Սխալ ընկալումները կանխելու համար պարտինք ի սկզբանէ յստակեցնել կարգ մը իրողութիւնները։ Նախ նշենք որ այս սիւնակի հեղինակը իր գիտակցութիւնը ձեւաւորած օրէն սկսեալ կապը խզած է բոլոր կրօններու հետ։ Ան բառին բուն իմաստով անհաւատ մըն է եւ ծիծաղով կը լսէ դրախտի կամ դժոխքի, աշխարհի, բնութեան եւ կենդանութեան արարման մասին սուրբգրային բոլոր պատումները։ Ի դէմ այս հաւատքի պակասի, ան սրտանց կապուած է հոգեւոր աւանդութիւններու, երաժշտութեան, առհասարակ մշակոյթին։ Կը հմայուի տեսնելով եկեղեցիներու կամ մզկիթներու ճարտարապետական հիասքանչ կոթողները։ Կը հմայուի յատկապէս Կոմիտասեան բազմաձայն պատարագի հնչիւններով։ Կը սիրէ մեծ տաղաւարներու նախորդող խթման երեկոյները անցնել իր տան մէջ, սեղանակից ունենալով վերաքրիստոնէացած իր սաները։ Ուրեմն շատ անտեղի պիտի ըլլայ զինք եկեղեցւոյ թշնամի կոչելը։ Ան խնդիր չունի եկեղեցւոյ հետ։ Ընդ հակառակը սիրտով կապուած է եկեղեցւոյ բոլոր բարի յատկութիւններուն։
Բայց կոյր ալ չէ այս սիւնակի հեղինակը։ Կը տեսնէ, կը լսէ եւ վերջապէս կ՚ընդվզի իբրեւ թէ եկեղեցւոյ ծառայել ուխտած, բայց վարքով գործով այդ ուխտը դրժող հոգեւորականներու արարքը։
Ինչո՞ւ համար այսքան դժուար հասկնալի է եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի տարբերութիւնը։
Աւելի խորանանք այս նիւթին եւ եկէք խոստովանինք որ հասարակ հաւատացեալի եւ արհեստավարժ եկեղեցականի հայեացքի մէջ հսկայական տարբերութիւն կայ։ Այդ պատճառաւ ալ հոգեւորական կոչուածը ընդհանրապէս կ՚անտեսէ հասարակութեան կարիքն ու պահանջը եւ իր կարողութիւնները կը տրամադրէ ուժին։ Ուժը երբեմն հնչիւն փողն է, երբեմն իշխանութիւնը, բայց ոչ երբեք արդարութիւնը։
Եթէ այս հակադրութեան մէջ սխալ մը կայ, այդ սխալի հետեւանքը պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ իր ժողովուրդէն օտարացումը։
Հետաքրքրական բառ է օտարացումը։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին այդ բառը կը վերագրէ հայոց այլ դաւանանքներուն։ Անոր համար կաթողիկութիւնը կամ բողոքանութիւնը այլադաւանութիւն է։ Այլ խօսքով օտարացում։
Երբ Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան Հայաստանեան ներկայացուցչութեան համար գրասենեակի կարիք կար, հայ համայնքը չի կրցաւ տրամադրել համեստ աշխատանոց մը։ Այդ պահանջը եկաւ լրացնել Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը։
Նմանը պատահեցաւ երբ Հայաստանէն աշխատելու համար Թուրքիա եկած ընտանիքներու զաւակներուն ուսում ջամբելու անհրաժեշտութիւն գոյացաւ։ Այս անգամ ալ լքեալ բազմաթիւ դպրոցի շէնքեր ունեցող պոլսահայութեան դէմ Հայ Աւետարանչական Եկեղեցին է, որ իր դռները բացաւ եւ մինչեւ օրս կը գործէ Հրանդ Տինք Վարժարանը։ Մեր ամբողջ դպրոցական համակարգին մէջ ան ամենայաջողն է իր շրջանաւարտներու յաջողած քննութիւնները նկատի ունենալով։
Պատրիարքարանի հրապարակած զեկոյցը ապացոյց է ըսելու համար թէ եկեղեցին չէ գիտակցած իր կատարած սխալին, որու հետեւանքով օրըստօրէ կ՚օտարանայ իր ժողովուրդին։