Արմէն Տորեանին հետքերը։ Անոր համար պէտք է երթալ Բանկալթի կոչուած թաղը, որ ամբողջութեամբ բնակեցուած է հայերու, յոյներու եւ «լեւանթէն» կոչուած հասարակութեան կողմէ, որոնք Մերձաւոր Արեւելքի եւրոպացիներն են։

 

Բանկալթիի երազը

 

Պոլսոյ ներկայանալի թաղերէն մէկն է Բանկալթին, անունը՝ իտալական։ Անոր քարաշէն, ապարանքանման բնակարանները, շքեղ խանութեները, եկեղեցիները, դպրոցները կու տան այն տպաւորութիւնը, թէ դուք կը գտնուիք եւրոպական քաղաքի մը կեդրոնը։ Նոյնիսկ գերեզմանոցներն անոր, Սուրբ Յակոբը եւ այլք, գեղեցկացած են սպիտակափայլ, մարմարեայ շիրմաքարերով, ոճաւորուած խաչերով, եւ այդ բոլորի վրայ սգացող գեղաքանդակ հրեշտակներով, որոնք յաւերժական խաղաղութիւն մը կը վայելեն սեւ նոճիներու շուքին տակ։ Բանկալթիի փողոցներու մէջ դուք կը լսէք «Քալիմերա»ներ, «Բարեւ»ներ, «Buongiorno»ներ եւ «Bonjour»ներ, կը տեսնէք յոյն արհեստաւորներ, զուիցերիայէն ժամանած դայեակներ, ֆրանսացի մայրապետներ, ինչպէս նաեւ մօրուսաւոր Մխիթարեան հայրեր։ Վերջինները կը խօսին գերմաներէնի վիեննական, կամ՝ «հարաւային» տարբերակը։ Այս թաղը ճարտարապետական ցուցահանդէս մըն է, ուր պելճիքայէն եկած «art nouveau» ոճը եւ յունական ճարտարապետութիւնը մրցումի մէջ են, երբ իւրաքանչիւրը կը փորձէ ձեզ համոզել, թէ ի՚նքն է աւելի գրաւիչը։ Թաղի մէջ իրիկուններն են խիստ քնարական. ժանեակաւոր հովանոց բռնած վայելուչ տիկիններ եւ իրենց լամբակին վրայ մեխակի կոկոն մը զետեղած պարոններ հանդարտօրէն կը ճեմեն սիրունատես պողոտաներու վրայ, մինչ երկփեղկ պատուհանէ մը դուրս կը յորդի Շոփենի կամ Շուպէրթի հոգեպարար եղանակը, զոր կը հնչեցնէ համեստափայլ օրիորդիկ մը՝ իտալացի երաժիշտի մը աշակերտուհին, որ դասի ժամանակ միշտ իր մազերը կապած կ’ըլլայ ճերմակ ժապաւէնով մը մետաքսեայ… 1914-ի սկիզբը, Սորպոնի մէջ բանաստեղծի համբաւ վայելող 20-ամեայ Հրաչեայ Սուրէնեանը, երբ Պոլսոյ իր նախկին դպրոցի մէջ պաշտօն ստանցնելու առաջարկ ստացաւ՝ քաղաքի այս տպաւորութիւնները ունէր իր մտքին մէջ։

 

Փարիզէն ուսուցչապետ եկաւ

 

Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի ուսուցչապետ ըլլալու համար դիմում չկատարեց Հրաչեան։ Ֆրանսական եւ հայկական թերթերու գրական էջերու մէջ «Արմէն Տորեան» անունով յայտնի այս երիտասարդի ուսուցչական եւ կազմակերպչական տաղանդը արդէն յայտնի էր Մխիթարեան վարդապետներուն։ 1914 թուականի վերամուտի հանդիսութեան ընթացքին զինք կը տեսնեմ բեմի վրայ։ Տնօրէնութիւնը զինք կը ներկայացնէ աշակերտներուն։ Հոգաբարձուները բարի գալուստի խօսքեր կը կատարեն անոր հասցէին։ Իսկ Հրաչեան կը խօսի իր փայլուն ծրագիրներու մասին։ Անոր հետ զրուցելու առիթը կը գտնեմ յետմիջօրէին։ Զիս կ’ընդունի «մեծաւորի» սենեակի մէջ։ 

 

Հոգեգրաւ հիւրասենեակի մէջ

 

Մասնաւոր սենեակ մըն է ան, ուր վարդապետները օրուայ աւարտին հիւրեր կ’ընդունին, կամ հայկական խնդիրներու վերաբերեալ զրոյցներ կ’ունենան, թէյ մը խմելով։ Բարձրաճաշակ է սենեակի ներքին յարդարումը։ Կեդրոնական առարկան սեղան մըն է, որ ունի փիղի մը ոտքերը։ Սեղանի մուգ կարմիր թաւշեայ ծածկոցի չորս ծայրերէն կը կախուին ոսկեթել ծոպեր։ Ճենապակի ծաղկազարդ սափոր մը եւ Հ. Ներսէս Ակինեանի խմբագրած «Հանդէս Ամսօրեայ»ներ կան այդ սեղանի վրայ։ Բարձրադիր սեւ գրադարանի մէջ շարուած են Մխիթարեան հայրերու գլուխ գործոցները։ Պատի մը վրայ երկու Այվազովսքիներ կան։ Մխիթար Աբբահօր իւղանկարը դրած են դաշնակի վրայ։ Այդ նկարին երկու կողմերը պատին աքուցուած են ջահակիր քերովբէներու ոսկեզօծ աշտանակներ։ Հայկական գորգ մը սենեակի յատակին կու տայ ջերմութիւն։ Տաղանդաւոր վարպետները արաստաղի չորս անկիւնները զարդարած են նուրբ քաճէ շինուած դրասանգներով։ Իսկ ծիածանափայլ բիւրեղեայ ջահ մը կը լուսաւորէ այս չքնաղ սենեակը։

