Վերջապէս զինադադար

Աւե­լի քան եր­կու տա­րիներ յա­րատեւ կեր­պով շա­րու­նա­կուող կոր­ծա­նարար յար­ձա­կումնե­րը աւար­տին հա­սան Թրամ­բեան բե­մադ­րութիւ­նով։

7 Հոկ­տեմբեր 2023-ին, Հա­մասի զի­նեալ­նե­րու գոր­ծադրած ահա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մը ուղղո­ւած էր հրեայ խա­ղաղ բնակ­չութեան։ Ժա­մերու տե­ւողու­թեան մէջ զի­նեալ­նե­րը սպան­նե­ցին բազ­մա­թիւ երի­տասարդներ եւ շա­տերն ալ իբ­րեւ պա­տանդ գե­րավա­րեցին։ Այս յար­ձա­կու­մին իբր փո­խադարձ Իս­րա­յէլի վար­չա­պետ Նե­թանեահու ձեռ­նարկեց վայ­րագ վրի­ժառու­թեան, խլե­լով մօտ 70 հա­զար կեան­քեր։ Իրա­կանու­թեան մէջ Նե­թանեահու գո­յացած առի­թը շա­հագոր­ծեց իր վա­ղեմի վայ­րագ ռազ­մա­վարու­թիւնը իրա­կանաց­նե­լու հա­մար։ Նշենք որ նախ­քան այս դէպ­քե­րու պա­տահի­լը, ան են­թա­կայ դար­ձած էր իր սե­փական ժո­ղովուրդի բո­ղոք­նե­րուն։ Իս­րա­յէլա­ցիներ զան­գո­ւածա­յին ցոյ­ցե­րով կը բո­ղոքէին վար­չա­պետի դէմ եւ կը պա­հան­ջէին անոր հրա­ժարու­մը։

Պա­տերազ­մա­կան մի­ջավայ­րի մէջ ան յա­ջողե­ցաւ պա­հել իր աթո­ռը եւ աւե­լին, բնաջնջել Կազ­զա­յի խա­ղաղ բնակ­չութիւ­նը։ Այս չա­րամիտ արար­քի ըն­թացքին ան վա­յելեց արեւմտեան աշ­խարհի զօ­րակ­ցութիւ­նը։ Իրա­կանու­թեան մէջ պե­տու­թիւններն էին որ կը զօ­րակ­ցէին Նե­թանեահո­ւի քա­ղաքա­կանու­թեան, փո­խարէ­նը այդ եր­կիրնե­րու ժո­ղովուրդնե­րը կ՚առար­կէին այս անար­դար յար­ձա­կումնե­րուն

Բա­ցի զի­նեալ յար­ձա­կումնե­րէ, Իս­րա­յէլի կի­րար­կած պա­շար­ման հե­տեւան­քով սով տի­րեց Պա­ղէս­տի­նի մէջ։ Օրըս­տօ­րէ աճե­ցաւ սո­վամահ եղող­նե­րու թի­ւը։

Խղճի տէր մարդկանց շրջա­փակու­մը ճեղ­քե­լու փոր­ձե­րը եւս հան­դի­պեցան Իս­րա­յէլի զի­նեալ մի­ջամ­տութեան։

Հա­մաշ­խարհա­յին օրա­կար­գի վրայ հետզհե­տէ բարձրա­ցան ցե­ղաս­պա­նու­թեան բնոյ­թով այս յար­ձա­կումնե­րու դէմ դի­մադ­րութեան ալի­քը։ Այս պա­հուն է որ Թրամբ յան­կարծա­կի կեր­պով հրա­պարակ իջաւ եւ փոր­ձեց խնդի­րը իր հա­կակշռին տակ առ­նել։ Ըստ երե­ւոյ­թի յա­ջողե­ցաւ այդ ըն­թացքին մէջ, քա­նի որ Եգիպ­տո­սի Շարմ Էլ Շէյխ քա­ղաքի մէջ կնքո­ւեցաւ զի­նադա­դարի պայ­մա­նագիր մը, որ մար­դա­սիրա­կան օգ­նութեան ալ առիթ կ՚ըն­ձե­ռէր։ 

Ներ­կայ դրու­թիւնով մաս­նա­կից բո­լոր կող­մե­րը կը դժո­ւարա­նան կնքո­ւած պայ­մա­նագի­րը երաշ­խա­ւորե­լու, քա­նի որ այդ ստո­րագ­րութիւննե­րու մէջ կը բա­ցակա­յէր յար­ձա­կող եւ յար­ձակման են­թա­կայ խումբե­րու անուննե­րը։ Մնա­ցեալը թրամ­բեան շօու մըն էր, որ կը մի­տէր Նո­պելեան Խա­ղաղու­թեան Մրցա­նակը նո­ւաճե­լու եւ մնաց ապար­դիւն։

Այժմ պա­հը աւե­րուած Կազ­զա քա­ղաքի վե­րակա­ռուցման եւ հա­րազատ ժո­ղովուրդով վե­րաբ­նա­կեց­ման խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հրա­մայա­կանը կը դնէ բո­լորին առջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