ՅԱՍՄԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
Ապագայ առաջնորդներու փոխանակման (FLEX) ծրագիրը կը հովանաւորուի ԱՄՆ-ի կառավարութեան կողմէ։ Ծրագիրը նախատեսուած է նախկին ԽՍՀՄ-ի 10 հանրապետութիւններու՝ ներառեալ Հայաստանի դպրոցական աշակերտներու համար։ Այս շրջագըծով աշակերտներուն կրթաթոշակ կ՚ապահովուի ուսուման մէկ տարեշրջանը ԱՄՆ-ի մէջ անցնելու համար։ Մասնակիցները կը մնան ամերիկեան հիւրընկալող ընտանիքի մօտ եւ կը յաճախեն ամերիկեան դպրոց։ Ծրագրի շրջանաւարտները այնուհետ կը սկսին աշխոյժօրէն մասնակցիլ համայնքային կեանքի իրադարձութիւններուն։
Եւ ահա, Սեպտեմբերի 3-6-ը Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ՖԼԵՔՍ ծրագրի 45 շրջանաւարտներ մասնակցեցան Հարաւ Կովկասեան FLEX-Ability աշխատաժողովին։ Աշխատաժողովի նպատակն էր շրջանաւարտներուն տալ հմտութիւններ եւ գիտելիք՝ մասնագիտութեան զարգացման, անգլերէն լեզուի դասաւանդման եւ սոցիալական մէտիայի ոլորտի մէջ։ Անոնք նաեւ սորվեցան նախագծեր կազմել, որոնք այնուհետ կ՚իրականացնեն իրենց համայնքներուն մէջ։
Աշխատաժողովէն զատ մասնակիցները ժամանակ ունեցան նաեւ միմեանց իրենց ազգային պարերը սորվեցնելու։ Ահա այդ ժամանակ էր, որ մասնակիցները հասկցան թէ որքան նման ու միաժամանակ որքան տարբեր են իրարմէ։
-Մեր ազգերը կարծես երեք խնձորներ ըլլան. մէկը կանաչ է, միւսը կարմիր, միւսն ալ դեղին։ Անոնք կրնան տարբեր համեր եւ գոյն ունենան, բայց անոնք բոլորն ալ նոյնն են,- կը կարծէ ատրպէյճանցի մասնակիցներէն մէկը։
Հայաստանցի մասնակից Նունէ Յարութիւնը կը փաստէ. ծրագիրը ինծի օգնեց կոտրել բոլոր կարծրատիպերը։ Մենք վրացի կամ ատրպէյճանցի մեր հասակակիցներու հետ չենք շփուիր, մեր հիմնական տեղեկատուական աղբիւրը մէտիան է, որ մեծ մասամբ լցուած է խեղաթիւրուած լուրերով։ Նման ծրագիրները կ՚օգնեն հասկնալ ու պատկերացում կազմել թէ սահմանէն այն կողմ իմ հասակակիցն արդեօ՞ք նոյն կեանքով կ՚ապրի ինչ որ ես։