ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Արձակագիր Ասլը Էրտողանի ձերբակալութիւնը Յուլիսի 15-էն ետք վարդագոյնով ներկուած ժողովրդավարութեան երկնակամարը պղտորելու պիտի չբաւէ անկասկած։ Պիտի ըլլան մարդիկ, որոնք ո՛չ թէ հետզհետէ կարծրացող օրինաչափութիւն, այլ բացառիկ դէպք մը պիտի նկատեն այս մէկն ալ, որ չի կրնար սեպ խրել սանկ մէկ ամիսէ ի վեր հաստատուած անքակտելի միասնութեան կառոյցին վրայ՝ փորձելով ճաթեցնել զայն։ Այլապէս, մինչեւ լոյս հրապարակներու վրայ ժողովրդավարութեան պահակ կանգնած քաղաքացիները պիտի փութային «Էօզկիւր Կիւնտեմ»ի խմբագրատունը կամ Պաքըրգիւղի կանանց բանտը, ուր կը պահուի Ասլը Էրտողան, եւ պիտի բարձրացնէին իրենց ձայնը՝ նեցուկ ըլլալով խղճի, խօսքի ու մամլոյ ազատութեան։ Եթէ անոնք լուռ են՝ ուրեմն մտահոգիչ վիճակ մը չկայ։
Հաւատա՞նք սակայն այս կացութեան։ Լռե՞նք հոգւով քաջ ու մարմնով փխրուն այս կինը բանտ առաջնորդող կարգադրութեան դիմաց։ Թէեւ շատ լաւ գիտենք, որ յուլիստասնհինգեան ժողովրդավարութիւնը բացակայէր իսկ՝ մեղմ քամիներ պիտի չզովացնէին երբեք յուլիսեօթնեան շինծու կերպով շիկացուած մթնոլորտը։ Արդեօք արտակարգ ժողովրդավարութեան փոթորի՞կն է որ կը խորտակէ Ասլը Էրտողանն ու «Էօզկիւր Կիւնտեմ»ը։ Ժողովրդավարութեան ձեր բնութագրումը խանգարողները Ասլըն ու «Էօզկիւր Կիւնտե՞մ»ն էին միթէ։ Մինչ ատելավառ թերթերու հայհուչներ արձակող գրչակները, իրենց մեռելները թաղող քուրդ սգաւորներուն դաւադրաբար յարձակող խուժանը, իրենց բերնէն աստուծոյ անունը անպակաս ընող ու մանուկներ բռնաբարող մարդակերպ գազանները, այլախոհները լինչի դատաստանին ենթարկողները լիուլի կը վայելեն ձեր ժողովրդավարութեան պտուղները, Ասլըին ու իր նման ոսկեբերաննե՞րը միթէ կը խանգարեն հանրութեան անդորրը։
Քիչ վերջ պիտի կարդաք Ասլը Էրտողանի մէկ յօդուածը, որ տպագրուած է «Էօզկիւր Կիւնտեմ»ի 21 Ապրիլ 2015-ի թիւին վրայ, «Բառերով անընդգրկելի լուսանկարներ» խորագրով։ Թարգմանողը ես եմ։
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին գրի առնուած յօդուածը ի յայտ կը բերէ ձերբակալեալ մտաւորականին հոգեվիճակը՝ Մեծ Եղեռնը դրուագող լուսանկարներուն դիմաց։ Յաւելեալ փաստ մը, թէ բնականոնացումին, խաղաղութեան կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ հանդարտօրէն խօսելով, մտածելով, գրելով։ Նաեւ՝ անոնք, որոնք իրենք զիրենք երկրին յառաջացումով մտահոգ կը համարին, չեն կրնար մէկ կողմ նետել Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ահա՛ այս մտայնութիւնը, մօտեցումն է որ ձերբակալուած ու բանտ դրուած է Ասլը Էրտողանով։ 100-ամեայ վաղեմութեամբ լուսանկարներուն դիմաց արտասուող, իրական պատկերներուն դիմաց պոռթկացող հոգին է որ դրուած է բանտ…
Բառերով անընդգրկելի լուսանկարներ
Բռնութիւնը միայն սպաննելով չէ որ կ՚ոչնչացնէ։ Երբեմն «ողջ կը պահէ», տեսակ մը rigor mortis-ի - դիակի կարծրացում- վիճակի մէջ բռնելով կը դատապարտէ աւելի երկար, անհատնում մահուան մը, կիսամեռ, կիսողջ փտացումի մը։ Զոհի չափ՝ ոճրագործն ալ, վկաները, վկայաբերումն այսպէս կամ այնպէս արգիլուածներն ալ… Կը լռեցնէ, կը դարձնէ անլսելի, կ՚ընէ անլեզու, անզգայ։ Կ՚անմարդացնէ… Ոճրագործն ալ, զոհն ալ, տեսնողը, տեսնելը մերժողն ալ… Անձերը կը ստիպէ ստանձնելու հարկադրեալ դերեր, կրկնելու բառերը, անոնց երեսին կը բռնէ հայելիներ՝ որոնց մէջ պիտի չկարենան ճանչնալ իրենք զիրենք, զանոնք կը նուազեցնէ այս կամ այն ոյժի բանբերութեան, երեւորդութեան։ Որքան անհատները, նոյնքան եւ հաւաքականութիւնները կ՚օտարացնէ իրենց անցեալին -ո՞վ կրնայ երկար ժամանակ առանց գլխապտոյտ ունենալու նայիլ արեան անդունդին-, որքան անցեալէն, նոյնքան եւ ապագայի մտապատկերէն կը փրցնէ։ Կը սնանի կիսամեռ վիճակի մէջ փտելու ձգուած երազներով, թողլքուած իտէալներով, կոխկրտուած սկզբունքներով։ Զոհը մոռցած ամէն մէկ վկայով, իր ոճրագործին նմանող ամէն մէկ զոհով, իր պարունակին, ամենախոր պարունակին դաւաճանող իւրաքանչիւրով եւ ամէն ինչով… Բռնութիւնը իր բուն աշխատանքը կ՚աւարտէ ծուատելով, մարդոց լրութիւնը բռնաբարելով։
