ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ «Ձայնդ կը հնչէ մեր ականջներուն մէջ։ Կը յարգենք մեր խոստումը»

Մահուան 15 նմեակին առթիւ «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինք անգամ մը եւս յիշատակուեցաւ իր հիմնած թերթի խմբագրատան առջեւ բազմահազար ժողովուրդի զանգուածային մասնակցութեամբ։ Բազմաթիւ ժողովուրդ ներկայ գտնուեցաւ մահուան յիշատակման այս հետզհետէ աւանդութեան վերածուած սգահանդէսին։