Ողբերգութիւ՞ն, թէ կատակերգութիւն. բեմն անարգելը ե՞րբ աւանդութիւն դարձաւ

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Մենք՝ հա­­յերս, մե­­ծապէս կը հպար­­տա­­­նանք մեր մշա­­կու­­թա­­­յին եւ արուես­­տի աւան­­դով։ Կը սի­­րենք պար­­ծե­­­նալ, որ ժո­­ղովուրդ մըն ենք, որ կը գնա­­հատէ արո­­ւես­­տը. կը հրճո­­ւինք կրկնե­­լով, որ մենք բա­­նաս­­տեղծնե­­րու, երա­­ժիշտնե­­րու եւ մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու ազգ ենք, որ թատ­­րո­­­նը մեր արեան մէջ է…

Չէ՞ որ Տիգ­­րան Մե­­ծը վե­­հաշուք թատ­­րոն մը կա­­ռու­­ցած է Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի մէջ՝ դեռ այն ատեն, երբ Հռո­­մի մէջ նոյ­­նիսկ թա­­տերա­­կան մշա­­կոյթ չկար։ Չէ՞ որ Ար­­տա­­­ւազդ Բ. գա­­հաժա­­ռան­­գը յու­­նա­­­կան ող­­բերգու­­թիւններ գրած է։ Չէ՞ որ Վե­­նետի­­կի մէջ Մխի­­թարեան­­նե­­­րը հա­­յերէ­­նի թարգմա­­նած են Մո­­լիերի ու Շէյքսփի­­րի գլոխ­­գործոց­­նե­­­րը:

Այո, այո, կրնանք մէջ­­բե­­­րել պատ­­մա­­­կան նո­­ւաճումնե­­րը։ Բայց եկէք պահ մը վե­­րադառ­­նանք ներ­­կա­­­յին ու քննենք Երե­­ւանի մէջ թատ­­րոն, օփե­­րա կամ այլ ներ­­կա­­­յացում մը դի­­տելու այ­­սօ­­­րուան իրա­­կանու­­թիւնը։

Սկսիմ են­­թադրու­­թիւնով մը. եթէ ան­­ցեալի մեր հայ մեծ թա­­տերա­­գիր­­ներն ու բե­­մադ­­րիչնե­­րը կա­­րենա­­յին տես­­նել այն, ինչ որ տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ բե­­մին միւս կող­­մը, անոնք պի­­տի վե­­րագ­­րէին իրենց ող­­բերգու­­թիւննե­­րը՝ նե­­րառե­­լով ժա­­մանա­­կակից հայ­­կա­­­կան թատ­­րո­­­նի հան­­դի­­­սատե­­սի իրա­­կան կա­­տակեր­­գութիւ­­նը։

Սա միայն միան­­գա­­­մեայ յու­­սա­­­խաբու­­թիւն մը չէ. շուրջ տա­­րի մը առաջ Ֆեյսպու­­քի մէջ գրա­­ռում մը ըրած էի ճիշտ այս խնդրին մա­­սին, որ յա­­ռաջա­­ցուց մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րու տա­­րափ մը. մար­­դոց մեծ մա­­սը հա­­մաձայ­­նե­­­ցաւ, մինչդեռ ու­­րիշներ փոր­­ձե­­­ցին ար­­դա­­­րաց­­նել վար­­քա­­­գիծը՝ պնդե­­լով, որ ատի­­կա պար­­զա­­­պէս մշա­­կոյ­­թին մաս կը կազ­­մէ։

Բայց իս­­կա­­­պէ՞ս այդպէս է. պէ՞տք է որ այդպէս ըլ­­լայ։ Եթէ ամ­­բողջ ներ­­կա­­­յաց­­ման ըն­­թացքին հե­­ռաձայ­­նա­­­զան­­գե­­­րով, խօ­­սակ­­ցութիւննե­­րով եւ ան­­վերջ ել­­լել-իջ­­նե­­­լով խան­­գա­­­րելը դար­­ձած է մեր արո­­ւես­­տը «գնա­­հատե­­լու» ձե­­ւը, ապա կը կար­­ծեմ՝ ժա­­մանակն է վե­­րանա­­յիլ, թէ ինչ կը նշա­­նակէ յար­­գել արո­­ւես­­տը։

