Մեկնաբանութիւնները որքան ալ զանազան ըլլան, իրողութիւնը յստակ է, Թուրքիա կ՚ապրի մտահոգիչ օրեր, որոնք դիւրաւ կրնան վերածուիլ ներքին պատերազմի փորձանքի մը։ Ժողովուրդի մէկ մասը զարմանքով կը դիտէ պատահածները եւ ինք իրեն հարց կու տայ, թէ ինչպէս եկանք այս վիճակին։ Սակայն քաղաքական անցուդարձերուն հետեւողներուն համար անսպասելի չէր այս պատկերը։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ մարդիկ սկսած են սարսափազդու այս ընթացքը անուանել «400 պատգամաւորներու պատերազմ»։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Մեկնաբանութիւնները որքան ալ զանազան ըլլան, իրողութիւնը յստակ է, Թուրքիա կ՚ապրի մտահոգիչ օրեր, որոնք դիւրաւ կրնան վերածուիլ ներքին պատերազմի փորձանքի մը։ Ժողովուրդի մէկ մասը զարմանքով կը դիտէ պատահածները եւ ինք իրեն հարց կու տայ, թէ ինչպէս եկանք այս վիճակին։ Սակայն քաղաքական անցուդարձերուն հետեւողներուն համար անսպասելի չէր այս պատկերը։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ մարդիկ սկսած են սարսափազդու այս ընթացքը անուանել «400 պատգամաւորներու պատերազմ»։
Իրաւ ալ 7 Յունիսի ընտրութիւններու արդիւնքը տեսնելով նախագահ Էրտողան մեծ հիասթափութիւն ապրեցաւ եւ առաջին վայրկեանէն սկսեալ հոլովեց ընտրութիւնները կրկնելու վարկածը։ Այս հիասթափութեան գլխաւոր ազդակն էր ՀՏՓ կուսակցութիւնը, որ տասը տոկոսի արգելքը յաղթահարելէ զատ արգելք եղաւ ԱՔՓ-ի միահեծան կառավարութիւն մը կազմելուն։ Էրտողան գիտէ որ միայն ՀՏՓ-ի խորհրդարանէն դուրս մնալու պարագային պիտի տիրանայ իր կուսակցութեան առանձին կառավարութիւն կազմելու հնարաւորութեան։ Հազիւ այդպէս կարելի պիտի ըլլայ երկրի ներկայ վարչաձեւը փոխել եւ անցնիլ նախագահական դրութեան։ Այդ առումով ալ խոչընդոտեց այլախոհական կառավարութեան մը հիմնադրութիւնը եւ երկիրը տարաւ դէպի քաօս։ Քաօս բառը ինքնին ամենայստակ բացատրութիւնն է երկրի ներկայ կացութեան։ Արդարեւ 120 հազար բնակչութիւնով Ճէզիրէ քաղաքը մատնուած է շրջափակումի եւ կարելի չէ քաղաքէն դուրս գալ նոյնիսկ ամենաանհրաժեշտ կարիքներու համար։ Օրեր առաջ ոստիկանական բռնութիւնով սպանուած 12 տարեկան աղջնակի դիակը կը մնայ իր տան մէջ, պատանքուած ու ապա սառնադարան դրուած ձեւով։ Քաղաքի մէջ կան 73 երիկամի հիւանդներ, որոնք կը կարօտին տիալիզի դրութեան։
Ի դէմ փողոց ելլելու արգելքին ժողովուրդը թաղամասերու մէջ փողոցներն են եւ յարատեւ աղմկելով կը փորձեն վառ պահել անհնազանդութիւնը։ Մինչ այդ ոստիկանները որոշ հերթականութեամբ կը խուժեն թաղամաս եւ զրահապատ ինքնաշարժերու մէջէն կը կրակէն ժողովուրդի վրայ։ Շրջափակման օրերու տեւողութեան մահացածներու թիւը 9 Սեպտեմբերին հասած էր տասնի։ Նոյն 9 Սեպտեմբերին ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւորները կ՚ուզեն Ճէզիրէ երթալ, բայց ոստիկանական արգելքը իրենց համար ալ կը փակէ անցքը։ Նախապէս քաղաք մտնել յաջողած պատգամաւորներէն Այճան Իմրէս «Ակօս»ին կը տեղեկացնէ թէ իրավիճակը շատ ծանր է, քանի որ ոստիկանները չեն արտօներ շտապօգնութեան ինքնաշարժներուն երթեւեկութեան։ Իսկ քաղաքի պետական հիւանդանոցն ալ խղճալի վիճակի մէջ է, ուր կ՚աշխատի միայն մէկ ոչ մասնագէտ բժիշկ։
Ժողովուրդը լուրջ դժուարութիւն ունի նաեւ ամենօրեայ կենցաղի առումով։ Ելեկտրականութիւնը խզուած է։ Ջուրի մատակարարման ցանցը խանգարուած, հեռախօսակապը խզուած։ Հացափուռերը, դեղարանները եւ խանութները առհասարակ փակ են։ Իսկ շէնքերու տանիքներուն դիրք բռնած են դիպուկահարներ, որոնք ընդմիշտ պատրաստ են շարժող ամէն ինչի վրայ կրակելու։
Սակայն դիտելով բոլոր երկրին տարածուած բռնութիւնները, արեւելեան այս քաղաքը իր արտակարգ ապրումներով հանդերձ դուրս կը մնայ հասարակութեան ուշադրութենէն։ 8 Սեպտեմբեր երեկոյեան բովանդակ երկրի տարածքին ՀՏՓ կուսակցութեան աւելի քան 130 շէնքեր հրկիզուեցան կամ թալանուեցան։ Պոլսոյ Քաղըթհանէ թաղի մէջ 23 ամեայ երիտասարդ մը դաշունահարուեցաւ բջջային հեռախօսով քրտերէն խօսելուն համար։ Միւս կողմէ ՓՔՔ-ի յարձակումներն ալ նոյն թափով կը շարունակուին։ Հաքքարիյի Տաղլըճա աւանին մէջ 16 զինուորներու սպանութենէն ետք Իգտիրի մէջ ալ 14 ոստիկաններ սպանուեցան։ Անոնց կողքին պէտք է յիշել Տէրսիմ, Տիյարպէքիր եւ այլ քաղաքներու մէջ անհատաբար սպանուածները։
Այս թոհուբոհի մէջ անարձագանգ կը մնայ ՀՏՓ-ի վարիչներուն բախումներէ հրաժարելու կոչը։ Համանախագահներ Տէմիրթաշ եւ Եիւքսէքտաղ որքան ալ ՓՔՔ-ին եւ կառավարութեան նոյն կոչը ուղղեն, իշխանամէտ մամուլը յամառօրէն կը շարունակէ այս վերջիններս ահաբեկիչ անուանել եւ բոլոր պատահածներու մեղքը բեռցնել ժողովրդավարական շարքերու ուսերուն։