2026-ի ընտրութիւններու ընդառաջ Հայաստանի մէջ հետզհետէ կը բիւրեղանայ թեկնածուներու նախաընտրական ռազմավարութիւնները։ Ռոպէրթ Քոչարեան 6 Հոկտեմբերին կայացող մամուլի ժողովի ընթացքին յայտարարեց թէ ընտրութիւններու մասնակցելու շրջանակը պիտի ծրագրէ յաջորդ տարուայ Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն։ Ան զանազան մեղադրանքներ հնչեցուց վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան Ատրպէյճանի հետ շարունակուող բանակցութիւններու համար։ ԵՄ-ի հետ անդամակցութիւնը կեղծիք մը ըլլալով գնահատող Քոչարեան 2021-ի ընտրութիւններուն ծանր պարտութիւն մը կրած էր Փաշինեանի Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան դէմ։
Հայաստանի նախկին ՄԻՊ Արման Թաթոյեան Հայաստանի ապագայի մասին իր տեսլականը նկարագրող վիտէօ ժապաւէնով մը մուտք վործեց քաղաքական դաշտ։
2016-2022 տարեթիւերու միջեւ Հայաստանի Մարդու Իրաունքներու Պաշտպանի պաշտօնը ստանձնած Թաթոյեան յաճախակի կերպով քննադատեց Վարչապետ Փաշինեանը քաղաքացիական ազատութիւններու, կառավարութեան հաշուէտւութիւնը եւ իրաւաբանութեան գերակայութիւնը նիւթ ունենալով։ Ան նաեւ կը մեղադրէ Ատրպէյճանի մէջ գերավարուած հայերու նիւթով Փաշինեանի պահած դիրքը։
Թաթոյեան վերջին յայտարարութեան մէջ նշեց թէ քաղաքական դաշտ կը մտնէ հասարակութեան միասնութիւնը ապահովելու հեռանկարով։
Բացի Քոչարեանէ եւ Թաթոյեանէ, անցեալին Լեռնային Ղարապաղի Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանտար Սումվէլ Պապաեան Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին պետ Արթիւր Վանասեանի հետ համագործակցութեան կը մտնէ եւ չի բացառէր անոր վարչապետի թեկնածութիւնը։
Պապաեան յայտնեց որ անցեալին նախագատ Սերժ Սարգսեանի եւ անոր գործակիցներուն ուղղեալ քննադատութիւնները արգելք մը չեն այսօր քաղաքական նոր դաշնակցութիւններ հաստատելու համար։