PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Իշխանութիւնները ընդդէմ ժողովուրդներուն

Թրքահայերս երկար տարիներու փորձառութեամբ սովոր ենք պետական միտքին զանազան խաբեբայութիւններուն։ Այդ խայտառակ դերակատարութիւնները շատ անգամ կը ներկայացուին իբրեւ քաղաքականութիւն։ Կ՚երեւի այդ պատճառաւ է որ մեր երկրին մէջ հասարակութիւնը միշտ որոշ վերապահութեամբ կը լսէ քաղաքական գործիչներու յատկապէս ընտրութիւններու նախորդող շրջաններու խոստումները։ Իրաւացի է ժողովուրդը, քանի որ շատ անգամ այդ խոստումները կը գերազանցեն տրամաբանութեան բոլոր սահմանները։ Այդ հանգամանքով ալ շատ անգամ զաւեշտային կամ ծիծաղելի կրնան թուիլ։ Բայց նման խաբեբայութիւններ երբեմն կը յայտնուին նաեւ շատ աւե­լի լուրջ նիւ­թե­րու շուրջ ալ, ու այս պա­րագա­յին ծի­ծաղել ալ կա­րելի չէ։

Նման երե­ւոյթ մըն էր նա­խագահ Էր­տո­ղանի Կա­լիպո­լիի զո­հերը յի­շատա­կելու հա­մար հա­մաշ­խարհա­յին հան­րութեան կա­տարած հրա­ւէրը։ Էր­տո­ղան նա­մակ­ներ գրեց ՄԱԿ-ի ցան­կին մէջ գրան­ցուած գրե­թէ բո­լոր եր­կիրնե­րուն, նա­խագա­հական մա­կար­դա­կով մաս­նակցե­լու հա­մար սոյն յի­շատակ­ման հան­դէ­սին։ Ըստ վեր­ջին լսումնե­րու անոնցմէ 20-ը ար­դէն դրա­կան պա­տաս­խա­նած են այս սու­տա­սան հրա­ւէրին։ Մարդ ակա­մայ կը տա­րիուի մտա­ծելու թէ «կ՚երե­ւի գործ չու­նէին, վա­զեցին եկան»։ Սա­կայն դա­ւադիր պե­տական միտ­քը չի գո­հանար այսքա­նով։ Գի­տէ որ միայն փրօ­թոքոլ արա­րողու­թիւն մը ինքնին իմաստ չու­նի։ Հարկ է ապա­հովել նաեւ ժո­ղովուրդի մաս­նակցու­թիւնը։ Բայց նշա­նակու­թիւն չու­նե­ցող նման մի­ջոցառ­ման մը հա­մար ժո­ղովուրդը կրնա՞յ հե­տաքրքրու­թիւն ցու­ցա­բերել։ Ահա այդ պա­հուն ալ գոր­ծի կը լծուին ու­րիշ մե­քենա­յակա­նու­թիւններ։ Օրի­նակի հա­մար տե­սուչնե­րու ձեռ­քով կազ­մա­կեր­պութիւններ կը կա­տարուին, որ­պէսզի հա­մալ­սա­րան­նե­րու ու­սա­նող­նե­րը փո­խադ­րուին Կա­լիպո­լի։

Կաս­կած չկայ որ իշ­խա­նու­թիւննե­րը կ՚ըն­դօ­րին­կեն իրա­րու գոր­ծե­լակեր­պը։ Եւ ոչ միայն պե­տական իշ­խա­նու­թիւննե­րը, այլ ամէն տե­սակի իշ­խա­նու­թիւն։ Այս առու­մով Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանն ալ իր կար­գին իշ­խա­նու­թիւն մըն է եւ ան ալ ու­նի իր խաբ­կանքնե­րու կամ սու­տե­րու եղա­նակը։ Մէկ կող­մէն Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադար­ձը խորհրդան­շա­կան մեծ իմաստ կը ներ­կա­յաց­նէ եւ կա­րելի չէ շրջան­ցել կամ ան­տե­սել, մէկ կող­մէն ալ վախ ու սար­սա­փով եւ այդ բո­լորին տե­ղի տուած ամօթ­խա­ծու­թեամբ կը փոր­ձուի չէ­զոքութեան պատ­կեր մը դրսե­ւորել։ Ահա այս իբ­րեւ թէ խո­րաման­կութեան հե­տեւան­քով Կրօ­նական Ժո­ղովը յայ­տա­րարեց «Ա. Աշ­խարհա­մար­տի բո­լոր զո­հերու յի­շատա­կին» մա­տու­ցուելիք պա­տարա­գը։ Բայց երբ վար­չա­պետ Տա­ւու­թօղլու յայտարա­րեց որ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանն ալ եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թիւնով մը պի­տի ոգե­կոչէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու յի­շատա­կը, աթո­ռը իս­կոյն փո­խեց իր դիր­քը եւ կրկնեց վարչապե­տի խօս­քե­րը։

Ինչ ընես որ Պատ­րիար­քա­րանը իր ձեռ­քին տակ չու­նի տե­սուչներ, որոնք ու­սա­նող­նե­րով լեց­նեն Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեցին։ Իսկ միւս կող­մէ քա­ղաքի տար­բեր կեդ­րոննե­րու մէջ ար­դէն վա­ղուց յայ­տա­րարուած էր կա­տարուելիք մի­ջոցա­ռումնե­րը։ Մի­ջոցա­ռումներ՝ որոնք բազ­մաբնոյթ են եւ կ՜սկսին 23 Ապ­րիլ Հինգշաբ­թի երե­կոյ Քուրթու­լուշի հրա­պարա­կէն եւ յա­ջորդ օր զա­նազան հան­րա­հաւաք­նե­րէ ետք կ՚աւար­տին Թաք­սի­մի հրա­պարա­կի զան­գուածա­յին մէկ­տե­ղու­մով։

Իսկ ապա­գան կը պա­հան­ջէ աւե­լին։ Մա­նաւանդ կը պա­հան­ջէ յաղ­թա­հարել այս ամօթ­խա­ծու­թեան մէջ յայտնուող մի­ջակու­թիւնը։ Վեր­ջա­պէս այս մեր նախ­նեաց հան­դէպ պա­տաս­խա­նատուու­թեան ար­տա­յայ­տութիւնն է եւ չենք կրնար զի­ջել ոեւէ մէկուն ի սէր։