Օրի­­նակ բե­­րեմ իմ՝ վեր­­ջերս դի­­տած թա­­տերա­­կան ներ­­կա­­­յացու­­մը, որուն հե­­ղինակն է սի­­րելի ըն­­կերնե­­րէս մէ­­կը։ Յու­­զիչ գործ մը՝ այժմ կոր­­սո­­­ւած հայ­­րե­­­նիքի մը մա­­սին, գե­­ղեց­­կօ­­­րէն զար­­դա­­­րուած հայ­­րե­­­նական բար­­բա­­­ռով եւ աւան­­դոյթնե­­րով: Սկզբունքով, այս ներ­­կա­­­յացու­­մը դի­­տելը պէտք էր յու­­զիչ, զգաց­­մունքա­­յին փոր­­ձա­­­ռու­­թիւն մը ըլ­­լար, սա­­կայն, ան դար­­ձաւ մեր որոշ հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րու՝ արո­­ւես­­տը «գնա­­հատե­­լու» կոր­­ծա­­­նարար ձե­­ւի ցու­­ցադրու­­թիւն մը։ Մէկ խօս­­քով՝ խայ­­տա­­­ռակու­­թիւն. ան­­դա­­­դար խօ­­սակ­­ցութիւններ, ծի­­ծաղի պա­­տահա­­կան պայ­­թիւններ եւ հե­­ռաձայ­­նի զան­­գեր, որոնք կ՚ընդմի­­ջէին լռու­­թիւնը՝ ինչպէս հա­­րուա­­ծային գոր­­ծիքնե­­րու ան­­փորձ ու ան­­տե­­­ղի կա­­տարում մը։ Հա­­շուե­­ցի 25 զանգ. այո, ըն­­կերնե­­րով հե­­ռաձայ­­նա­­­զան­­գե­­­րու եւ պատ­­գամնե­­րու «տնկ»-ոց­­ներ հա­­շուե­­լը խաղ դար­­ձուցած ենք (25-ը հա­­մեմա­­տաբար լաւ էր. Գիւմրիի մէջ ներ­­կա­­­յաց­­ման մը ժա­­մանակ իմ ըն­­կերս ու ես հա­­շուե­­ցինք 47, թէեւ, ար­­դար ըլ­­լամ եւ ըսեմ, որ այդ ներ­­կա­­­յացու­­մը շատ աւե­­լի եր­­կար էր)։

Եւ, օ՜, հե­­ռաձայ­­նի փայ­­լող պաս­­տառնե­­րը. անար­­գութեան լու­­սա­­­ւոր փա­­րոս­­ներ, որոնք կը լու­­սա­­­ւորէին մու­­թը, մինչ հան­­դի­­­սատես­­նե­­­րը կը ստու­­գէին իրենց պատ­­գամնե­­րը, կը թեր­­թէին իրենց Ինստակ­­րա­­­մի էջե­­րը եւ, ամե­­նէն «տպա­­ւորիչ»-ը, աղջնակ մը ու­­ղիղ եթե­­րով կը հե­­ռար­­ձա­­­կէր ներ­­կա­­­յացու­­մը։ Այո, Ֆեյսպու­­քի կամ Ինստակ­­րա­­­մի մէկ ան­­կիւնին մէջ գո­­յու­­թիւն ու­­նի թա­­տերա­­կան գոր­­ծի մը ակա­­մայ-աւան­­գարդ տար­­բե­­­րակ մը, որ յա­­գեցած է դե­­ռահա­­սի մը դո­­ղացող նկա­­րահա­­նու­­մով, որ կը փաս­­տագրէ մշա­­կոյ­­թը՝ միաժա­­մանակ զայն ամ­­բողջու­­թեամբ ան­­տե­­­սելով։

Ան­­շուշտ, ոչ մէկ ներ­­կա­­­յացում ամ­­բողջա­­կան պի­­տի ըլ­­լար առանց պա­­տանի-աշա­­կերտ հան­­դի­­­սատես­­նե­­­րու, որոնք հա­­ւաքո­­ւած են ինչ-որ ու­­սուցո­­ղական պտոյ­­տով։ Թէեւ տե­­սակա­­նօրէն սա ազ­­նիւ ճիգ մըն է՝ յա­­ջորդ սե­­րունդին ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու կա­­տարո­­ղական արո­­ւեստնե­­րը, սա­­կայն գործնա­­կանին մէջ՝ ճիշտ հա­­կառակն է։ Այս երե­­խանե­­րը, ճնշո­­ւած իրենց ու­­ղեկցող­­նե­­­րուն մեղմ խնդրանքնե­­րէն, անվրդով կը խօ­­սակ­­ցին, կը ծի­­ծաղին եւ կը տե­­ղաշար­­ժին իրենց նստա­­տեղե­­րուն մէջ այնպի­­սի ան­­հանգստու­­թեամբ մը, որ սո­­վորա­­բար կը պա­­տահի եր­­կա­­­րատեւ թռիչքնե­­րու ըն­­թացքին։ Սպա­­սաւոր­­նե­­­րը, հե­­րոսա­­բար փոր­­ձե­­­լով կարգ հաս­­տա­­­տել, «շը՜շ» կ՚ընեն եւ յու­­սա­­­հատօ­­րէն ձեռ­­քե­­­րը կը թա­­փահա­­րեն, ու ի վեր­­ջոյ, կ՚ըն­­դունին պար­­տութիւ­­նը։

