Յակոբեանի հատորներու շնորհահանդէսը՝ 19 Հոկտեմբերին

Վերջերս Պոլ­սոյ մէջ հրա­տարա­կուած էր, հե­ղինակ Գէորգ Պ. Յա­կոբեանի՝ «Հա­յոց Կրթա­կան Հաս­տա­տու­թիւննե­րու Պատ­մութիւն՝ Օս­մա­նեան Գա­ւառ­նե­րու Մէջ» խո­րագի­րով երկհա­տորը։

Այս եր­կու նոր հա­տոր­նե­րուն մէջ հե­ղինա­կը գրած է նախ­քան ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը Օս­մա­նեան կայսրու­թեան սահ­մաննե­րուն մէջ գոր­ծող մօ­տաւո­րապէս 1000 հայ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րու եւ որ­բա­նոց­նե­րու մա­սին, ուր ու­սա­նած են շուրջ 120,000 երկսեռ աշա­կերտներ, 5000 ու­սուցիչ­նե­րով։

Առա­ջին հա­տորը բաղ­կա­ցած է 512 էջե­րէ, իսկ երկրորդ հա­տորը՝ 546։

Գիր­քե­րը հրա­տարա­կած է Պոլ­սոյ «Փա­րոս» ամ­սա­գիրի գլխա­ւոր խմբա­գիր Մայ­տա Սա­րիս։ Շնոր­հանդէ­սը կը կազ­մա­կեր­պո­ւի Գերշ. Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեանի հո­վանա­ւորու­թեամբ եւ Պոլ­սա­հայ Միու­թեան Մշա­կու­թա­յ ին յանձնա­խումբի կազ­մա­կեր­պութեամբ։

Նշեալ գիր­քե­րուն շնոր­հա­հան­դէ­սը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 19 Հոկ­տեմբեր, Կի­րակի օր ժա­մը 15.00-ին Լոս Ան­ճէ­լըսի Պոլ­սա­հայ միու­թեան Հրանդ Տինք դա­սախօ­սու­թեան սրահին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