ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԽԱՂՈՂԸ, ԳԻՆԻՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Ձօն՝ Անահիտին եւ Մարիամին

Ամանոր է այ­­սօր

Օրհնեալ էին. մեղ­­րա­­­համ. ոս­­կե­­­գոյն. քաղցրա­­կաթ։ Խա­­ղողի հա­­տիկ­­ներ էին անոնք։ Ամ­­բողջ ազգ մը անոնց հա­­մար եկաւ, խո­­նար­­հե­­­ցաւ եւ հա­­ղոր­­դո­­­ւեցաւ ան­­ցեալին հետ։ Խա­­ղողօրհնէք էր։ Կուռ ող­­կոյզնե­­րը հա­­սուն՝ ու­­րա­­­խու­­թիւն եւ սէր կը բու­­րէին։ Հա­­տիկ­­նե­­­րը անոնց, մէյ մէկ արե­­ւափայլ կա­­թիլ­­ներ, մե­­զի կը ժպտա­­յին խո­­րանէն։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, շա­­բաթ մը առաջ հայ ազ­­գը խա­­ղողը եւ գի­­նին ձօ­­նեց Մա­­րիամ Աս­­տո­­­ւածած­­նին, ապա փառ­­քով վա­­յելեց զա­­նոնք։ Մեր սե­­ղան­­նե­­­րու վրայ ցնծու­­թիւն եւ լոյս կա­­թեցաւ եր­­կինքէն։ Ապա, գի­­շերա­­յին ժա­­մերուն, երբ խա­­ղաղ էր մեր տու­­նը, ես որո­­շեցի այս ու­­րա­­­խու­­թեան ար­­մա­­­տին իջ­­նել։ Քա­­լեցի հայ­­կա­­­կան գրա­­կան այ­­գի­­­ներու մէջ, հիացիկ կար­­դա­­­ցի խա­­ղողին եւ գի­­նիին ձօ­­նուած տա­­ղեր եւ եր­­գեր, դի­­տեցի հե­­թանո­­սական ծէ­­սեր։ Հեշ­­տա­­­գին էին անոնք, քաղցրա­­համ, քաղցրա­­բոյր եւ քաղցրահնչիւն, ինչպէս խա­­ղողի պաշ­­տա­­­մունքը, որ ծնունդ տո­­ւած էր անոնց։ Անոնք գլխու պտոյտ ալ տո­­ւին ին­­ծի։ Ապա ես յօ­­րինե­­ցի այս յօ­­դուա­­ծը եւ զայն ձօ­­նեցի Անա­­հիտին եւ Տի­­րամօր։

