ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՍՐՍԿԱՊԱՆ

Համօն վաթսունհինգ տարեկան է. «քուրտ եզտի»։ Առոյգ մարդ է, բարձրահասակ, ալեհեր։ Կ՚ապրի Արագած լե­րան վրայ։ Իր չա­փահաս երեք զա­ւակ­նե­րը, -մէ­կը գաղ­թած Սա­մար­ղանտ, միւ­սը՝ Ալ­ֆորվիլ-, օգուտ չու­նին իրենց հօր։ Հա­մոյին միակ զբա­ղումն է, -բա­ցի տան կա­հոյ­քը մէկ-մէկ մօ­տակայ քա­ղաքի շու­կա­յին մէջ ծա­խելէ,- ամէն օր իր կնոջ գե­րեզ­մա­նը այ­ցե­լել ու անոր լու­սանկա­րին առ­ջեւ նստե­լով, պատ­մել օրո­ւան լու­րե­րը, կար­դալ տղա­ներէն եկած նա­մակ­նե­րը։ Այդ եր­թե­ւեկու­թիւննե­րու ըն­թացքին Հա­մօն կը ծա­նօթա­նայ Նի­նային. իրեն տա­րեկից այ­րի մը։ Նի­նան գոր­ծա­զուրկ է, նոյ­պէս՝ անոր դաշ­նա­կահար դուստրը։

Այս են­թա­հողի վրայ կ՚ըն­թա­նայ Հի­ներ Սա­լիմի «Ոտ­քա Լե­մոն» շար­ժանկա­րը, ուր մռայլ տե­սարան­նե­րով, իրա­պաշ­տօ­րէն նկա­րագ­րո­ւած է նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի ճգնա­ժամա­յին վի­ճակ­նե­րը, ծայ­րա­յեղ չքա­ւորու­թիւնը։ Պատ­մութիւ­նը, սա­կայն, կ՚ու­նե­նայ լա­ւատես վեր­ջա­ւորու­թիւն. կե­նակից մը ու­նե­նալու եւ ծե­րու­թեան եր­ջա­նիկ օրեր ապ­րե­լու պա­հան­ջը մը մօ­տեց­նէ Հա­մոյին եւ Նի­նային։ Խորհրդանշա­կան է այն տե­սարա­նը, ուր եր­կուքը նստած են մե­տաղեայ հին մահ­ճա­կալի մը վրայ, ան­խօս, ամօթ­խած, առանց իրա­րու նա­յուածք մը կա­րենալ տա­լու... Ապա, ձեռ­քե­րու հպում մը... եւ Հա­մօն, ծան­րօ­րէն կը քա­շէ ան­կո­ղինը սե­նեակէն բաժ­նող ճեր­մակ շղար­շը։ Դուրսը ցուրտ է եւ Արա­գածի վրայ ձիւն կը տե­ղայ...

«Սրսկա­պան» է այդ շղար­շը, որ Հա­մոյին եւ Նի­նային առանձնա­ցուց, անոնց տո­ւաւ եր­ջանկու­թեան մի­ջոց մը։ Սա­կայն, բա­ռին ստու­գա­բանու­թիւնը մե­զի կը յի­շեց­նէ, թէ ամէն եր­ջանկու­թիւն ար­ցունքէն կը ծնի։

Պարսկե­րէն փո­խառու­թիւն է «սրսկա­պան»ը, որուն բուն եւ առա­ջին իմաս­տը գտնե­լու հա­մար կը բա­նանք էջե­րը՝ աշ­խարհի առա­ջին պարսկե­րէն-հա­յերէն բա­ռարա­նին, Գէորգ Դպիր Պա­լատե­ցիի «Բա­ռարան Պարսկե­րէն Ըստ Կար­գի Հայ­կա­կան Այ­բուբե­նից»ին, որ լոյս տե­սած է 1826-ին, Պոլ­սոյ մէջ, ծո­վափ­նեայ Օր­թա­գիւղ ամի­րայա­կան եւ պատ­կա­ռելի թա­ղամա­սին մէջ, Պօ­ղոս Արա­պեանի տպա­րանէն ներս։

