Պտոյտ մը գրական
այգիներու մէջ
Տօնեցինք Աստուածածնի տօնը։ Թորգոմի զաւակներս մեծ նուիրուածութեամբ օրհնեցինք խաղողը եւ զայն նուիրեցինք Անահիտին եւ Մարիամին։ Այդ օր ես ճաշակեցի ողկոյզի մը ոսկեփայլ եւ քաղցրահամ հատիկները, ապա պտոյտ մը կատարեցի միջնադարեան Հայաստանի գրական այգիներու մէջ։ Այգեկութք մըն էր ան, ծիսակատարութիւն մը քնարական։ Նպատակս էր քաղել քաղցրհամ հին տաղեր եւ սիրավառ երգեր։ Այսօր կը փափաքիմ զամբիւղէս հանել եւ ձեզի հրամցնել երեք ողկոյզ՝ խաղողի եւ ուրախութեան ձօնուած երեք երգ։
Երգ Սեղանոյ եւ Ուրախութեան
Ձեզ, յարգելի ընթերցող, կը հրաւիրեմ Արծկէ քաղաքի այգիները։ Հոն, Սիփան լերան փէշին պատրաստած ենք ճոխ սեղան։ Արծկէ աւանը գեղատեսիլ է՝ Վանայ լիճի զարդերէն մէկը։ Երբ լիճի ջուրը բարձրանայ ան կը դառնայ կղզի։ 1650 թուականի Օգոստոս ամիսն է։ Վերջին Կիրակին։ Հաւաքուած ենք մեծ կարասի շուրջ եւ կը պատրաստուինք խաղողը եւ գինին վայելելու։ Ահա կու գայ երեսնամեայ Անդրէասը։ Ամլորդի վանքի մէջ ուսանած այրը, որ մէկ ձեռքին ունի վարդապետական գաւազան, իսկ միւս ձեռքին՝ քնար մը աշուղի։ Անդրէաս Արծկեցին նստեցաւ մեր մէջ, օրհնեց սեղանը ապա երգեց «Տաղ Սեղանոյ եւ Ուրախութեան» երգը։ Մայրամուտին շիկացած դէմքերու, խաղողի եւ գինիի տօնական նկարագրութիւնն էր ան։ Ահա այդ ոտանաւորէն քաղցրահամ տողիկներ.
Ժողովեցան ի սեղան
Արձակեցին մեծ ձայն։
Ուտեն, խմեն անոյշ գինին
Եւ փառք տան անճառելոյն։
Բարեխօսեա մեծ կարասին
Ու զանազան է իւր գինին։
Ես պատմեմ, թէ ինչե՚ր եղան այդ օր, գործածելով Անդրէասի բառապաշարը։ Սեղան եկաւ ճնճղուկը։ Հանեցին փետուրը։ Կտրատեցին մանրամասն։ Մեծ սինի կազմեցին։ Անուշահամ զարդարեցին։ Բերին յառաջ մատուցին։ Մեծ սեղանին բազմեցուցին։ Բարեխօսեա մեծ կարասին ու զանազան է իւր գինին։ Ճնճղուկը հասաւ։ Քառասուն մարդ կշտացաւ։ Քառասուն հոգի փառք տուաւ։ Բաժակը բաձրացաւ։ Բարեխօսեա մեծ կարասին ու զանազան է իւր գինին։ Եկաւ չամիչը։ Թափեցաւ արմաւը։ Փայլեցաւ թուզը։ Պնդուկը ամանի մէջ էր, նուշը սեղանի վրայ։ Ձմերուկը դանակ կը սպասէր։ Բարեխօսեա մեծ կարասին ու զանազան է իւր գինին։ Եկան տէրտէրները։ Եկան տիրացուները։ Անոնք գովեցին ողկոյզները։ Հնչեցուցին զանգակ եւ ծնծղայ։ Բարեխօսեա մեծ կարասին ու զանազան է իւր գինին։
Անդրէաս Արծկեցին, իմաստուն եւ առաքինի մարդ, վերջին տունը ինքն իրեն վերապահեց.