Եւ եկէ՛ք չմոռ­­նա՛նք ան­­բա­­­ցատ­­րե­­­լի շար­­ժումնե­­րուն մա­­սին. մար­­դիկ ներս ու դուրս կ՚ել­­լեն, կար­­ծես թատ­­րո­­­նը կա­­յարան մ’ըլ­­լար, այլ ոչ թէ ներ­­կա­­­յաց­­ման վայր մը։ Ոմանք կ՚ան­­հե­­­տանան եր­­կար ժա­­մանա­­կով, կը վե­­րադառ­­նան կա­­րեւոր տե­­սարա­­նի մը ըն­­թացքին։ Ու­­րիշներ բարձրա­­ձայն, եր­­կա­­­րատեւ վի­­ճաբա­­նու­­թիւններ կը սկսին նստա­­տեղե­­րու բաշխման շուրջ, կար­­ծես թո­­ւագ­­րո­­­ւած նստա­­տեղե­­րը պար­­զա­­­պէս առա­­ջարկ մը ըլ­­լա­­­յին, այլ ոչ թէ կա­­նոն մը։ Այս վեր­­ջին ներ­­կա­­­յաց­­ման ժա­­մանակ ամ­­բողջա­­կան կռիւ մը ծա­­գեցաւ՝ սպա­­սաւոր­­նե­­­րուն եւ խումբ մը հան­­դի­­­սատես­­նե­­­րու մի­­ջեւ, որոնք կը փոր­­ձէին հասկնալ, թէ ո՛ւր պէտք է նստէին։ Կա­­րեւոր չէր, որ շար­­քին կէ­­սը պա­­րապ էր. բնա­­կանա­­բար, այս «ճգնա­­ժամը» լու­­ծե­­­լու հա­­մար անհրա­­ժեշտ էր միաց­­նել հե­­ռաձայ­­նի լապ­­տե­­­րը:

Եւ այս բո­­լորէն՝ ան­­վերջ խօ­­սակ­­ցութիւննե­­րէն, ընդմի­­ջումնե­­րէն, անար­­գանքնե­­րէն ետք, մենք կը հաս­­նինք հան­­դի­­­սաւոր եզ­­րա­­­կացու­­թեան: Այն պա­­հուն, երբ ներ­­կա­­­յացու­­մը կ՚աւար­­տի, մենք ակա­­նատես կ՚ըլ­­լանք զար­­մա­­­նալի փո­­խակեր­­պումի մը. խորհրդա­­յին ոճի միալար ծա­­փը կը սկսի եւ գրե­­թէ ան­­խուսա­­փելիօրէն կը հե­­տեւի յոտնկայս ող­­ջոյնը: Նոյն հան­­դի­­­սատե­­սը, որ ամ­­բողջ ներ­­կա­­­յացու­­մին ըն­­թացքին թա­­տերաս­­րա­­­հը դար­­ձուցած էր սպա­­սաս­­րա­­­հի մը, յան­­կարծ խո­­րապէս կը յու­­զո­­­ւի ու չի կրնար զսպել իր հիաց­­մունքը։ Ծաղ­­կե­­­փունջեր կը տրո­­ւին կա­­տարող­­նե­­­րուն (բայց միայն իգա­­կան սե­­ռին, ան­­շուշտ, ինչպէս աւան­­դութիւ­­նը կը պա­­հան­­ջէ), եւ ամէն ինչ հրա­­շալի է:

Եւ հոս է իրա­­կան ան­­հե­­­թեթու­­թիւնը։ Մենք մեզ հա­­մոզած ենք, որ մշա­­կոյ­­թի նկատ­­մամբ մեր յար­­գանքը ան­­կասկած է ու ամ­­բողջա­­կան։ Բայց յար­­գանքը ոչ թէ ներ­­կա­­­յանա­­լու եւ ճիշտ պա­­հերուն ծափ զար­­նե­­­լու մա­­սին է, այլ՝ ներ­­կա­­­յու­­թեան պա­­հուն ու­­շադրու­­թեան եւ գի­­տակ­­ցութեան մա­­սին։ Ես ո՛չ մշա­­կու­­թա­­­յին մաս­­նա­­­գէտ եմ, ո՛չ ալ կ’ըսեմ այս բո­­լորը որ­­պէս մէ­­կը, որ տե­­ղափո­­խուած է ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նէն՝ գի­­տելիք­­ներ փո­­խան­­ցե­­­լու հա­­մար։ Այս բո­­լորը կ’ըսեմ, ո՛չ թէ ապա­­ցոյ­­ցե­­­լու, թէ այ­­լուր ամէն ինչ «աւե­­լի լաւ» է։ Սա պար­­զա­­­պէս հար­­ցում մըն է, թէ ար­­դեօք մենք, որ­­պէս ժո­­ղովուրդ, որ այդքան կը հպար­­տա­­­նայ իր արո­­ւես­­տի աւան­­դով, այ­­սօր կը պահ­­պա­­­նե՞նք զայն գործնա­­կանին մէջ։