Անի-Կա­­մախի այ­­գի­­­ները

Շնոր­­հա­­­ւոր նոր տա­­րի։ Շա­­բաթ մը առաջ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, Նա­­ւասարդ էր։ Մենք թե­­ւակո­­խեցինք Բուն հայ­­կա­­­կան տօ­­մարի 4518-րդ տա­­րին։ Աւե­­տիս հայ ազ­­գին։ Մեր հի­­ները նա­­ւասար­­դի առա­­ջին օրը երբ Նպատ լե­­րան հիւ­­սի­­­սային ստո­­րոտի տակ՝ Արա­­ծանի գե­­տի ափին, Վա­­նատու­­րի տա­­ճարին առ­­ջեւ կը տօ­­նէին ամա­­նօրը եւ կու­­րա­­­խանա­­յին խա­­ղերով՝ հա­­յոց աշ­­խարհի մէջ եր­­գով ու տա­­ղով տե­­ղի կու­­նե­­­նար նաեւ այ­­գե­­­կութք։ Այդ օր հայ այ­­գե­­­պանը իր առա­­ջին պտու­­ղը կը նո­­ւիրէր Անա­­հիտին։ Ես ձե­­զի բա­­ցատ­­րեմ, թէ ո՚ւր էր նա­­խաք­­րիստո­­նէական Հա­­յաս­­տա­­­նի պաշ­­տա­­­մունքի այդ կա­­րեւո­­րագոյն մե­­հեանը, մի գու­­ցէ կը ցան­­կա­­­նաք գալ տա­­րի Օգոս­­տոս 11-ին սա­­կառ մը խա­­ղող առ­­նել եւ մեր ազ­­գի 4519-րդ տա­­րեդար­­ձը հոն տօ­­նել։ Ան­­հա­­­սանե­­լի չէ այդ վայ­­րը։ Երզնկա­­յի քա­­ղաքի Կա­­մախ գա­­ւառի մէջ է, Երզնկա քա­­ղաքէն 44 քմ հա­­րաւ-արեւ­­մուտք, Եփ­­րա­­­տի ձախ ափին, Թա­­նաձոր վտա­­կի վրայ։ Երզնկա քա­­ղաքէն ճամ­­բայ ելած թաք­­սի մը մօ­­տաւո­­րապէս 50-55 վայրկեանէն ձեզ դիւ­­րութեամբ կրնայ Կա­­մախ տա­­նիլ։ Ասի­­կա Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի վրայ կա­­տարո­­ւած տե­­սար­­ժան ճամ­­բորդու­­թիւն մըն է, որ կար­­ժէ 400 լի­­րա, կամ՝ 10 տո­­լար։ Յի­­շեց­­նեմ, թէ Կա­­մախը մեր պատ­­մութեան մէջ նախ եւ առաջ յայտնի էր որ­­պէս Ար­­տա­­­շէսեան եւ Ար­­շա­­­կու­­նի թա­­գաւոր­­նե­­­րու զօ­­րաւոր ամ­­րո­­­ցը։ Հոն կը պա­­հուէր անոնց ար­­քունա­­կան գան­­ձի մէկ մա­­սը եւ հոն կը գտնո­­ւէր Ար­­շա­­­կու­­նի թա­­գաւոր­­նե­­­րու գե­­րեզ­­մա­­­նոցը։

Ձօն Անա­­հիտին

Հե­­թանո­­սական Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ խա­­ղողի եւ գի­­նիի նո­­ւիրա­­բեր­­ման արա­­րողու­­թիւնը հո­­գեւոր եւ պաշ­­տա­­­մունքա­­յին բնոյթ ու­­նէր։ Այ­­գի­­­ներու առա­­ջին բեր­­քը կը ձօ­­նուէր Անա­­հիտին։ Խա­­ղողը կը դի­­տուէր որ­­պէս ծննդա­­բերու­­թեան, պտղա­­բերու­­թեան եւ կեան­­քի խորհրդա­­նիշ։ Քրիս­­տոնէու­­թեան Հա­­յաս­­տան մուտքով շա­­րու­­նա­­­կեցիք մեր հին եր­­գե­­­րը եւ աղօթքնե­­րը գոր­­ծա­­­ծել, պար­­զա­­­պէս Անա­­հիտ թի­­ցու­­հի անու­­նը փո­­խարի­­նեցինք Մա­­րիամ Աս­­տուածած­­նի հետ։

Մայր այ­­գին

Հին հայ­­կա­­­կան տա­­ղերու մէջ Աս­­տո­­­ւածա­­ծինը «այ­­գի» է, ինչպէս Առա­­քել Սիւ­­նե­­­ցիի «Գո­­վեստ ի Սուրբ Աս­­տուածած­­նին» տա­­ղը.

Աս­­տո­­­ւածա­­ծին, տնկեալ այ­­գի.

Տնկեալ աջովն հայ­­րե­­­նի.

Որ եւ տո­­ւէր պտուղ բա­­րի,

Զտնկա­­գոր­­ծօղն ամե­­նայ­­նի։

Նոյնպէս «բա­­րու­­նակ» բա­­ռը վե­­րածուեցաւ «Մեծ բա­­րու­­նակ» ար­­տա­­­յայ­­տութեան, որ Տի­­րամօր անուննե­­րէն մէկն է.

