Գալ տարուայ արժանանալու յոյսով

ՊԷՍՍԷ ՔԱՊԱՔ

Բաւական դժուար աշ­խա­տու­թիւն կը պա­­­հան­­­ջէ Սուրբ Սար­­­գի­­­­­­­­­սի տօ­­­­նակա­­­­տարու­­­­թիւննե­­­­րու նա­­­­խապատ­­­­րաստու­­­­թիւնը։ Մենք սաս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցիներ Եր­­­­կուշաբ­­­­թիէն կը սկսինք այդ պատ­­­­րաստու­­­­թեան։ Նախ կը լծուինք առա­­­­ջին դժուարու­­­­թիւնը հար­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­լու, անհրա­­­­ժեշտ նա­­­­խանիւ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­րը ապա­­­­հովե­­­­լու։ Սուրբ Սար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­սի խորհրդան­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­նը փո­­­­խինդն է, որուն հա­­­­մար պէտք ու­­­­նինք ըն­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ղէնի եօթը տե­­­­սակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Սի­­­­սեռը, ցո­­­­րենը կամ լո­­­­բին ճա­­­­րելը հա­­­­մեմա­­­­տաբար դիւ­­­­րին է։ Բայց եթէ գիւ­­­­ղին հետ կապդ ալ խզուած է, պի­­­­տի դժուարա­­­­նաս կըլ­­­­կըլ կամ գա­­­­ւառ­­­­սի նման անու­­­­նը ան­­­­գամ շա­­­­տերուն ան­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­նօթ հա­­­­տիկ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը հայ­­­­թայթե­­­­լ։ Աւան­­­­դութիւ­­­­նը այսպէս կը պա­­­­հան­­­­ջէ, ըն­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ղէնի եօթը տե­­­­սակ­­­­ներ։ Կար­­­­ծես վեց ըլ­­­­լայ աւե­­­­տարա­­­­նէն էջ կը պակ­­­­սի։

Նա­­­­խանիւ­­­­թը ապա­­­­հովե­­­­լով կրնանք անցնիլ երկրորդ դժուարութեան։ Նախ եւ առաջ զո­­­­հաբե­­­­րելու ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նի սան մը պէտք է ճա­­­­րել։ Սա­­­­նը կը տե­­­­ղադ­­­­րես կրա­­­­կարա­­­­նի ճա­­­­ղին վրայ եւ մաղ­­­­մաղ, մար­­­­մանդ կրա­­­­կով կը սկսիս ըն­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ղէնը խան­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­լու։

Հա­­­­սած ենք եր­­­­րորդ դժուարութեան։ Ջա­­­­ղաց­­­­քի մը կա­­­­րիք ու­­­­նինք։ Խան­­­­ձուած ըն­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ղէնը պի­­­­տի աղենք։ Ջա­­­­ղացք որ կ՚ըսեմ, խո­­­­հանոց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ յա­­­­ճախ գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ծուած սար­­­­քը մի կար­­­­ծէք։ Փո­­­­խին­­­­դի ջա­­­­ղաց­­­­քը իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւրը տա­­­­սը-տաս­­­­նը­­­­­­­­­­­­­­­հինգ քի­­­­լօկ­­­­րամ կշռող եր­­­­կու քա­­­­րերու իրա­­­­րու վրայ պտը­­­­տելով կ՚աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տի։ Այս գոր­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ղու­­­­թեան պա­­­­հուն տունն ալ հետզհե­­­­տէ ալիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ղած ջա­­­­ղաց­­­­քի մը կը վե­­­­րածուի։ Ան­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ւարար կ՚ըլ­­­­լայ ըն­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ղէնի փո­­­­շիին սե­­­­նեակով մէկ տա­­­­րածուելուն ար­­­­գելք ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար փռուած սփռո­­­­ցը։ Խան­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­լու պա­­­­հուն ել­­­­լող բուրմունքը եր­­­­բեք հա­­­­ճելի չէ։ Բայց աղա­­­­լու պա­­­­հուն փո­­­­խին­­­­դի քաղցր հո­­­­տը կը պա­­­­տէ ամէն կողմ։

Ի վեր­­­­ջոյ պատ­­­­րաստ է փո­­­­խին­­­­դի ալիւ­­­­րը։ Հի­­­­մա կար­­­­գը եկած է այդ ալիւ­­­­րը մա­­­­սերու բաժ­­­­նել եւ դուռ դրա­­­­ցինե­­­­րու նուիրե­­­­լու։

Հա­­­­սած ենք Շա­­­­բաթ օրուան դար­­­­ձեալ մաղ­­­­մաղ կրա­­­­կի վրայ եփ ել­­­­լող ջու­­­­րին մէջ կը լեց­­­­նենք փո­­­­խին­­­­դը եւ կը սկսինք անընդհատ խառ­­­­նել մին­­­­չեւ որ փխրա­­­­նայ։ Վեր­­­­ջին հա­­­­րուածն է այդ մա­­­­ծու­­­­կին վրայ հա­­­­լած կա­­­­րագը թա­­­­փել։

Այս տա­­­­րի ալ Իս­­­­թանպու­­­­լի նման մեծ քա­­­­ղաքի պայ­­­­մաննե­­­­րուն մէջ յա­­­­ջողե­­­­ցանք Սուրբ Սար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­սի ուխտը կա­­­­տարե­­­­լ։ Տու­­­­ներնիս օրհնուեցաւ Սուրբի առա­­­­տու­­­­թիւնով։ Բո­­­­լոր Սար­­­­գիսնե­­­­րու անու­­­­նը շնոր­­­­հա­­­­­­­ւոր։