Յանուն ճշմարտութեան պէտք է արձանագրել որ Սուրիոյ մէջ չկար գիւղ մը որ ելեկտրականութիւն չունենար, չկար գիւղ մը առանց դպրոցի, եւ եթէ նախակրթարանի աշակերտ մը դպրոցէն հեռանար տնօրէնութիւնը պարտաւոր էր պատկան մարմիններուն տեղեկացնել այդ մասին եւ ոստիկանութիւնը այդ աշակերտը բռնի կը վերադարձնէր դպրոց։
ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Յանուն ճշմարտութեան պէտք է արձանագրել որ Սուրիոյ մէջ չկար գիւղ մը որ ելեկտրականութիւն չունենար, չկար գիւղ մը առանց դպրոցի, եւ եթէ նախակրթարանի աշակերտ մը դպրոցէն հեռանար տնօրէնութիւնը պարտաւոր էր պատկան մարմիններուն տեղեկացնել այդ մասին եւ ոստիկանութիւնը այդ աշակերտը բռնի կը վերադարձնէր դպրոց։
Այսօր Սուրիոյ դպրոցներուն մեծ մասը քանդուած կամ կիսաքանդ է, մեծ թիւով վարժարաններ կը ծառայեն որպէս պատսպարան գաղթականներու, եղած դպրոցներու մէջ ալ գրեթէ բան չեն սորվիր աշակերտները եւ տարեվերջին կարգը կը փոխեն։ Կրթական տնօրէնութիւնը մասնաւոր դպրոցներէն կը պահանջէ դիւրացնել աշակերտներուն յաջողութիւնը։
Փողոցը կը վխտան մանուկները, սիկարէթ կը ծախեն, երթեւեկութեան սպասարկող միքրոպասերու մէջ վարորդի օգնական կ՚աշխատին, հաց կը ծախեն, փողոցային բոլոր տեսակի առեւտուրներու մէջ կարելի է հանդիպիլ անոնց. շատ լաւ կը յիշեմ Մահմուտ անունով այն 12 տարեկան պատանին, որ մեր հարեւան նպարավաճառին խանութին առջեւի մայթը երբեմն կ՚աւլէր, երբեմն կ՚օգնէր ապրանքները ներս կամ դուրս տեղափոխելու, փոխարէնը չիփս կ՚ուտէր, հիւթ կը խմէր… ինձմէ յաճախ սիկարէթ կը խնդրէր... Օր մըն ալ նպարավաճառին թոյլտուութեամբ անոր հեծանիւը առած էր մինչեւ փողոցին անկիւնը քշելով երթալ-գալու եւ անհետացած էր.. պարզուեցաւ որ 15-20 հազարնոց ֆրանսական հեծանիւը հազար սուրիականի ծախած էր, ամբողջ օրը պտտած, կերած ու խմած էր եւ դեռ երկու հարիւր ալ մօրը տուած էր, զարմանք պատճառելով հօրը, որ նպարավաճառին պահանջքին ընդառաջելով զաւակին ձեռքէն բռնած եկաւ եւ յայտարարեց.
-Ի՚նչ կ՚ուզես ըրէ, կ՚ուզես ծեծէ, մեռցուր, ոստիկանութեան յանձնէ. ես այս խնդրին չեմ խառնուիր…
Եւ հայրը Պիղատոսի նման ձեռքերը լուաց, իրեն ի՚նչ իր անչափահաս զաւակին վարքագիծը...
Մեծ է թիւը նաեւ մանկահասակ մուրացիկներուն, որոնք այս ասպարէզէն ներս կը գործեն առանձին կամ իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ։ Մուրացկաններու խումբերու կարելի է հանդիպիլ բլիթավաճառներու մօտ .- Անօթի եմ.. ականջ ծակող յանկերգը ամէն վայրկեան կարելի է լսել... Գրեթէ բոլոր բլիթավաճառները քանի մը այսպիսի «յաճախորդներ» ունին, որոնց ամէն օր քանի մը բլիթ կու տան ձրիաբար։
Վոհմակներու նմանող խումբերով կը պտտին։ Ասոնց ձեռքը միշտ տեղէ մը ճարուած սիկարէթ կայ եւ յաճախ կը մօտենան ասոր կամ անոր սիկարէթը վառելու խնդրանքով կամ պահանջով։ 4-8 պատանիներէ կազմըւած այս խմբակները կը տարածուին եւ կը «գրաւեն» փողոց մը եւ կը սկսին բարձրաձայն՝ պոռալով խօսիլ իրար հետ, հայհոյել իրար, չափել-չափչփել անցնող աղջիկները. ոչ մէկը կը համարձակի սաստել զանոնք։
Սուլէյմանիէի Մար Ճըրճոս եկեղեցիի հարեւանութեամբ ուտելիք վաճառող հռչակաւոր խանութներ կան. ասոնց շրջակայքը կարելի է հանդիպիլ ժամերով փողոցը կանգնող երիտասարդ տղոց խումբերու. այս տղաքը արկածախնդրութիւն փնտռող շփացած պատանի-երիտասարդներ են եւ... եւ նոյնիսկ ասոնք չեն համարձակիր խօսք մը ուղղել այդ փողոցայիններուն։ Անգամ մը երբ կ՚անցնէի այդ վայրէն, հայհոյանքներ լսեցի, կանգ առի, չորս ցնցոտիաւոր պատանիներ իրարմէ 15-20 մեթր հեռաւորութեան վրայ կեցած իրար գնդակ կը նետէին հայհոյանքներու համեմուածութեամբ։
-Ինչո՞ւ կը պոռաք, ինչո՞ւ կը հայհոյէք,- հարցուցի ինծի ամենէն մօտիկ գտնուողին։
-Չենք հայհոյեր, գնդակով կը խաղանք..
