Հետզհետէ ամէն ինչ ալ աւելի կը յստականայ եւ կը զանազանուի սեւն ու սպիտակը։ Յայտնի է որ պետութիւնները՝ կամ աւելի ճիշդ խօսքով պետութիւնները ղեկավարողները եւ անոնց քաղաքացիները տարբեր նախասիրութիւններու կը հետեւին։ Այս հաստատումը իր բացատրութիւնը կը գտնէ Սեպտեմբերի սկզբին, Կազզայի սովամահ ժողովուրդին օգնութիւն փութացնելու համար Պարսելոնայէն մեկնող նաւատորմի լուրերէն։
Թերթերու փոխանցած տեղեկութեան համաձայն տարբեր տարողութիւնով աւելի քան 20 նաւեր ծով բացուեցան Կազզա մարդասիրական օգնութիւն փոխանցելու համար։ Այդ 20 նաւերը ունէին նաեւ բազմամարդ անձնակազմ, որոնք տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ էին եւ մէկտեղուած անարդարութեան դէմ պայքարելու համար։ Ճամբու ընթացքին ակդիւիսթներու այս խումբը պիտի այցելեն Միջերկրականի զանազան նաւահանգիստներ, ուրկէ եւս պիտի ըլլայ մասնակցութիւն։
Ակդիւիստներուն եկած երկիրները որքան ալ տարբեր ըլլան իրարմէ յայտնի է որ անոնք իբրեւ պետութիւն զուրկ են նման կամք դրսեւորելէ։ Համաշխարհային ներկայ գործընթացին մէջ ոչ թէ մարդկութիւնը կամ մարդկային խիղճը, այլ ուժն է միայն կացութիւնը ճշդողը։ Հետեւաբար պետութիւններ չեն կրնար այդ ուժին դէմ ձայն բարձրացնել։ Բայց անհատը մանաւանդ ալ համախմբուած անհատը վախնալու ոչ մէկ պատճառ ունի։ Ան կը լսէ իր խղճի ձայնը եւ այդքանը բաւարար է ամենահզօրին դիմադրելու համար։
Այդ ուժով տոգորուած գործիչները դոյզն իսկ վախ չունին ոչ Իսրայէլի զինուորներուն եւ ոչ ալ Թրամփի սպառնալիքներուն դիմաց։
Այս համոզումը ալ աւելի կը շեշտուի, երբ կը տեսնենք 20 նաւերու ուղեւորներուն մէջ տեղ գտած համբաւաւոր անունները։
Իսրայէլի ռազմանաւերը կրնան ընկղմեցնել այդ 20 նաւերը, բայց իրողութիւնը կը մնայ անփոփոխ։ Սուզան Սարանտոնը կամ Կրեթա Թումպերկը քաջ հերոսներ են իսկ Թրամփը կամ Նաթանեահուն վախով դողդողացող Գողիադներ պատանի Դաւիթի շպրտած քարին դիմաց։