Աս­­տո­­­ւածա­­ծին, մեծ բա­­րու­­նակ,

Որ բարձրա­­ցար յերկնից քա­­տակ,

Գողթն գա­­ւառի բա­­նաս­­տեղծնե­­րը բա­­ցատ­­րե­­­ցին, թէ խա­­ղողը Նո­­յի պար­­գեւն է, ինչպէս նաեւ՝ Ադա­­մի ամե­­նասի­­րած պտու­­ղը. «Ազ­­նիւ գո­­վական պտուղ, ճա­­շակածն ասեն Ադա­­մայ»։

Միջ­­նա­­­դարեան տա­­ղերու մէջ խա­­ղողը օրհնե­­լի, փա­­ռաբա­­նելի, գո­­վելի պտուղ է։ Ահա քա­­նի մը ախոր­­ժա­­­բեր տո­­ղիկ. «Յա­­ջաջ զխա­­ղողն տնկե­­ցին, եւ բարձրա­­ձայն զայն գո­­վեցին», «Ան­­մա­­­հու­­թեան պտուղ ես դու», «Խա­­ղող զքեզ գո­­վել պի­­տի»։ Եթէ դուք կու­­զէք ձեր բա­­րեկա­­մին կամ սի­­րակա­­նին բա­­րեմաղ­­դութիւն կա­­տարել, հե­­տեւե­­ցէք մեր նախ­­նի­­­ներու օրի­­նակը, եւ մաղ­­թե­­­ցէք, որ անոնց կա­­րաս­­նե­­­րը միշտ գի­­նիով ըլ­­լան լի. «Կա­­րասն Ձեր լցո­­ւի գի­­նով, աւե­­տիս», «Ինոր մա­­ռանը լիքն է գին­­ւով, ալե­­լուա»։

Ինչպէ՞ս ել­­լեմ այ­­գիէս

Գրի­­գորիս Աղ­­թա­­­մար­­ցին միջ­­նա­­­դարու յայտնի բա­­նաս­­տեղծնե­­րէն մէկն է։ Նախ եւ առաջ ան Աղ­­թա­­­մարի կա­­թողի­­կոս էր։ 1480-1550 թո­­ւական­­նե­­­րուն ապ­­րած հո­­գեւո­­րակա­­նը, դեռ երի­­տասարդ տա­­րինե­­րուն երբ յի­­շեց մա­­հը, գրեց յու­­զիչ տաղ մը եւ բա­­ցատ­­րեց, թէ որ­­քա՚ն դժո­­ւար է երկրա­­յին կեան­­քին հրա­­ժեշտ տալ։ Անոր եր­­գի տո­­ղերու մէջ «այ­­գի» բա­­ռը ու­­նի փո­­խաբե­­րական իմաստ։ Ան կը նշա­­նակէ աշ­­խարհը, կամ՝ երկրա­­յին կեան­­քը։ Իսկ «Ինչպէ՞ս ել­­նեմ ի յայ­­գոյս» տո­­ղի մէջ ան կը յայտնէ ափ­­սո­­­սանք՝ այ­­սինքն կեան­­քի շնորհնե­­րը դեռ լիովին վա­­յելած չըլ­­լա­­­լու վի­­ճակը։ Ահա այդ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը՝ հա­­մառօ­­տու­­թիւննե­­րով. «Ինչպէ՞ս ել­­նեմ ի յայ­­գոյս, / Ուռ եմ ան­­կեր այս այ­­գոյս, / զՏակն եմ ջրեր այս տնկոյս, / Դեռ չեմ կե­­րեր ի պտղոյս, / Հնձան եմ շի­­ներ այ­­գոյս, / Կա­­րաս եմ թա­­ղեր գի­­նոյս, / Դեռ չեմ խմեր ի գի­­նոյս»։ Վան-Վաս­­պուրա­­կանը յայտնի է իր այ­­գե­­­գոր­­ծութեամբ, ինչպէս նաեւ կա­­րաս թա­­ղելու, կա­­րաս բա­­նալու հնա­­գոյն ծի­­սակա­­տարու­­թիւննե­­րով։ Գե­­ղեցիկ է կար­­ծել, թէ Գրի­­գորիս կա­­թողի­­կոսը իր բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը գրի առաւ Սուրբ Խաչ աթո­­ռանիստ մայր տա­­ճարի բարձրա­­քան­­դակնե­­րը դի­­տելով։՝ Հոն պատ­­կե­­­րուած են խա­­ղողի չընդհա­­տուող որ­­թա­­­գալար­­ներ, այ­­գի­­­ներու մշա­­կում, բեր­­քա­­­հաւաք եւ գի­­նիի պատ­­րաստու­­թիւն։

