Մարդ արարածի ի սկզբանէ գլխաւոր մտատանջութիւնն է մահը։ Բոլորս ակամայ կը մտաբերենք մահուան պահը, որուն համար ոչ մէկ կանխատեսում կրնանք ունենալ։ Ո՞ւր եւ ե՞րբ պիտի խաչաձեւուի մեր ճամբան հոգէառ հրեշտակի հետ։ Գիտենք թէ անխուսափելի է այդ հանդիպումը, բայց չենք գիտեր թէ ո՞ւր, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս։
Ո՞վ գիտէ որքան ծաւալուն է այս նիւթով գրականութիւնը մարդկութեան համաշխարհային պատմութեան մէջ։
Խնդիրը ունի երեսակ մը եւս, որ կարելի է նկարագրել «մահէն ետք ինձ ի՞նչ կը սպասէ» հարցումով։ «Ոչինչ» պատասխանը գոհացուցիչ չի թուիր շատերուն համար։ Փաստացի փորձով գիտենք թէ պիտի կատարուի Աստուածային հրահանգը եւ «հող էինք եւ հող պիտի դառնանք»։
Բայց այս անգամ մաքառելու նոր միջոց մը գտածի պէս սկսած ենք մտածել թէ երբ մարմինը հող կը դառնայ, հապա հոգի՞ն։ Չէ որ մանաւանդ ալ կրօնական թելադրանքով հաւատացած ենք թէ մարմինը ու հոգին տարբեր են իրարմէ։
Վերջապէս թաղման ծիսակատարութեան պահուն ալ մեզ կը հաւաստիացնեն թէ «Նախ Քրիստոս ինք պիտի իջնէ երկիր եւ առաջնահերթութիւնը տալով մահացողներուն, պիտի յափշտակէ բոլորս եւ լուսեղէն առագաստով վեր պիտի խոյանանք իր հետ։ Աստուա՜ծ իմ՝ այս ի՞նչ պատկերալից պատում մըն է, որ կը համոզէ բոլորին։
Այս յիմար միտքերը խուժեցին իմ մէջ, երբ լսեցի անտէրութեան մէջ, զբօսայգիի նստարանի մը վրայ աւարտած կեանքի մը մասին։
Պատմողներու համաձայն անտէրութիւնը նախընտրանք մը եղած է։ Չէ պատմած իր պայմաններուն մասին։ Չէ ուզած օգնութիւն խնդրել։ Համակերպած է տիրող դրութեան եւ վերջին օրերը անցուցած մարզակումբի մը անտեսուած մէկ անկիւնը։ Մինչդեռ անցեալին ունցած էր փայլուն յաջողութիւններ։ Յաջողութիւններ՝ որոնց գնահատումը եկած էր բազմաթիւ մետայլներով կամ բաժակներով։ Ունեցած էր զինք գնահատող բարեկամներու լայն շրջանակ։
Այս բոլորը ի յայտ կու գային թաղման ընթացքին։ Բազմաթիւ հանրածանօթ դէմքեր երկիւղածութեամբ կը խոնարհէին իր դագաղին առջեւ։
Իզուր չեն ըսած մեծերը. «Ինչ եմ մի ըսէր, ի՞նչ պիտի ըլլամ հարցուր»։
Երանի գիտնայինք այդ անորոշութեան պատասխանը։ Քանի որ անխուսափելի է, պատշաճ կերպով պատրաստուէինք, կարգ ու կանոնովը դիմաւորէինք հոգէառը եւ առանց առարկելու, հլու հնազանդ հետեւէինք իր ցոյց տուած ուղղութեան։