Արիւնը անդունդ մըն է, որու յատակը ոչ ոք կը տեսնէ, ուր ոչ մէկս կրնայ իր դէմքին արտացոլանքը գտնել, գտնէ իսկ՝ չկրնար ճանչնալ… «Ռէէլ քաղաքականութեան» հարկադրած խաղաղութիւն մը որքա՞ն կրնայ հրադադարէն անդին անցնիլ, բարոյական կեցուածքը ամէն տեսակ քաղաքական շահէն վեր չդասող հասկացողութիւն մը, «ես»ը կեդրոն դնող եւ միւսը անգոյ նկատող, կամ զայն «ես»ին նմանցնելու աստիճան գոյ նկատող լեզուարկ մը որքանո՞վ կրնայ ապահովել խաղաղութիւնը, արդար ու մնայուն խաղաղութիւն մը որքանո՞վ կրնայ իրապէս փափաքիլ՝ ուզել լոյսի պէս, ջուրի պէս։
* * *
Լուսանկարներ… Բոկոտն մեռեալներ… Դուրսը, ցուրտին։ Ծառերու տակ, լքուած։ Կին, տղամարդ, մանուկ, անծածկ, անպատանք, անանուն… Հաւանաբար օրերէ ի վեր կը սպասեն, կարծես իրենց շիրիմները փնտռելու պէս՝ ծանրօրէն կ՚ընդելուզուին հողին… Մէկ այլ լուսանկարի մը մէջ, միաշարք, իրարու վրայ բարդուած՝ թաղուած են մեռեալները, կարելի չէ զանազանել անոնց տարիքը կամ սեռը… Մեռեալներ՝ լողացող Ծովքի լիճին մէջ, Խարբերդ… 1915, Լեսլի Տէյվիսի եւ Հարրի Էթքընսընի լուսանկարած նկարներէն մէկը («Պելկէ» հրատարակչատան արխիւ)․ ջուրի մակերեւոյթին, եզերքին մարդու մարմիններ, անդամներ… Մաշկը խորշոմած թեւ մը, կէս դէմք մը։ Մօրուքաւոր մարդ մը ոսպնեակին ցոյց կու տայ երիտասարդ, բարակ կնոջական սրունք մը, զոր բռնած է դաստակէն։ Գուլպան գրեթէ պատառոտած, ծնրակապը՝ տակաւին սրունքին վրայ… Երբեմնի երիտասարդ, հաւանաբար բաւական գեղեցիկ կնոջ մը յետմահու իսկ դոյզն ինչ յարգանքի չարժանացող մտերմութիւնը․ խոր ամօթ մը կը զգամ՝ այդ միակ, կիսամերկ, ծնրակապով սրունքը դիտած ըլլալուս պատճառով։ Բառերով անընդգրկելի լուսանկարներ, բառեր, ուր բոկոտն մեռեալներ հերթով կ՚երկարին, կը պաղին… 1915, խաւար մոռացումէ մը մեզ դիտող հայ մանուկներ։ Մաշկ ու ոսկոր միայն մնացած, ցնցոտիներու պլորուած, անօթի, թշուառ, մսած, վիրաւոր մանուկներ։ Կորսնցուցած իրենց մայրն ու հայրը, ընտանիքը, տունը, աշխարհը, ամէն ինչը։ Ոմանք խորին անյուսութեամբ մը, մանկական դէմքի վրայ առաւել եւս տակնուվրայ ընող անյուսութեամբ մը կը դիտեն, լալագին սակայն այլեւս առանց կարենալ լալու… Ոմանց աչքերը նուաճուած է վախով, սարսափով։ Շատերու ալ նայուածքը դատարկ է, կարծես տեսնելու ունակութենէ զրկուած իրենց աչքերը ուղղած են աշխարհի մը, որ այլեւս անգոյ է… Անոնցմէ մէկը, թերեւս տեսնելու կամ տեսնուելու ա՛լ չկարենալ տոկացող, հաւանաբար մեզ խնայելու համար այդ սարսափելի դատարկութենէն, դիակներու այդ վիրապէն, ուրկէ երբեք չենք կրնար ելլել իրապէս, երեսը դէպի անդին դարձուցած է։ 1915, Քաֆլէ, Տարագրութիւն, Թերթելէ… Գետեզրերուն, կիրճերուն, նեղուցներուն, կամուրջներուն վրայ, երբեմն ճամբայ ելլելու պահուն իսկ անհատնում յարձակումներ… Ոճիր, կտտանք, բռնաբարում, աւառ, եղեռն…
Պատմութիւնը միայն պատմաբաններուն չի պատկանիր, ո՚չ ալ քաղաքական գործիչներուն։ Բոլորէն աւելի՝ զոհերուն, մեռեալներուն եւ փրկեալներուն… Ապրիլ 24, 2015։ Ցաւով, ամօթով կը դիտենք «պատմութիւնը»՝ հարիւր տարի անց, տակաւին յուսալով, որ չենք յամեցած առերեսումի ու ներողութիւն հայցնելու համար…
ԱՍԼԸ ԷՐՏՈՂԱՆ