40 կա­­րաս սէր

1500-1700-նե­­րուն, դա­­րաշրջա­­նի սի­­րային տա­­ղեր­­գութեան ծաղկման պայ­­մաննե­­րու մէջ խա­­ղողի եւ գի­­նիի նո­ւիրո­­ւած երգ ու բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րը աշ­­խարհիկ սի­­րոյ բնոյթ ստա­­ցան։ Միջ­­նա­­­դարեան եր­­գի մը մէջ տղան կըսէ. «Կա­­րասն ալ գի­­նով լցած / Իր սի­­րածն առ­­ջեւն էր դրած»։ Մէկ այլ եր­­գի մէջ կա­­րասի եւ գի­­նիի պատ­­կե­­­րը ու­­րա­­­խու­­թեան եւ քիչ մը կարմրե­­լու պատ­­ճառ է, ինչպէս նաեւ՝ պտղա­­բերու­­թեան նա­­խատե­­սարա­­նը.

Ես քեզ կա­­րաս բա­­նամ գե­­րիս

Ես քեզ բե­­րեմ անոյշ գի­­նիս

Զի դու խմես կարմրիս

Աւե­­տիս տամ հա­­յոց ազ­­գիս։

Խնդամք ի շուրջ կա­­րասիս

Աւե­­տիս տամ հա­­յոց ազ­­գիս։

Ժո­­ղովուրդա­­կան եր­­գե­­­րու մէջ գի­­նի խնդրո­­ղը տղան է, իսկ մա­­տու­­ցո­­­ղը՝ իր սի­­րածը.

Այ լի՚ց (լե­­ցուր) ու տուր, այ լի՚ց ու տուր,

Անա­­պակէդ այ լի՚ց ու տուր։

Այ լի՚ց ու տու՚ր, ա՚յ լից ու տուր,

զԱ­­նուշ գի­­նուդ անա­­պական։

41-րդ համ­­բոյրը

Կա­­րաս բա­­նալու արա­­րողու­­թիւնը կա­­րելի՞ է գծագ­­րել կամ պատ­­կե­­­րահա­­նել։ Ին­­չո՞ւ չէ, մտա­­ծեցի, եւ մտա­­բերե­­ցի հե­­տեւեալ նկա­­րը. Աշ­­նան այ­­գի­­­ներու մէջ սար­­քենք մայ­­րա­­­մու­­տի շո­­ղերով ողո­­ղուած ըն­­տա­­­նեկան ճոխ սե­­ղան, սե­­ղանի վրայ դնենք կո­­ղով-կո­­ղով կար­­միր, ճեր­­մակ, սեւ ող­­կոյզներ, քով-քո­­վի շա­­րենք գի­­նի լե­­ցուն բա­­ժակ­­ներ, հոն գան նստին թիեց­­նող հար­­սեր, սե­­ղանի գլու­­խը բազ­­մին մե­­ծեր, իրենց աշ­­խա­­­տան­­քով հպար­­տա­­­նան այ­­գե­­­պան­­ներ։ Ըլ­­լայ խնջոյք։ Բարձրա­­նայ ծի­­ծաղ։ Ապա, տէր­­տէրներ գան խա­­չերով, աշուղներ գան սա­­զերով, աղ­­ջիկներ գան փունջե­­րով։ Ապա, կտրիճ երի­­տասար­­դը իր եարին կան­­չէ սի­­րեր­­գութեան։ Այդպի­­սի օր մը ծնունդ առաւ, ան­­կասկած, «Տօ­­նէ եար» եր­­գը, ուր քա­­ռասուն համ­­բոյրը գո­­վելի է, իսկ մէկ աւե­­լին՝ աւե­­լի։