«Սրսկա­պան» բա­ռին ար­մատն է «սի­րիշք». կա­թիլ, իսկ յետ­նա­բար՝ շիթ կամ կաթ արձրե­ւի։ Նաեւ կա­թիլ ար­տա­սուաց։ Այս բա­ռէն սե­րած են «սի­րիշ­քեան» կամ «սի­րիշքվան» բա­ռերը. «քօղ հար­սին, զոր ար­կա­նեն զե­րեսօք հար­սին յայնմ գի­շերի, յո­րում դնե­լոց իրեն զնա յա­ռագաստ»։ «Սրսկա­պան»ը հա­մապա­տաս­խան է մեր «առա­գաստ»ին, ու փո­խաբե­րու­թեամբ կը նշա­նակէ հարսնա­րան, հարսնա­տուն, հար­սի եւ փե­սայի սե­նեակ, ներ­քին սե­նեակ, որ բաժ­նո­ւած է վա­րագոյ­րով, ան­կո­ղինի վրա­նաձեւ ծած­կոց, ան­կո­ղինը կղզիաց­նող վա­րագոյր։

Թէ ին­չո՞ւ այդպէս կո­չուած են հար­սե­րուն սե­նեակ­նե­րը, լե­զուա­բան Հրա­չեայ Աճա­ռեանը ու­նի հե­տեւեալ բա­նաս­տեղծա­կան բա­ցատ­րութիւ­նը. «Ար­դա­րեւ հար­սը իր հօր տնից բա­ժանո­ւած ժա­մանակ լաց է լի­նում եւ նրա երե­սը ծած­կող քօ­ղը իբր նրա ար­ցունքն է ծած­կում»։ Այս մաս­նա­ւոր նշա­նակու­թիւնը պարսկե­րէնի կամ հա­յերէ­նի մէջ յե­տոյ աւե­լի լայ­նա­բար առ­նո­ւելով՝ դար­ձել է «առա­գաս­տի վա­րագոյր»։ Արե­ւել­քի մէջ, «առա­գաս­տի գի­շեր»ուան սրսկա­պանը տար­բեր է սո­վորա­կան ննջա­սենեակէն. ան զար­դա­րուած կ՚ըլ­լայ քաղձրա­բոյր ծա­ղիկ­նե­րով, մո­մերով, մե­տաք­սեայ կար­միր եւ վառ նարնջա­գոյն բար­ձե­րով, ոս­կե­հիւս ծո­պերով եւ ժա­պաւէն­նե­րով…

Հա­կառակ իր ստու­գա­բանու­թեան, սրսկա­պանը, այն քօղն է, որ սի­րով հիւս­ւած է։ Ան աշ­խարհի ամե­նաբա­րակ, բայց դեռ ամե­նէն ան­թա­փան­ցե­լի սահ­մա­նագիծն է, որուն միւս կող­մը չեն կրնար անցնիլ տնտե­սական, ըն­կե­րային, քա­ղաքա­կան խնդիր­ներ։

«Ոտ­քա Լե­մոն»ի վեր­ջին տե­սարանն է. Հա­մօն ծա­խած է տան բո­լոր առար­կա­ները. հե­ռատե­սիլը, որ դի­տող չու­նէր, խորհրդա­յին շրջա­նի իր զի­նուո­րական հա­մազ­գեստը, որ այ­լեւս նեղ կու գար նոր աշ­խարհի իրա­կանու­թիւննե­րուն, նոյնիսկ հան­դերձա­դարա­նը, որուն մէջ այ­լեւս հա­գուստ չէր մնա­ցած… Շու­կա­յի մէջ են դար­ձեալ. կար­գը եկած է Նի­նայի դաշ­նա­կին։ Հա­մօն նախ կը նա­յի անոր գի­նը հարցնող մէկ յա­ճախոր­դին, ապա կը դի­տէ Նի­նային աչ­քե­րը։ Ու եր­կուքը կը սկսին քրքջալ, ար­հա­մար­հե­լով ճա­կատա­գիրը։ Կը հրա­ժարին վա­ճառե­լէ յի­շատակ­նե­րու վեր­ջին շի­թը։ Կը նստին այդ երա­նելի գոր­ծի­քին առ­ջեւ ու կը սկսին զո­ւարթ մե­ղեդի մը նո­ւագել… Ար­ցունքէն կը ծնի ամէն եր­ջանկու­թիւն եւ ան մէկ-եր­կու քա­ռակու­սի մեթր է։