ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ

ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Ի պատիւ աւագ խմբագրին

«Ակօս»ի հա­­յերէն էջե­­րու աւագ խմբա­­գիր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեան 11 Սեպ­­տեմբեր Ուրբաթ երե­­կոյ յի­­շատա­­կուե­­ցաւ Գ­­նալը Կղզիի Սուրբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ եկե­­ղեց­­ւոյ սրա­­հին մէջ։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Տէրսիմահայ երկու կիներու մասին

Ասլը­­հան Օլ­­կար Իս­­թանպու­­լի, Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեան ալ Զմիւռնիոյ մէջ նոյն շաբ­­թու մէջ մա­­հացան։ Մէ­­կը քրիս­­տո­­­նեայ էր, միւ­­սը իս­­լամ։ Թա­­ղու­­մներն ալ այդպէս եղաւ։ Մէ­­կը Հա­­յոց գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը թա­­ղուե­­ցաւ, միւ­­սը իս­­լամնե­­րու։ Ես եր­­կուքին ալ թա­­ղու­­մին ներ­­կայ գտնուեցայ։ Նախ 7 Սեպ­­տեմբե­­րին Իս­­թանպուլ Պա­­քըր­­գիւղի Ծնունդ Սուրբ Աս­­տուածած­­նի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ Աս­­լը­­­հան Օլ­­կա­­­րը, ապա 11 Սեպ­­տեմբե­­րին Զմիւռնիա, Կիւ­­զէ­­­լեալը թա­­ղի Հա­­քիմ Էֆէն­­տի մզկի­­թէն ալ Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեանը յու­­ղարկա­­ւորե­­ցինք։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Գղի գաւառի Սուրբ Գէորգ պատմական եկեղեցին կը վերկառուցուի

Երբեմ­նի հա­յաբ­նակ Բիւ­րակնի, կամ այժմու թրքե­րէն կո­չու­մով Պին­կէօլ քա­ղաքի Գղի գա­ւառի Չա­նաք­չը գիւ­ղին մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայ­կա­կան եկե­ղեցին պի­տի վե­րակա­ռու­ցուի Էրզրու­մի մշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րու պահ­պա­նու­թեան շրջա­նային խորհուրդի որո­շու­մով։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Մեր ընտանիքի փաստաթուղթը

Խիստ կը նե­ղուիմ, երբ ըն­թերցող­նե­րէն մէ­կը կը յանդգնի գրած­նե­րուս ճշգրտու­թիւնը հար­ցաքննե­լու։ Այդ ի՞նչ խօսք՝ եթէ ես իրաւ եմ, կամ, կը պատ­մեմ, եթէ կայ մեծ մօրս մայ­րը Փա­րիզ Էօզ­պա­ղը, Մեծ մայրս Փու­փուլ Էօզ­պաղ Քա­րօղ­լուն, եթէ կայ այս պա­տու­մին մէջ մո­ռացուած­նե­րը կամ բաց թո­ղուած­նե­րը մէկ մէկ նշող իր եղ­բայրը Ար­թին Էօզ­պա­ղը, ու­րեմն որո՞ւն չէք հա­ւատար։ Ո՞ր մէ­կուս պատ­մա­ծը կաս­կա­ծով կը դի­տէք։ Մենք հոս ենք ու իրաւ։ Ձեզ հետ նոյն օդը կը շնչենք, նոյն ջու­րը կը խմենք ու նոյն եր­կի­րը հայ­րե­նիք կը հա­մարենք։ Իմ պատ­մածնե­րը կաս­կա­ծի տակ դնել իմ գո­յու­թիւնն ալ ու­րա­նալ կը նշա­նակէ։ Ու­րեմն թո­ղէք որ պատ­մենք մենք մեր պատ­մութիւ­նը։ Լսենք մեծ մօրս Փու­փուլի խօս­քե­րը։ Չէ որ անոր խօս­քե­րը ամ­բողջ ժո­ղովուրդի մըն ալ պատ­մութիւնն են։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Սայաթ Նովա ճիշդ ճամբու վրայ

Սայաթ Նո­վա Երգչա­խումբը այս տա­­րի ալ գե­­ղարո­ւես­­տա­­­կան եղա­­նակի վեր­­ջին օրե­­րուն ար­­ձա­­­նագ­­րեց կա­­րեւոր նո­ւաճում մը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով իր տա­­րեկան հա­­մեր­­գը՝ «Կռունկ, խապ­­րիկ մը մեր աշ­­խարհէն» խո­­րագի­­րով։ Պոլ­­սա­­­հայ հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­մար ծա­­նօթ իրո­­ղու­­թիւն է, որ Սա­­յաթ Նո­­վա Երգչա­­խումբը իր տա­­րեկան հա­­մերգնե­­րը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ խո­­րագ­­րի մը ներ­­քեւ։ Այս տա­­րի նկա­­տի ու­­նե­­­նալով դա­­րադար­­ձի խոր­­հուրդը, այդ խո­­րագի­­րը եղաւ կո­­րուստեալ հայ­­րե­­­նիքի գո­­վեր­­գութիւ­­նը ընող եր­­գե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող յայ­­տա­­­գիր մը։ Մելիքճան Զա­­մանի մա­­կանին ներ­­քեւ բեմ բարձրա­­ցող Սա­­յաթ Նո­­վացի­­ներ եր­­գի զու­­գա­­­հեռ ներ­­կա­­­յացու­­ցին նաեւ գրա­­կանութեան նմոյշներ։