Եւ գնդակը կը շպրտէ կանգնած երիտասարդներու խումբի մը կողմը. գնդակը կը զարնուի խումբէն մէկու երեսին, շպրտողը վազելով կ՚երթայ եւ ցինիկաբար նայելով հարուածը ուտողի երեսին, կը վերցնէ գնդակը եւ ոտքի ուժեղ հարուածով մը բոլորի լուր հայեացքներուն տակ կը նետէ դէպի իրեն հայհոյող ընկերը, հայհոյանք մըն ալ ինք արձակելով..
-Ինչո՞ւ բան չէք խօսիր, կը հարցնեմ տղոց խումբին։
-Ի՞նչ պիտի խօսինք, ի՚նչ օգուտ..
Ես ցաւով կը նշմարեմ թաքուն վախ մը՝ հին ժամանակներէ եկող մոռացութեան տրուած եւ «ոչխարացող» մարդոց մէջ գլուխ ցցող վախը՝ ամբոխ դարձող ընկերութենէն
Այս մանկահասակ գաղթական փողոցայիններուն կարելի է հանդիպիլ նաեւ ջուրերու ծորակներու մօտ կարգի շարուածներու մէջ։ Իւրաքանչիւրը եկած է հինգ-վեց, ութ-տաս տակառիկներով եւ պարկերու մէջ տեղաւորած շիշերով։ Անոնց ծնողքը լաւ գիտեն որ իրենց զաւակները գլուխ կ՚ելլեն կարգի կեցողներուն հետ եւ քանի մը անգամ լեցուն տակառներով կ՚երթան կու գան։ Մէկը չի համարձակիր հետերնին խօսիլ, զգուշանալով վիրաւորական լկտի պատասխաններ ստանալէ։ Երբեմն ջուրի հերթերու առջեւ կռիւ-կռուըտուքի կը հանդիպիս, կռուողները մանկահասակ խումբեր են, իսկ մեծահասակները կը հեռանան անոնցմէ զգուշօրէն փորձելով ցածրաձայն մրթմրթալ.
-Ամօթ է տղաք, չի վայլեր...
-Այս ի՞նչ սերունդ կը մեծնայ.
Ի՞նչ սերունդ,- այս հարցը ես ալ ինքզինքիս կ՚ուղղեմ։
Հալէպի «միւս» կողմը ի՞նչ տեսակ սերունդ կ՚աճի չեմ գիտեր։
Պետութեան ազդեցութեան գօտիին մէջ, գալիք Սուրիոյ համար հասակ կ՚առնեն երկու սերունդներ. մէկը մարդավարի դպրոց կ՚երթայ, ուր կը ճգնին զինք դաստիարակել ինչպէս առաջ, ուսում տալ ինչպէս առաջ, քաղաքակիրթ պահել ինչպէս առաջ...
Երկրորդը, որ բացարձակ մեծամասնութիւն կը կազմէ եւ որուն գլխաւոր յատկանիշը լքուածութիւնն է, դպրոց չ՚երթար, նոյնիսկ եթէ արձանագրուած է որպէս աշակերտ, գացած-չգացած գրեթէ նոյնն է, միշտ փողոցներն է եւ օրէցօր աւելի կը լկտիանայ, կը վերածուի գազանիկի.. այս խմբաւորումին մէջ կը հանդիպինք նաեւ 15-16 տարեկանին որպէս եկամուտի աղբիւր՝ յանուն հայրենիքի զէնք վերցնողներու..
Յետ գրութիւն։ Փոքրիկ այգիի մը մէջ, ուր քանի մը տասնեակ գաղթականներ ապաստան գտած են, օր մը, արդէն մթնցած էր, երկրորդ խումբէն պատանի մը տեսայ, որ ծառի մը հաստ ճիւղերուն վրայ անկողինի նմանող բան մը զետեղած էր եւ վրան ծալապատիկ նստած..
Աստուած իմ, երանի հարցուցած չըլլայի... հարցուցի.
-Հո՞ն կը քնանաս։
Հարցումիս ծառին տակ կեցած ընկերը պատասխանեց.
-Այո՚, քրոջ հետ...
... Ծառին վրայ եւ ծառին տակ պայթող խելագարի քահ-քահը ռումբի մը պայթիւնին ազդեցութիւնը ձգեց վրաս եւ մինչեւ վերջ պիտի ծակէ ականջիս բլթակը եւ խոցէ հոգիս։
Գալիքին, երկրորդ խումբին մաս կազմողները հաւանաբար գայլերու վոհմակներու պէս նախ պիտի հում-հում ուտեն, իրենց համեմատ, առաջին խումբի ոչխարանմանները ապա (կամ միեւնոյն ատեն) զիրար յօշոտեն...
Ներկայիս, գալիք սերունդի այս երկու խմբաւորումներուն ընդհանուր յայտարարը զրկուածութիւնն է՝ ամէն ինչէ ու նախ եւ առաջ մանկութենէ։