 

- Ձեր նոր պաշտօնը շնորհաւոր ըլլայ։ Յուսամ բարեյաջող տարեշրջան մը ունենաք։

- Երախտապարտ եմ. ուրախ են նաեւ, որ Պոլիս վերադարձայ։ Մեծ երազներ ունիմ…

 

Տորեանը կը պատմէ իր փարիզեան երեք տարիները, թէ երբ 1911-ին Վիեննայի Մխիթարեաններու դպրոցը աւարտեց՝ մէկնեց Փարիզ, յաճախեցաւ Սորպոնի դասընթացքներուն, իր շուրջը հաւաքեց խումբ մը երիտասարդ բանաստեղծներ, հիմնեց «Համաստուածեան» գրական դպրոց մը, հրատարակեց «Արէն» պաշտօնաթերթը, ֆրանսական մամուլի մէջ յայտնուեցաւ, որպէս լաւագոյն նոր շունչ ֆրանսական բանաստեղծութեան մէջ, Փարիզի թերթերը նոյնիսկ խօսեցան «Տորեանական բանաստեղծական շարժման» մը մասին։

 

- Իսկ, ի՞նչ էր նպատակը դ, կը հարցնեմ հիացած։

- Գրական պայքար, մարտ, զէնքի կոչել ձախակողմեան երիտասարդներուն։ Որոշած եմ գրիչիս յարձակումներուն թիրախ դարձնել սեթեւեթանքի սիրահար մարդոց…

- Յանո՞ւն…

- Յանուն բանաստեղծութեան հրաշքի ժողովրդականացման։

 

Կապոյտ գոգնոց հագած տիկին մը ներս կը մտնէ։ Երկու բաժակ թէյ բերած է։

 

23 տարեկան Տորեանը արդէն հինգ տարբեր հաստատութիւններու մէջ կը դասաւանդէ ֆրանսերէն եւ հայերէն։ Լամարթիններու, Աբոլինէրներու, Հիւկոյի լեզուն դասաւանդողներու մեծ պահանջ կայ այս երկրի մէջ, որ ունի 163 ֆրանսական դպրոց։ Ֆրանսական եւ հայկական մամուլի մէջ լոյս կը տեսնէ իր բանաստեղծութիւնները։

 

Շագանակագոյն ձեռատետրը

 

- Չէ՞ք փափաքիր ձեր քերթուածները հրատարակել։

- Ժամանակ չունիմ, կրնամ ըսել… Բայց անոնք չեն կորսուիր։ Ծոցատետրիս մէջ են բոլորն ալ։ Գիշերները գրի կ’առնեմ նորերը, ապա ձեռատետրս ետ կը դնեմ բակճոնիս մէջ։ Յարգելի հիւր, տարի մը առաջ Փարիզի մէջ հրատարակեցի Հիւկոյի եւ այլ մեծերու նուիրուած գրքոյկներ։ Քանի մը օրինակ բերած եմ։ Հատ մը ձեզի կը նուիրեմ։ Իսկ «Շանթ» հանդէսի մէջ կրնաք բանաստեղծութիւններս կարդալ։

 

Տորեանի ձեռատետրը փոքրիկ, սակայն ստուար տետրակ մըն է։ Ունի շագանակագոյն, փայլուն կաշի կազմ։ Նուրբ թել մըն է անոր էջանիշը։

 

- Բնութիւնը, կ’ըսէ Տորեանը, Ապրիլ ամսոյն մէջ զարթնող բնութիւնն է ներշնչման աղբիւրս։ Գարուն, երկունք, արարում… Այս գաղափարները եւ պատկերները կը գրեմ ու կը դասաւանդէմ…։ Ապրիլին բանաստեղծական երեկոյ մը կը մտածեմ կազմակերպել։ Աշակերտներս եւ ես կը ծրագրենք մեր գործերը ընթերցել ծնողներուն եւ գրասէր հանրութեան։

- Ներկայ կ’ըլլամ անպայման։

 

Իսկ, յետոյ… Ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ես պատմեմ ձեզի։ Պիտի գայ սարսափի գիշեր մը, պիտի մոխրանայ Բանկալթիի երազը, պիտի աւարտի երիտասարդութեան երջանկութիւնը, պիտի փշրին երազներ, յոյսեր, սէրեր եւ կամք մը ազնիւ։ 1915-ին, 24 Ապրիլին գիշերանց «Արդի Վարժարան»էն պիտի ձերբակալուի Արմէն Տորեանը, նախ պիտի աքսորուի Չանքըրը, պիտի նետուի Էնկիւրիի բանտը, ապա խումբ մը բախտակիցներու հետ պիտի քշուի երկրի խորքը, ի վերջոյ պիտի կիսէ իր աւագ գրչակիցներու ճակատագիրը։ Շագանակագոյն, կաշեկազմ ձեռատե՞տրը անոր… 1933 թուականին, իր եղբօր՝ Զենոբ Սուրէնեանի եռանդուն ջանքերու շնորհիւ պիտի փրկուի ան եւ լոյս պիտի տեսնէ «Հայազգի ֆրանսացի բանաստեղծ մը» անունով։

 

- Գաւաթ մը եւս թէյ կ’ուզէ՞ք։

- Այո, հաճելի է ձեզի հետ զրուցել։ Բայց շատ չուշանամ, Էլմատաղ պիտի երթամ, Վարդապետը տեսնելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