Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան երկու տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեան երկու ամսուան նման կարճ ժամանակի ընթացքին յաջողեցաւ այս դատավճիռը կայացնելու, մինչ այլ նման դատեր տարիներ կը տեւեն։
Նախորդ նիստին դատախազը երկուքուկէս տարի բանտարկութիւն պահանջած էր։
Դատավճիռը արժանացաւ բուռն արձագանգի. դահլիճը մեղադրեց դատաւորը: Ինք` Աջապահեան սրբազանը, որ ամբողջ դատավարութեան ընթացքին կը յայտարարէր, որ ինքզինք մեղաւոր չի նկատեր իշխանութիւնը յափշտակելու կոչի մեղադրանքին համար՝ դահլիճին մէջ ամէնէն հանդարտ անձն էր: Ան ժպիտով հետեւեցաւ տեղի ունեցածին, իսկ վերջաւորութեան՝ հեռանալու պահուն, ձեռքով թափահարելով իր աջակիցներուն` ըսաւ որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ։
Դատարանը նախորդ շաբաթ Միքայէլ արք. Աջապահեանը մեղաւոր ճանչցաւ եւ յաւելեալ դատական լսումներէն ետք, պատիժին չափը որոշուեցաւ:
Փաստօրէն, դատավարութիւնը տեւեց մէկուկէս ամիս, այս ընթացքին եղան ապացոյցներու հետազօտութիւն, հինգ պաշտպանական ճառեր, երկու մեղադրական ճառեր եւ վերջին խօսք մը: Նաեւ դատավարութեան արագ ընթացքին հանգամանքը նկատի ունենալով` փաստաբանական խումբը եւ սրբազանը մնայուն կերպով պնդեցին, որ ասիկա քաղաքական հետապնդումի հետեւանք է։
Միքայէլ արք. Աջապահեան աւելի կանուխ այս բոլորը տեղադրեց իշխանութեան «եկեղեցահալած քաղաքականութեան» ծիրին մէջ։
Դատական նիստին աւարտին, փաստաբանները լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին պնդեցին, որ խախտում արձանագրուած է. ըստ փաստաբան Արա Զոհրաբեանի` դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեան դատավճիռը հրապարակելու ընթացքին, յղում կատարեց բոլորովինայլ յօդուածի մը:
«Միքայէլ սրբազանը մեղադրւում էր Քրէական օրէնսգրքի 422 յօդուածի 2-րդ մասով նախատեսուած արարք կատարելու համար: Այսօր դատարանը կարդալուց նրան մեղադրեց 442 յօդուածի 2-րդ մասով: Լրիւ ուրիշ յօդուած, վերաբերում է պաշտօնատար անձի կողմից ապօրինի ձեռնարկատիրական գործունէութեանը մասնակցելուն: Մենք հիմա միասին արձանագրեցինք, որ դատաւորը վճիռով մեղաւոր էր ճանաչել 422 յօդուածի համար, հիմա դատավճիռ կարդաց, 442 յօդուածով։ Ակնյայտ է, որ սա պատուիրուած արարք էր», ըսաւ Զոհրաբեան:
Միքայէլ արք. Աջապահեանի փաստաբանները կը պատրաստուին բողոքարկել դատավճիռը. անոնք պիտի դիմեն նոյնիսկ մինչեւ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին: «Դատավճիռն անպայման բողոքարկուելու է վերաքննիչ ատեան: Միքայէլ սրբազանը նոյնպէս սպասում էր այս դատավճռին, այսինքն` ինքն էլ էր ակնկալում: Ինքը հոգեպէս պատրաստ էր, ի սկզբանէ տրամադրուած էր, որ իր նկատմամբ քաղաքական հետապնդում է իրականացուել եւ իրականացւում»։
*
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը արձագանգեց Միքայէլ սրբազանին դէմ տրուած վճիռին՝ զայն համարելով քաղաքական հաշուեյարդար։
Ստորեւ՝ Ս. Էջմիածինի յայտարարութիւնը՝
«Այսօր` Հոկտեմբերի 3-ին, դատարանը, շարունակելով ոտնահարել արդարադատութեան հիմնարար սկզբունքները, Գերաշնորհ Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեանին դատապարտեց երկամեայ ազատազրկման:
Ի սկզբանէ ակնյայտ էր, որ Շիրակի թեմի առաջնորդի նկատմամբ յարուցուած քրէական հետապնդումն ունի քաղաքական դրդապատճառներ եւ իշխանութիւնների հակաեկեղեցական արշաւի բացայայտ դրսեւորումներից է:
Գերշ. Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեանին ազատազրկելու վերաբերեալ անարդար դատավճիռը քաղաքական հաշուեյարդարի հերթական ապացոյցն է, որը խօսքի եւ կրօնի ազատութեան, խտրականութեան արգելքի սկզբունքի կոպտագոյն ոտնահարում է, ժողովրդավարական հասարակարգին նետուած ուղիղ մարտահրաւէր:
Խստօրէն դատապարտելով աղաղակող ապօրինութիւնները` վերստին հաստատում ենք, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հետամուտ է լինելու իրաւական, այդ թւում` միջազգային գործիքակազմերի կիրառմանը` Գերաշնորհ Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեանի արդար իրաւունքները վերականգնելու համար»:
*
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը իր կարգին յայտարարութեան մը միջոցով խստօրէն դատապարտեց Միքայէլ արք. Աջապահեանը երկու տարի բանտարկութեան դատապարտելու որոշումը, զայն կոչելով անօրինական եւ խայտառակ:
«Սա ոչ միայն հոգեւորականի դէմ իրականացուած հաշուեյարդար է, այլեւ Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցու, մեր ազգային ինքնութեան եւ քաղաքացիների ազատ արտայայտման իրաւունքի դէմ ուղղուած քաղաքական յարձակում: Այս վճիռը եւս մէկ ապացոյց է, որ գործող իշխանութիւնը Հայաստանում կառուցում է բռնապետական վարչակարգ, որտեղ դատարանները վերածւում են իշխանութեան ձեռքին բութ գործիքի: Վստահ ենք` հեռու չէ այս ամէնի համար պատասխան տալու ժամանակը», կ՛ըսուի Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, նաեւ նշանաւոր միջազգային փաստաբան Ռապըրթ Ամսթերտամ խիստ մտահոգիչ համարեց Աջապահեան սրբազանը 2 տարի բանտարկութեան դատապարտելը: «Այս գործը, ուր մեղադրանքը հիմնուած է «իշխանութիւնը յափշտակելու հրապարակային կոչերուն» վրայ, յաւելեալ ապացոյց է, որ Հայաստանի մէջ դատական համակարգը կ՛օգտագործուի քաղաքական այլախոհութեան դէմ: Միքայէլ սրբազանին դատավարութիւնը, զոր ան բնութագրեց իբրեւ քաղաքական հետապնդում, ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կ՛ոտնահարուին խօսքի ազատութեան եւ արդար դատաքննութեան հիմնարար սկզբունքները: Երբ հոգեւոր առաջնորդը, որ պարզապէս իր մտահոգութիւնը արտայայտած էր երկրի ճակատագիրին վերաբերեալ, կը դատապարտուի բանտարկութեան, ասիկա ազդանշան կը դառնայ ամբողջ հանրութեան` մի՛ քննադատէք իշխանութիւնը, որքան ալ շատ են դժգոհութիւնները եւ մտահոգութիւնները: Միջազգային հանրութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ այս ակնյայտ անարդարութեան նկատմամբ: Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ վերանայեն այս դատավճիռին եւ ապահովեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին համապատասխանող արդար դատաքննութիւն մը: Արդարադատութիւնը պէտք է անկախ ըլլայ, եւ ոչ թէ` քաղաքական գործիք», դիմատետրի վրայ գրած է Ամսթերտամ։
*
Նշենք որ երկրի բանակը եւ ոստիկանութիւնը գործող իշխանութիւնը տապալելու կանչող ելոյթները երբեւիցէ մաս չեն կազմեր խօսքի ազատութեան։ Ընդ հակառակը, այս տեսակի ելոյթները ամենուրէք կը գնահատուին իբրեւ ահաբեկչութեան քարոզչութիւն։ Արդարեւ Միքայէլ արք Աջապահեանի ելոյթները Հայաստանի դատարաններուն կողմէ ճիշդ ալ այս իմաստով ընկալուած եւ պատժի արժանացած է։