Հա­­մեմա­­տեցէք ասի­­կա Պրո­­տուէ­­յի հետ, ուր խիստ կա­­նոն­­նե­­­րը կ՚ապա­­հովեն ներ­­կա­­­յացումնե­­րու ան­­խա­­­փան ըն­­թացքը. կամ Թո­­րոն­­թո­­­յի հետ, ուրկէ ես եկած եմ (եւ որ, ի դէպ, աշ­­խարհի ամե­­նամեծ թա­­տերա­­կան կեդ­­րոննե­­րէն մէկն ու­­նի. գրա­­ւի կու գամ՝ դուք ատի­­կա չէիք գի­­տեր): Մար­­դոց ան­­փութօ­­րէն խօ­­սակ­­ցե­­­լու կամ ներ­­կա­­­յաց­­ման մէջ­­տե­­­ղը հե­­ռաձայննե­­րու մէջ թեր­­թե­­­լու գա­­ղափա­­րը անե­­րեւա­­կայե­­լի պի­­տի ըլ­­լար եր­­կու վայ­­րե­­­րուն մէջ ալ։ Ու­­շա­­­ցող­­նե­­­րուն կ՚ար­­գի­­­լուի մտնել մին­­չեւ ընդմի­­ջում եւ հան­­դի­­­սատե­­սէն կ՚ակնկա­­լուի բա­­ցար­­ձակ ու­­շադրու­­թիւն դարձնել այն ներ­­կա­­­յացու­­մին, որուն հա­­մար անոնք վճա­­րած են։

Պատ­­կե­­­րացու­­ցէք Պրո­­տուէ­­յի թատ­­րո­­­նի սպա­­սաւո­­րին սար­­սա­­­փը, եթէ «Glengarry Glen Ross»-ի ներ­­կա­­­յացու­­մին մէջ­­տե­­­ղը ներ­­կայ մը սկսէր Թիք­­Թո­­­քը թեր­­թել։ Եւ, սա­­կայն, Երե­­ւանի մէջ մենք կ՚ըն­­դունինք այս վար­­քա­­­գիծը որ­­պէս ան­­խուսա­­փելի, կար­­ծես ատի­­կա պար­­զա­­­պէս մեր տե­­ղական թատ­­րո­­­նի մշա­­կոյ­­թին «հմայ­­քին» մաս կը կազ­­մէ:

Եթէ մենք իս­­կա­­­պէս կը սի­­րենք եւ կը յար­­գենք արո­­ւես­­տը, թե­­րեւս ժա­­մանակն է, որ սկսինք ապա­­ցու­­ցել ատի­­կա՝ ո՛չ միայն ներ­­կայ ըլ­­լա­­­լով, այլ վա­­րուե­­լով հան­­դի­­­սատե­­սի մը պէս, որ ար­­ժա­­­նի է այն ներ­­կա­­­յացումնե­­րուն, որոնք կը պնդենք, թէ կը գնա­­հատենք։ Կամ, թե­­րեւս, ժա­­մանակն է, որ դադ­­րինք մեզ կո­­չելէ արուեստն ու թատ­­րո­­­նը գնա­­հատող ազգ եւ պար­­զա­­­պէս ըն­­դունինք, որ 2025 թո­­ւակա­­նին Wi-Fi-ի լաւ կա­­պը աւե­­լի գրա­­ւիչ է, քան որե­­ւէ բան, որ տե­­ղի կ’ու­­նե­­­նայ բե­­մահար­­թա­­­կին վրայ։

Եթէ միակ ճամ­­բան, որով մենք կը շփուինք արո­­ւես­­տին հետ, անար­­գանք, ան­­տարբե­­րու­­թիւն եւ չա­­փազան­­ցո­­­ւած յոտնկայս ծա­­փող­­ջոյններն են (որոնք աւե­­լի շատ կը ծա­­ռայեն որ­­պէս ինքնա­­գովու­­թիւն, քան իս­­կա­­­կան գնա­­հատանք), ապա, հա­­ւանա­­բար, մենք ընդհան­­րա­­­պէս մշա­­կոյ­­թին ար­­ժա­­­նի չենք։

«Թո­րոնթոհայ»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