Յիշատակում Էրոլ Պաքըրճըօղլուի

Ծանօ­թացանք դժբախտ օր մը, տխուր առի­թով եւ հո­գեմաշ մի­ջավայ­րին։ Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ բակն էինք։ Հոծ բազ­մութիւն մը լե­ցու­ցած էր եկե­ղեց­ւոյ բա­կը, մաս­նակցե­լու հա­մար մեր ող­բա­ցեալ ըն­կեր, վա­ղամե­ռիկ փաս­տա­բան Հա­քան Պա­քըր­ճըօղ­լուի յու­ղարկա­ւորու­թեան։

Այդ բազ­մութեան մէջ ինք էր որ մօ­տեցաւ ու ծա­նօթա­ցուց զինք ըսե­լով «Ես Էրօլ Պա­քըր­ճըօղ­լուն եմ, զար­մի­կը Հա­քանին»։

Մեր մի­ջեւ իս­կոյն ծա­գեցաւ զրոյց, որու մի­ջոցաւ վե­րահա­սու եղանք թէ ինք եւս կը պայ­քա­րէր քաղցկե­ղի դէմ։

Զուսպ էր եւ շատ չէր խօ­սած ըրած­նե­րուն մա­սին։ Այդ բո­լորին տե­ղեկա­ցանք հա­զիւ իր մա­հէն ետք, շնոր­հիւ զինք շրջա­պատած բա­րեկամ­նե­րու գրա­ռումնե­րուն։ Այ­րին Սուլթա­նա Պա­քըր­ճըօղ­լուն փա­փաքած էր այդ գրու­թիւննե­րը մէկ­տե­ղել հա­տորի մը մէջ։

Էրոլ Պա­քըր­ճըօղ­լո­ւի ան­տիպ կամ զա­նազան պարբկան­նե­րու մէջ լոյս տե­սած յօ­դուած­նե­րը այժմ հա­ւաքուած են «Առանց պատ­րո­ւակի կեանք մը» անուն հա­տորի մէջ։

Յա­ռաջի­կայ 11 Հոկ­տեմբեր շա­բաթ յետ­մի­ջօրէին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­տուկ շնոր­հանդէս մը, Անա­րատ Յղու­թիւն շէն­քի «Հա­ւաք» սրա­հին մէջ։ Ներ­կա­ներ այս առ­թիւ պի­տի կա­րենան ու­նե­նալ նո­րատիպ գիր­քէն օրի­նակներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