Քաքազ Անդրէաս Արծկեցի խելագար,
Քանի՜ խօսես եւ ծաղր կատար,
Դու աղաչեա՚ զՏիրամայր,
Որ ի նմանէ լինի քեզ ճար։
Երգ եւ Գովասանք Այգոյ,
Խաղողոյ եւ Գինոյ
1550 թուականին հայոց այգիները ի՞նչ պտուղ տուին։ Ես ըսեմ ձեզի՝ «անոյշ գինի անապական»։ Թէեւ կարելի չէ այդ թուականի գինին այսօր ըմպել, սակայն ես ձեզ կը հրաւիրեմ տաղասաց Աստուածատուրի «Տաղ եւ Գովասանք Այգոյ, Խաղողոյ եւ Գինոյ» բանաստեղծութենէն պուտ մը ընթերցել եւ գոհանալ։ Այդ ընտիր գործը եթէ կը փափաքիք աչքով տեսնել, Մատենադարանի պաշտօնեայէն խնդրեցէք, որ ձեզի ցոյց տայ թիւ 8968 ձեռագիր տաղարանը.
Յառաջ զբաժակն գովեցին,
Այ լից ու տուր, այ լից ու տուր,
Զանոյշ գինին անապական։
Աստուածատուրի երգը երկարաշունչ է, տասը քառեակ եւ տասը երկտող։ Ես զայն ամփոփեմ արձակ՝ տաղասացի պատկերներով. Խաղողը տնկեցին։ Բաժակները գովեցին։ Այգիներու գովք հիւսեցին։ Այ լից ու տուր, այ լից ու տուր, զանոյշ գինին անապական։ Աշունը մօտեցաւ։ Այգեգործը յայտնուեցաւ։ Ողկոյզները քաղեց, զանոնք հնձան տարաւ։ Այ լից ու տուր, այ լից ու տուր, զանոյշ գինին անապական։ Շինեցին գինի բարձրաճաշակ։ Զայն տարին գիւղ եւ քաղաք։ Մարդիկ խմեցին համարձակ։ Այ լից ու տուր, այ լից ու տուր, զանոյշ գինին անապական։ Սարկաւագներ լսեցին։ Անոնք սաղմոս երգեցին։ Գինին խունկով մեծարեցին։ Առին եկեղեցի տարին։ Այ լից ու տուր, այ լից ու տուր, զանոյշ գինին անապական։
Երգ Գինոյ եւ Ուրախութեան
1500 թուականն է։ Չմշկածագի լեռները լի են այգիներով։ Անոր Խարասար գիւղը յայտնի է իր հռչակաւոր աշուղով։ Այդ դաշտերու մէջ դուք կը լսէք տաղասաց, նրբաճաշակ բանաստեղծ, քնարական երգերու հեղինակ Մարտիրոսի ձայնը։ Այսօր պայծառ ամառ է։ Մարտիրոս Խարասարցին կը քալէ կարմրած որթերու մէջ ու կ’երգէ։ Անոր երգը ձօնուած է գինիին։ Կը փափաքիմ զայն հատուածաբար մէջբերել եւ ցոյց տալ իր սեղանի ուրախ տրամադրութիւնը. «Այսօր տօնեմք, ձեզ աւետիս, Բարով տեսայ գաւաթն ափիս, Աւետիս տամ Հայոց ազգիս»։ Կը յիշէ՞ք, յարգելի ընթերցող, ուշ միջնադարու երգերու մէջ կարաս բանալու ծէսը սիրոյ եւ պտղաբերութեան ալ ծէսն էր. «Ես քեզ կարաս բանամ գերիս, Եւ քեզ բերեմ զանոյշ գինիս, Զի դու խմես եւ կարմրիս, Աւետիս տամ Հայոց ազգիս»։ Գինին