Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն 10 - Քալէ կամ Մհերի Դուռը

Վերջապէս, հասանք Թօփրաք-Քալէ կոչուած աւերակ բերդը, որ կը կոչուի նաեւ Ակռփու քար (թրքերէն նմանողութեամբ Akkirpi, Akköprü) եւ Զըմփ-զըմփ մաղարա։ Բայց այդ երեք անուններէն ոչ մէկը անոր նախնական անունն է. այլ ստացուած են վերջին ժամանակներուն։ Ի՞նչպէս կը կոչուէր առաջ, -ո՛չ ոք գիտէ, պատմութիւնը կը լռէ այդ մասին։

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

sseropyan@agos.com.tr


Վերջապէս, հասանք Թօփրաք-Քալէ կոչուած աւերակ բերդը, որ կը կոչուի նաեւ Ակռփու քար (թրքերէն նմանողութեամբ Akkirpi, Akköprü) եւ Զըմփ-զըմփ մաղարա։ Բայց այդ երեք անուններէն ոչ մէկը անոր նախնական անունն է. այլ ստացուած են վերջին ժամանակներուն։ Ի՞նչպէս կը կոչուէր առաջ, -ո՛չ ոք գիտէ, պատմութիւնը կը լռէ այդ մասին։

Այդ բերդը մի ամբողջ քաղաք է եղեր, որ այժմ ծածկուեր է ահագին հողակոյտներու ներքեւ։ Ճիշդ ալ այդ պատճառով զայն թրքերէն կը կոչեն Թօփրաք-Քալէ (Հողաբերդ)։ Գուցէ այդ անյայտացած քաղաքը ըլլայ այն կախարդուած «Պղնձէ-քաղաքը», որ մինչեւ այսօր վանեցիներու աւանդութիւններու մէջ պահպաներ է իր դժբախտ, առասպելական պատմութիւնը։ Չար վհուկի դիւթելով, ամբողջ քաղաքը իր պարիսպներով, տուներով եւ բնակիչներով անշարժ պղինձ կը դառնայ։ Ասլան ըսած էր ինծի թէ այդ աւանդութիւնը ճիշդ է միայն այն կողմէն, որ եթէ այդ հողակոյտերու մէջ պեղումներ ընելու ըլլան, մետաղեայ բոլոր առարկաները կը գտնեն պղինձէ շինուած, որովհետեւ այդ աւերակները կը պատկանին պղինձէ դարաշրջանին։ Եւ իրաւ ալ, ինչպէս պատմեց մեզ մեր առաջնորդը, հոն գտեր էին զանազան պղինձէ զարդեր, պղինձէ զէնքեր, պղինձէ տնային կարասիներ եւ մինչեւ իսկ պղինձէ մարդու արձանիկներ։

Թօփրաք-Քալէ լերան մէջ եւս նոյնպէս կը գտնուին շատ այրեր, քարանձաւներ, ստորերկրեայ անցքեր, ինչպիսիները տեսանք Շամիրամի բերդի մէջ։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը բնական է, բոլորն էլ փորուած են ամուր ժայռերու մէջ։ Այրերէն միայն մէկուն մէջ մտանք մենք, որը կը կոչուի Զըմփ-զըմփ մաղարա, այսինքն զըմզըմփալով ձայն հանող այր։ Ամենաթեթեւ ձայնը այդ քարանձաւի մէջ զըմփ-զըմփալով արձագանգ կու տար։ Ժայռի մէջ բացուած էր մեծ մուտք մը, որ հարիւրաւոր քարէ սանդուխներով կ՚իջնէր դէպի լերան խորքը։ Քարի մէջ փորուած երկու լուսամուտներ վերեւէն խիստ աղօտ լոյս կու տային այդ ստորերկրեայ վիրապին մէջ։ Քարէ սանդուխներուն վերջին աստիճանին մէկ կողմը կը բացուի ընդարձակ, քառակուսի այր մը, որ կը կոչուի Զըմփ-զըմփ մաղարա, որու մէջէն առանձին անցք մը կը տանի դէպի երկրի խորքերը, բայց ո՞ւր կ՚երթայ կամ ո՞ւր կը վերջանայ, Աստուած գիտէ։ Մեր առաջնորդը դարձեալ կը խօսէր ստորերկրեայ ապարանքների մասին. Աւանդութիւնն ալ նոյնը կ՚ըսէր։ Ասլանը սակայն կը ցանկանար ստուգել, թէ որքանով ճիշդ է այն կարծիքը, թէ այդ ստորերկրեայ անցքերը հաղորդակցութիւն ունեն քաղաքի մէջ գտնուող Շամիրամայ բերդին հետ։ Այդ էր պատճառը, որ մեզմէ ոչ մէկը համարձակուեցաւ  Զըմփ-զըմփ մաղարայէն անցնիլ եւ առաջ երթալ, իսկ նա, վառելով իր հետ առած մոմպատը, շատ առաջ գնաց եւ վերադարձաւ համարեա մէկ ժամէն։

***

Դուրս գալով այրէն մենք դիմեցինք դէպի լերան գագաթը, ուր մեր առաջնորդը կը կամենար ցոյց տալ մեզ Չարխի-Ֆալակի մուտքը։ Այս այն անցքերէն էր, որոնց նմանները տեսեր էինք մենք, եւ ուղիղ լերան գագաթէն կ՚իջնէր դէպի անոր խորքերը։ Վանեցի հայերու աւանդութիւնը այդ անցքի մասին շատ հրաշալիքներ կը պատմէ, ահա անոնցմէ մէկը.-

