Բանախօսութիւն՝ թատրոնի երկու Յակոբներու մասին

Երբ պոլսահայ սանուց միութիւնները հետզհետէ անգոյ կը դառ­նան, մշա­կու­թա­յին նա­խաձեռ­նութիւննե­րով գո­յացած բա­ցը լրաց­նե­լու կու գան հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւննե­րը։ Այսպէս Սե­բատիոյ Հա­յոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւնը նա­խորդ Ուրբաթ երե­կոյ միու­թեան հա­ւաքա­տեղիի մէջ կազ­մա­կեր­պած բա­նախօ­սու­թիւնով վեր առաւ հայ թատ­րո­նի եր­կու վաս­տա­կաւոր Յա­կոբ­նե­րը։

Օրուան ատե­նախօս­ներն էին՝ դե­րասան եւ թա­տերա­կան պատ­մութեան ու­սումնա­սիրող Պո­ղոս Չալ­կը­ճըօղ­լու եւ հայ պատ­մութեան նուիրուած իր ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րով ծա­նօթ Նե­սիմ Օւա­տիա Իս­րա­յէլ։ Ան նա­խապէս ալ հե­ղինա­կած էր Գրի­գոր Զոհ­րա­պի ծա­ւալուն մե­նագ­րութիւն մը եւ 24 Ապ­րի­լի նա­հատակ մտա­ւորա­կան­նե­րուն վեր­ջին օրե­րը նկա­րագ­րող ու­սումնա­սիրու­թիւն մը։

Նե­սիմ Օւա­տիա Իս­րա­յէլ յատ­կա­պէս ծան­րա­ցաւ թա­տերա­գիր Յա­կոբ Պա­րոնեանի կեր­պա­րին վրայ։ Բազ­մա­թիւ տուեալ­նե­րով ներ­կա­յացուց անոր իբ­րեւ եր­գի­ծաբան եզա­կի յատ­կութիւ­նը Օս­մա­նեան կայսրու­թեան տա­րինե­րուն թա­տերա­կան աշ­խարհի մէջ։ Պա­րոնեան բա­ցի թատ­րերգու­թիւննե­րու հե­ղինակ ըլ­լա­լէ, մամ­լոյ գոր­ծիչ մը եղած է եւ իբ­րեւ խմբա­գիր շատ կա­րեւոր աւանդ մը թո­ղած է իր ետին։ Ափ­սոս որ այս մեծ վաս­տա­կը մին­չեւ վեր­ջին տա­րիներ ան­տե­սուած էր թրքա­կան թատ­րո­նի պատ­մութեան մէջ։ Բայց վեր­ջերս շնոր­հիւ իր գոր­ծե­րուն թարգմա­նու­թեան ու ապա բե­մադ­րութեան, Պա­րոնեանի անու­նը ծա­նօթ դար­ձաւ նաեւ այս շրջա­նակ­նե­րուն։ Քա­նի մը տա­րի առաջ Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետա­րանը հրա­տարա­կեց նաեւ անոր երկլե­զու պար­բե­րակա­նի՝ «թատ­րոն-թի­յաթ­րօ»ի կրկնա­տիպը։

Պո­ղոս Չալ­կը­ճըօղ­լու ալ իր կար­գին խօ­սեցաւ մի այլ թատ­րո­նի նուիրեալ գոր­ծի­չի՝ Յա­կոբ Վար­դո­վեանի մա­սին։ Ի տար­բե­րու­թիւն Պա­րոնեանէ, Վար­դո­վեանի անու­նը իբ­րեւ «Կիւլլի Յա­կոբ» ու ապա «Կիւլլիւ Եաքուպ Էֆէն­տի» միշտ ծա­նօթ եղաւ թատ­րո­նի հետ առնչուած հա­սարա­կու­թեան։ Ան հա­մարուեցաւ Թուրքիոյ ար­դի թատ­րո­նի հիմ­նա­դիրը։ Պո­ղոս Չալ­կը­ճըօղ­լու ու­շագրաւ մեկ­նա­բանու­թիւններ ներ­կա­յացուց այս վեր­ջի­նիս կրօ­նափոխ ըլ­լա­լուն տե­ղի տուած ըն­կա­լումնե­րուն։ Նաեւ պատ­մեց 2011-ին իր եւ գոր­ծընկեր­նե­րուն անձնա­կան ջան­քե­րով Յա­կոբ Վար­դո­վեանի կո­րած շի­րիմը յայտնա­բերե­լու գոր­ծին շա­հեկան ման­րա­մաս­նութիւննե­րը։

Սե­բատիոյ Հա­յոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան նման բնոյ­թի աշ­խա­տու­թիւննե­րուն իր շի­նիչ նպաս­տը կը բե­րէ միու­թեան ան­դամնե­րէն բժիշկ Պար­գեւ Պա­լըմեան, որու ատե­նախօս­նե­րը ներ­կա­յաց­նող ելոյ­թով սկսած էր մի­ջոցա­ռումը։