ԵՄԻԱ 2019-ին, յայտարարած է թէ 2016-էն այս կողմ բանտարկեալ Սելահատտին Տեմիրթաշի դէմ արձակուած վճիռը իրաւական փաստերէ զուրկ է եւ քաղաքական նպատակով կայացած։ ԵՄԻԱ-ի դատարանը այս հաստատումով պահանջած էր, որ ՏԵմիրթաշ իսկոյն ազատ արձակուի։ Թուրքիոյ Արդարադատական Նախարարութիւնը առարկութեան համար նշուած ժամկէտի աւարտին դիմում ներկայացնելով պահանջեց որ խնդիրը դարձեալ քննարկուի։
ՏԵՄ կուսակցութեան համանախագահներ՝ Թիւլայ Հաթիմօղուլլարը եւ Թունճէր Պաքըրհան X հարթակի գրառումներով դատապարտեցին նախարարութեան այս որոշումը։
Հաթիմօղուլլարը «ԵՄԻԱ-ի վճիռին առարկելով վնաս կը հասցնեն հասարակական խաղաղութեան եւ արդարութեան։ Այս առարկութիւնը անօրինութեան մէջ յամառիլ կը նշանակէ։ Սելահատտին Տեմիրթաշ, Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ եւ տասնեակներով մեր ընկերները աւելի քան ինը տարի է, որ ճաղերու ետին գերեվարուած են։ Անարդարութեան մէջ յամառումը ո՛չ մենք եւ ո՛չ ալ խաղաղապաշտ միլիոնաւոր ժողովուրդ կ՚ընդունինք։ Երկրի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու միակ միջոցը մեր ընկերներու ազատութիւնն է» ըսած է Թիւլայ Հաթիմօղլուլլարը։
ՏԵՄ կուսակցութուեան Տիյարպէքիրի պատգամաւոր Ճենկիզ Չանտար ալ X հարթակի գրառումներով քննադատած է առարկութեան որոշումը։ «Այս քայլով նախարարութիւնը ապացուցած է իր յետին նպատակը, անտեսած է քիւրտ քաղաքացիներու զգացումները եւ աւելի կարեւորը երկրի ներքին քաղաքականութեան համար յոյսեր ներշնչող գործընթացն ալ լրջօրէն վնասուած» գրած է Չանտար։