Որպէսզի յուսադրուինք ապագայի հանդէպ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Երբ աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թիւնը մտա­հոգո­ւած է յատ­կա­պէս արեւմտա­հայե­րէնի նա­հան­ջով, բնա­կանա­բար ու­շադրու­թեան առար­կայ կը դառ­նայ ման­կա­կան գրա­կանու­թիւնը։

Այս տո­ղերով կը փոր­ձէինք նկա­րագ­րել Մհեր Պե­քարեանի վեր­ջին ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը՝ «Կարմլիկ»ը։ Ան ձու­կի մը ոդի­սականն է, որ կը փոր­ձէ գե­տի հո­սան­քին դէս լո­ղալով հաս­նիլ Ճո­րոխ գե­տի ակը, որ­պէսզի կա­տարէ իր տե­սակի յա­րատե­ւու­թեան ձօ­նուած սրբա­զան պար­տա­կանու­թիւնը։

Մհեր Պե­քարեան իր այս գոր­ծով լա­ւագոյնս յա­ջողած է ման­կա­կան գրա­կանու­թեան յա­ջող օրի­նակ մը ստեղ­ծե­լու։ Այդ յա­ջողու­թեան ետին մենք կը տես­նենք հե­ղինա­կին հայ­րե­նի երկրի աշ­խարհագ­րութեան եւ ազ­գագրու­թեան հետ շփման ըն­ձե­ռած հարստու­թիւնը։ Ան Ճո­րոխ գե­տի կող­քին կը խօ­սի Քաջ­քա­րի լե­րան առեղ­ծո­ւածով եւ ըն­թերցո­ղին կը մա­տու­ցէ երե­ւակա­յու­թեան ըն­դարձակ դաշտ մը։

«Արաս» հրա­տարակ­չա­տան մա­տենա­շարէն լոյս տե­սած այս գիր­քը ող­ջունե­լու պատ­րաստո­ւած պա­հուն է, որ վրայ հա­սաւ Ու­սուցչաց Հիմ­նարկի նա­խաձեռ­նութեամբ լոյս տե­սած երեք գոր­ծե­րու մա­սին աւե­տիսի հա­մազօր այ­ցե­լու­թիւնը։

Նա­խորդ եր­կուշաբ­թի յետ­մի­ջօրէին էր, որ ու­րա­խու­թիւնը վա­յելե­ցինք չորս նո­ւիրեալ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան։ Ու­սուցչաց Հիմ­նարկի վար­չութեան ան­դամ Օր­թա­գիւ­ղի Թարգման­չաց Վար­ժա­րանի ան­ցեալի բազ­մա­մեայ տնօ­րէնու­հի՝ Մա­րի Նալ­ճը, իր հետ ու­նե­նալով, իր հար­սը Դա­լար Նալ­ճըն, Պեզ­ճիեան Վար­ժա­րանի տնօ­րէնու­հի Գլո­տիա Ալ­թը­փար­մաք Տե­միրը եւ Էսաեան Վար­ժա­րանի ման­կա­պար­տիզպա­նու­հի՝ Սի­պիլ Աւա­քօղ­լուն խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լեցին ու ար­դար հպար­տութեամբ մեր սե­ղանին վրայ դրին երեք նոր գոր­ծեր։

Եթէ մենք եղե­լու­թիւնը նկա­րագ­րե­ցինք «երեք նոր գոր­ծեր» կո­չու­մով, թող ըն­թերցո­ղը զայն ըն­կա­լէ, իբ­րեւ երեք ստեղ­ծա­գոր­ծութիւն, որ ար­գա­սիքն է լուրջ ու յա­մառ աշ­խա­տան­քի։