«Անցքը կ՚իջնէ մինչեւ Գայլ գետի ափերը, որ զարդարուած են արմաւենի ծառերով։ Այնտեղ Բախտը արագ ձեռքով կը դարձնէ աշխարհի անիւը՝ Չարխի-Ֆալակը։ Անիւի իւրաքանչիւր թեւի վրայ Բախտը փորագրած է մի-մի գրութիւն, որոնց իւրաքանչիւրը կը բովանդակէ իր մէջ գաղտնիք մը։ Օրինակ, մէկը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս պէտք է գտնել թաքնուած գանձերը. միւսը կը սորվեցնէ, թէ ինչպէս պէտք է պատրաստել էլէքսիրը, որու միաւորութեամբ ամէն մետաղ ոսկի կը դառնայ. երրորդը ցոյց կու տայ, թէ ուր կը գտնուին գոհարներու լեռները. Չորրորդը կ՚ուսուցանէ, թէ ի՛նչպէս բժշկութեան մէջ պէտք է գտնել անմահութեան կաթիլը. Հինգերորդը կու տայ իշխանութիւն, թագաւորութիւն, փառք. մէկ խօսքով, անիւի իւրաքանչիւր թեւի վրայ արձանագրուած է մի-մի թիլիսման մարդկային բախտաւորութեան համար, որոնց դեռ մարդու հանճարը չէ հասեր։ Անիւը առանց կանգ առնելու անդադար կը դառնայ, ան կանգ կ՚առնէ տարուայ մէջ մի անգամ միայն, այն ալ մէկ րոպէով։ Այդ կ՚ըլլայ Համբարձման գիշերը, երբ երկինք ու երկիր կը գիրկընդխառնուին ու կը համբուրուին միմեանց հետ։ Մարդիկ կը սպասեն ճիշդ այդ րոպէին։ Երբ յաջողուի անոնց հասնիլ մինչեւ Չարխի-Ֆալակ, պէտք է իրենց ձեռքին պատրաստ ունենան մոմէ շինուած թերթեր, որ անիւը կանգնած րոպէին՝ իսկոյն փակցնեն անոր թեւին վրայ։ Խորհրդաւոր թիլիսմաններէն մէկը կը դրոշմուի մոմի վրայ եւ մարդը կը ստանայ այն շնորհներէն մէկը, որ բախտը կը վիճակի իրեն։ Բայց այդ շնորհներուն խիստ հազիւ անգամ կը հասնին մարդիկ, որովհետեւ նոյն րոպէին, երբ անիւը կանգ կ՚առնէ, անոնց կը տիրէ խորին թմրութիւն, անոնք կը քնանան, անողոք անիւը դարձեալ կը շարունակէ իր արագ պտոյտը…»։

***

Մեզ կը մնար հնութիւն մը եւս տեսնել եւ մեր այդ օրուան արշաւանքը անով պէտք էր վերջացած համարել, -որն էր Մհերի դուռը։ Միեւնոյն ժայռի երկարաձիգ շարունակութեան վրայ, ուր տեսանք Չարխի-Ֆալակը, ժայռի արեւմտեան կողմը, քարի ճակատին տաշուած ահագին քառակուսի շրջանակի ձեւովը հսկայ դրան մը նմանութիւնը ունի։ Այդ դրան մակերեսը, որ բաւական խորն է ինկած, ամբողջապէս ծածկուած է բեւեռագիրներով։ Ժողովուրդը զայն կը կոչէ Մհերի դուռ։ Այստեղ է Վանայ ամենաընդարձակ արձանագրութիւնը։ Այդ քարեղէն դրան ետին, ժողովրդի աւանդութեամբ, իր ձիու հետ բանտարկուած է Մհեր անուն հսկայ անձնաւորութիւն մը։ Ժայռի սրտին վրայ, քարայրի մը մէջ արգելափակուած է այդ սարսափելի հսկան, որ օրին մէկը պիտի խորտակէ շղթաները եւ իր ձիուն վրայ նստած, դուրս սլանայ քարայրէն, վրէժխնդիր կ՚ըլլայ իր թշնամիներուն, եւ կը մաքրէ Հայոց աշխարհը չարութենէն…

Այսպիսի առասպել մը միայն հայ մարդու երեւակայութեան ծնունդը կրնար ըլլալ։ Հայուն դարաւոր աննախանձելի վիճակը ստեղծեր է անոր համար նման յոյս եւ ակնկալութիւն։ Միհրը, կամ ժողովրդի բարբառով Մհերը, հայոց արեգակն է։ Այդ ամենահին աստուածը բանտարկուած է եւ հայոց աշխարհին կը տիրէ խաւարն ու չարութիւնը։ Օր մը ան դուրս կու գայ իր արգելարանէն եւ կրկին լոյս ու արդարութիւն կը սփռէ հայոց աշխարհին։ Ժողովուրդը առասպելական լեզուով կ՚ըսէ այդ, կ՚ըսէ ու կը հաւատայ իր ըսածին, եւ՝ կը սպասէ…

—   Արդէն յայտնուեր է Մհերը… բայց ժողովուրդը այդ չի նկատեր… ըսաւ ինծի Ասլանը, երբ ճանապարհին այդ աւանդութեան մասին սկսայ խօսիլ իրեն հետ։

(Շար. 10)