Նոյ Նահապետի պարգեւն է, աստուածատուր պտուղի գեղափայլ հիւթը, որուն կը ծառայեն հոգեւոր հայրեր. «Եպիսկոպոս, աբեղանիս, Ընդ ձեզ խմեմք եօթն ութ ամիս, Աւետիս տամ Հայոց ազգիս»։ Բանաստեղծութիւնը կ’աւարտի հաճոյալի տողերով. «Խնդամք ամէն շուրջ կարասիս / Խորվենք հաւ, սագ, ոչխարի միս / Շատ մի՚ խմեր, որ քուն չի լինիս / Չորս մեծ գաւաթ տուր, թէ ունիս / Ջուր մի՚ խառներ, որ շուտ հարբիս / Աւետիս տամ Հայոց ազգիս»։
Երգ Այգի Ունեցողի եւ Լալու
Հայոց այգիներու մէջ, յարգելի ընթերցող, օրեր եղան, տաղասացը յիշեց մահը։ Ուռը, որթը, խաղողը, այգին, կարասը, գինին անոր ուրախութիւն չտուին։ Այդ բանաստեղծներէն մէկը 24 տարեկանին Աղթամարի կաթողիկոս դարձած Գրիգորիսն է։ Ամէն օր Գաբրիէլը կ’այցելէ Գրիգորիսին, երիտասարդը կը յիշէ մահը եւ կը սարսափի.
յԱմէն առաւօտ եւ լոյս
Գաբրիէլն ասէր հոգոյս,
Արի, ել ի յայս այգոյս։
Այս իմ նորատունկ այգոյս։
Քնարական բանաստեղծ, ծաղկող, մանրանկարիչ, Մեծն Աղեքսանդրի պատկերազարդ պատմութեան հեղինակ հոգեւորականը խոր յուզումով եւ ափսոսանքով կը յօրինէ նոր այգի տնկած մարդու արցունքին նուիրուած տաղ.
Քար եմ բերեր սարերոյս,
Փուշ եմ կրեր ձորերոյս…
Ջուր եմ բերես լեռներոյս,
Աղբիւր եմ շիներ այգոյս։
Ափսոսանքի պատճառը այն է, որ իր կեանքի երկրորդ տասնամեակին նոր թեւակոխած Գրիգորիսը աշխարհիկ կեանքը դեռ լիովին չէ վայելած.
Ինչպէ՞ս ելնեմ ի այգոյս…
Հնձան եմ շիներ այգոյս,
Կարաս եմ թաղեր գինոյս,
Դեռ չեմ կերեր ի պտղոյս…
Դեռ չեմ խմեր ի գինոյս։
Այգեմիջի նոր երգը
Յարգելի ընթերցող, այս երգերու եղանակները, աւաղ չեն հասած մեր օրերուն։ Բարեխիղճ երգահան մը պէտք է, որ այս քաղցրահնչիւն տաղերուն տայ նոր եղանակ եւ նոր շունչ, ինչպէս ամէն գարուն այգիները կը վերակենդանանան եւ խիտ տերեւներով կը զարդարուին։ Մեր միջնադարեան տաղերն ալ արժանի են երկրորդ գարնան։ Մենք այսօր ուրախ, սիրախառն երգ մը լսենք ու բաժակ վերցնենք վասն սիրոյ եւ կեանքի։ Կ’առաջարկեմ ունկնդրել աւանդական երգ մը, որ նուիրուած է քառասուն կարասին եւ քառասուն համբոյրին.
Մըր տան իդեւ քառսուն կարաս,
Ձըր տան իդեւ քառսուն կարաս,
Քառսուն կարսի գինին է հաս,
Ամէն կարսին պագ մի տաս,
Դոնի, դոնի, դոնի եարէ,
Հըլեյ դոն, դոնէ եար։