Մեր տան առաջ քառ­­սուն կա­­րաս

Ձեր տան յի­­տեւ քառ­­սուն կա­­րաս

Քառ­­սուն կար­­սին գի­­նին է խաս

Ամէն կար­­սին պագ մը պի­­տի տաս

Արի սի­­րուն բան ասեմ,

Արի եար ջան օր ու գի­­շեր,

Կար­­միր թշերդ պա­­չեմ

Վզիդ խա­­լերը հա­­շուեմ

Այս եր­­գը լայն տա­­րածու­­թիւն ու­­նի, հե­­տեւա­­բար հա­­ճելի է լսել նաեւ անոր բար­­բա­­­ռային տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րը.

Մեր դռան առաջ քառ­­սուն կա­­րաս,

Ձեր դռան առաջ քառ­­սուն կա­­րաս,

Քառ­­սուն կար­­սի գի­­նին էր հաս,

Ամեն փար­­չից՝ կթխեմ՝ իդաս,

Ամեն կթխին՝ մէ պագմ՚ տաս

Ամեն կար­­սին՝ ար­­ծը­­­թէ թաս,

Ամեն թա­­սիս՝ պա­­գիկ մէ տաս։

Վեր­­ջին թա­­սը

Ճա­­շակ­­ման եւ հա­­ղոր­­դութեան հո­­գեւոր իմաստ ու­­նի Սուրբ պա­­տարա­­գի գի­­նին, որ Քրիս­­տո­­­սի արիւնն է։ Հայ­­կա­­­կան մտա­­ծողու­­թեան մէջ բա­­ժակը ու­­նի եր­­կու իմաստ, գի­­նին պա­­րու­­նա­­­կող ըն­­դունա­­րանը եւ խո­­րանի սկի­­հը։ Ժո­­ղովրդա­­կան ծի­­սական եր­­գերն ալ կաւար­­տին օրհնա­­բանա­­կան խօս­­քե­­­րով, ինչպէս՝ «Խմո­­ղաց՝ անուշ», եւ «Խմողն է օրհնած»։ Հայ ժո­­ղովրդա­­կան ծի­­սական բա­­նահիւ­­սութեան մէջ ներ­­կայ է առաջ­­նապտու­­ղի՝ այ­­սինքն խա­­ղողի օրհնու­­թեան եւ վա­­յելու­­մի հնա­­գոյն ծէ­­սը։ Ան կը կո­­չուէր «Նոր պտղոց տօն», այ­­սինքն՝ Նա­­ւասարդ եւ կը կա­­տարո­­ւէր Օգոս­­տոս 11-ի տօ­­նախմբու­­թիւննե­­րու ժա­­մանակ։ Այդ ծէ­­սերը վե­­րածուեցան քրիս­­տո­­­նէական տօ­­ներու՝ Մա­­րիամ Աս­­տո­­­ւածած­­նի վե­­րափոխ­­ման տօն եւ Խա­­ղողօրհնեք։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, այժմ Անա­­հիտ դի­­ցու­­հիին, մեր այ­­գի­­­ներուն, խա­­ղողին եւ գի­­նիլից բա­­ժակ­­նե­­­րուն հրա­­ժեշտ տանք ու­­րախ եր­­գով մը։ Թող Անա­­հիտն ու Մա­­րիամը պաահով եւ բեր­­րի պա­­հեն մեր աշ­­խարհի այ­­գի­­­ները, որ­­պէսզի մենք լիովին վա­­յելենք անոնց շնորհնե­­րը, որ Նոյ նա­­հապե­­տի պար­­գեւն է Հա­­յոց աշ­­խարհին։

Այ­­սօր տօ­­նեմք ձեզ աւե­­տիս,

Ահա ցնծամք յայսմ՚ տօ­­նիս,

Բա­­րով տե­­սայ գա­­ւաթն յա­­փիս,

Աւե­­տիս տամ հա­­յոց ազգիս։