Անդրա­դառ­նանք անոնց բո­վան­դա­կու­թեան։ «Հո­յամո­ղէզ­ներ»ը, շատ ճա­շակա­ւոր նկար­նե­րով ու բարձրո­րակ տպագ­րութիւ­նով դե­ռատի ըն­թերցո­ղին կու գայ ծա­նօթաց­նե­լու եր­բեմնի այ­սօ­րուայ հա­մար դժո­ւար ըն­կա­լելի անա­սուննե­րու ոդի­սակա­նը։ Հո­յամո­ղէզ­նե­րը, որ մե­զի աւե­լի ծա­նօթ են «տի­նազոր» կո­չու­մով, ապ­րած են մի­լիոնա­ւոր տա­րիներ առաջ եւ ապա առ­յա­ւէտ կո­րած։ Մենք անոնց մա­սին կը լսենք բրածոնե­րը ու­սումնա­սիրե­լով։ Այսպէ­սով դե­ռատի ըն­թերցո­ղը կը ծա­նօթա­նայ նաեւ բնա­գիտու­թեան մա­սին տե­ղեկու­թիւննե­րուն։

Խիստ ու­շագրաւ են այն նկար­նե­րը, ուր հո­յամո­ղէզ­նե­րու մարմնի հսկա­յու­թիւնը կը բաղ­դա­տուի մար­դու հա­սակով։

Գիր­քը նաեւ կը նկա­րագ­րէ կեն­դա­նական աշ­խարհի միաբ­ջիջ էակ ըլ­լա­լով ջու­րին մէջ յայտնո­ւիլը։ Կը տես­նենք լո­ղաթե­ւերով օժ­տո­ւած հո­յամո­ղէզին ցա­մաքա­յին կեան­քի մէջ ոտ­քե­րով օժ­տուիլը։ Յե­ղաշրջման տե­սու­թեան փաս­տա­ցի օրի­նակ մըն է այս, որ վեր­ջերս վե­րացած է երկրի ուսման ծրագ­րէն սուրբ գրա­յին պա­տումնե­րու հա­կասող դաս մը ըլ­լա­լուն։

պատ­ճա­ռաւ։

Երկրորդ գիր­քը թէեւ ման­կա­պատում մըն է, բայց դար­ձեալ ու­նի շատ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն, քա­նի որ դե­ռատի ըն­թերցո­ղին կը ծա­նօթաց­նէ ատամ­նա­փոխու­թեան դէպ­քը, զայն գի­տակից դարձնե­լով իր մարմնի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած այս խիստ կա­րեւոր փո­փոխու­թեան մա­սին։

Այս գիր­քը եւս օժ­տո­ւած է գե­ղեցիկ նկար­նե­րով, որոնք աւե­լի հրա­պու­րիչ կը դարձնեն ըն­թերցու­մը։ Հե­ղինա­կը յա­ջողած է մա­նու­կի ներքնաշ­խարհը թա­փան­ցել իր լե­զուա­կան պարզ ու հա­ղոր­դա­կան ոճով։

Եր­րորդ գոր­ծը խա­ղի ծրար մըն է, որ պատ­րաստո­ւած է Սի­պիլ Աւա­քօղ­լուի կող­մէ։ Այդ ծրա­րին մէջ կը գտնենք 20 խա­ղաքար­տեր եւ 120 փոքր քար­տեր, որոնք տե­ղադ­րո­ւած են պար­կի մը մէջ եւ առիթ կու տան խա­ղի մի­ջոցաւ ծա­նօթա­նալու նոր բա­ռերու հետ եւ այսպէ­սով կը ճո­խաց­նեն, կը հարստաց­նեն դե­ռատիի բա­ռամ­թերքը։

Ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռող երե­ւոյթ է այդ մէ­կը, քա­նի որ կ՚ամ­րապնդէ մեր յոյսն ու հա­ւատ­քը գա­լիք ժա­մանակ­նե­րու դի­մաց։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւորենք բո­լոր հե­ղինակ­նե­րը եւ այս բո­լորին առիթ ընդձե­ռող Ու­սուցչաց Հիմ­նարկը ու «Արաս» Հրա­տարակ­չա­տու­նը։ Այժմ կա­րեւոր խնդի­րը դրո­ւած է նա­խակրթա­րանի եւ ման­կա­պար­տէզնե­րու մեր ու­սուցիչ­նե­րու ու­սե­րուն։ Անոնք են որ նոր սե­րունդը հա­ղոր­դա­կից պի­տի դարձնեն այս աշ­խա­տու­թիւննե­րուն, որոնց իւ­րա­քան­չիւրը կաս­կած չկայ թէ տքնա­ջան աշ­խա­տու­թեան հետեւանք է։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